Ուրբաթ 1, Նոյեմբեր 2024
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՊՈՐԹՆԻԿՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնակցութեան ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիկով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արմէն Աբազեանի կողմէ դիմաւորուած է ան։ Աբազեան եւ Պորթնիքով Երեւանի մէջ կը վարեն բանակցութիւններ, որոնց կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ կամ այցելութեան ծրագրին մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ։
Հարկ է նշել, որ Արմէն Աբազեան կը պաշտօնավարէ 8 նոյեմբերէն ի վեր եւ իր նշանակումէն վերջ՝ ներկայ ամսուայ սկիզբին այցելած էր Մոսկուա։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2020