ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ՋԱՀԵՐՈՎ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԹ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ԴԷՊԻ ԵՌԱԲԼՈՒՐ, ՈՒՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի ներքին քաղաքական անելը կը մնայ առկայ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը այս ամբողջին մէջ առանցքային խնդիրն է։ Շաբաթներէ ի վեր կացութիւնը անփոփոխ է երկրէն ներս։ Ընդդիմութիւնը հետզհետէ աւելի յամառ ձեւով կը պահանջէ վարչապետի հրաժարականը եւ հետզհետէ կ՚ամրապնդուին իր շարքերը։ Իշխանութիւններն ալ խուսանաւելու եւ դիմադրելու համար ձեւեր կը գտնեն։ Ենթադրելի է, որ այս արհեստական վիճակը յառաջիկային վերջ պիտի գտնէ բեկումնային պահով մը, սակայն, իրադարձութիւններու հաւանական շարունակութեան տեսակէտէ աւելի յստակ կանխատեսումներ ընելը դժուար է այս պահու դրութեամբ։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր ճակատը երէկ Երեւանի մէջ կազմակերպեց հերթական «Արժանապատուութեան երթ»ը։ Հոծ բազմութիւն մը այս առթիւ Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն ուղղուեցաւ դէպի Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը։ Այս յիշատակի երթին մասնակցեցան նաեւ հոգեւոր հայրեր, որոնց մասնակցութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Եռաբլուրի մէջ։ Յիշատակի երթի մասնակիցները ճանապարհը հատեցին կրելով ջահեր, իսկ Նահատակաց պանթէոնի հոգեհանգստեան պաշտօնին զուգահեռ՝ այնտեղ թողեցին մոմեր։

Այսօր հրադադարի համաձայնութեան ստորագրման 40-րդ օրուան բերումով եռօրեայ սուգ հռչակուած է Հայաստանի մէջ։ Կառավարութիւնը յիշատակի երթ մը նախատեսած է Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի Եռաբլուր։ Հաւանական է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ մասնակցի այս երթին։ Վերջին օրերուն այս կապակցութեամբ հակասական տեղեկութիւններ հրապարակուեցան։ Կարգ մը աղբիւրներ նախընթաց օր պնդեցին, որ Նիկոլ Փաշինեան հօրը մահուան պատճառով պիտի չկարողանայ մասնակցիլ երթին։ Իսկ երէկ կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, որ վարչապետը կրնայ մասնակցիլ երթին։ Այս հակասական տեղեկութիւնները պայմանաւորուած են քիչ մըն ալ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պայքարով։ Արդարեւ, այս հանրահաւաքներու եւ բողոքի երթերու մասնակիցներու թիւի հիման վրայ կը կատարուին զանազան վերագրումներ։ Ընդդիմութեան աղբիւրները երէկուընէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնեն, որ կառավարական մարմինները պետական պաշտօնեաները կը ստիպեն մասնակցիլ այս օրուան երթին, որպէսզի իշխանութեան այս նախաձեռնութեան մասնակիցներու թիւն ալ երեւայ բարձր։ Իսկ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը այսօր Երեւանի մէջ նախատեսած է հանրահաւաք մը՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ։

Նիկոլ Փաշինեան նախատեսած է երկուշաբթի աշխատանքային այցելութիւն մը տալ Սիւնիքի մարզը, ուր հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ բախտորոշ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ սահմաններու վերաձեւաւորման տեսանկիւնէ։ Կարգ մը աղբիւրներ կը պնդեն, որ Նիկոլ Փաշինեան բողոքներով պիտի դիմաւորուի Սիւնիքի մէջ։ Յամենայնդէպս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի վերջին օրերուն Սիւնիք կատարած աշխատանքային այցելութիւնը անցած է բնականոն մթնոլորտի մը մէջ։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը 22 դեկտեմբեր երեքշաբթի յայտարարած է համահայաստանեան գործադուլ եւ դասադուլ, քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումներով հանդերձ։ Ընդդիմութիւնը կը նախատեսէ, որ այդ օր հաւաքուի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ եւ շրջափակէ կառավարութեան շէնքը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ, որ խորհրդարանի համանուն խմբակցութեան ղեկավարն է։ Քննարկուեցաւ երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020