«ՄԻՆՉԵՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՐԵՒԷ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՅ ԵՒ ԿԱՄ ԱՐԻՒՆ ՊԻՏԻ ԹԱՓՈՒԻ»
Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապը անհաւատալի հունի մը մէջ կ՚ընթանայ։ Արցախի պատերազմի ահաւոր ձախողման հետեւանքներու տակ կքած երկիրը կ՚որոնէ ելք մը, որու բնական եւ անխուսափելի նախապայմանը կը համարուի ներկայ կառավարութեան հրաժարիլը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթներէ ի վեր անտեսել կը ձեւացնէ իր հրաժարականի պահանջը ու կը փորձէ տագնապի յաղթահարման բնականոն ընթացքը շեղեցնել իր տրամաբանական հունէն։ Ի գին ամէն բանի իշխանութիւնը պահելու ուղղեալ մարտավարութեան մէջ ան վերջին օրերուն օրակարգի վրայ բերած է արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու խնդիրը։ Ճիշդ է, որ Հայաստանի մէջ արտահերթ ընտրութիւն մը պէտք է տեղի ունենայ, սակայն, եթէ այդ քայլը Փաշինեանի նախատեսած ձեւով առնուի, ապա առկայ տագնապը ո՛չ թէ կրնայ լուծման ճանապարհի մը վրայ դրուիլ, այլեւ՝ ընդհակառակն, կրնայ ա՛լ աւելի խորանալ։ Պատերազմի ձախողման քաղաքական հաշիւը պէտք է մաքրուի քաղաքական քայլով մը։ Այդ քայլը վարչապետի հրաժարականն է։ Առանց այդ հաշիւը քաղաքականապէս պատշաճ ձեւով մաքրելու, Փաշինեան չի կրնար ունենալ բարոյական իրաւունքը՝ իրադարձութիւններու շարունակութիւնը իր հայեացքով տնօրինելու։ Հայաստանի արդէն բեւեռացած առկայ պայմաններուն ներքեւ Նիկոլ Փաշինեանի արտայայտած վերջին մօտեցումները յղի են երկրէն ներս ծայրայեղութեան վտանգ ստեղծելու։ Այս մտահոգութիւնները հաստատուեցան նաեւ Վազգէն Մանուկեանի կողմէ, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման կողմէ վարչապետի միասնական թեկնածու առաջադրուած է։
«Մինչեւ Փաշինեան չերթայ, Հայաստանի մէջ որեւէ ընտրութիւն պիտի չըլլայ եւ կամ ընտրութիւնը երկրէն ներս ընդհարումներու պիտի վերածուի, ամէն քուէատուփի մօտ կռիւ պիտի ըլլայ, արիւն պիտի թափուի», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան եւ շեշտեց, որ իր կարծիքով՝ Նիկոլ Փաշինեան արտահերթ ընտրութիւններու պիտի չձեռնարկէ։ Վազգէն Մանուկեանի համոզմամբ, Փաշինեան դիտումնաւոր ձեւով կ՚ուզէ դաշտը դարձեալ բաժնել կուսակցութիւններու, կ՚ուզէ տեսնել, թէ ո՛վքեր համաձայն են եւ ովքեր համաձայն չեն։ «Բաժանման սովորական փորձն է՝ հին-նոր, սեւ-սպիտակ, վերնախաւ-ժողովուրդ, կուսակցութիւններ։ Հիմա արտահերթ ընտրութեան կողմնակիցներու եւ դէմ եղողներու բաժանում մը կը ստեղծուի։ Մենք յստակ ըսած ենք՝ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանի մէջ որեւէ ընտրութիւն չի կրնար տեղի ունենալ», նշեց Վազգէն Մանուկեան։
Արդարեւ, նախ եւ առաջ Փաշինեան պէտք է հեռանայ, պէտք է ձեւաւորուի կառավարութիւն մը, որ գոնէ որոշ ժամանակ մը ուշքի բերէ երկիրը, բարձրացնէ բանակի մարտունակութիւնը, սահմաններու վերաբերեալ երթայ եռակողմանի եւ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու։ «Որովհետեւ, խայտառակութիւն է այն ինչ, որ կը կատարուի։ Մենք կը շարունակենք տալ ու տալ։ Առանց որեւէ բանակցութեան, միջազգային իրաւունքի, կը տրուին սահմաններ։ Մինչեւ սա չվերջանայ, նոր կառավարութիւն չստեղծուի, ընտրութիւններու մասին խօսիլը անիմաստ է։ Ընտրութիւններու մասին խօսիլ կը նշանակէ դարձեալ տրոհել Հայաստանը։ Ընտրութիւն կը նշանակէ պայքար, կուսակցութիւնները պէտք է վերսկսին իրարու դէմ պայքարիլ։ Այս վիճակին մէջ իմաստ ունի՞ այդ գործընթացին մէջ մտնել։ Մինչեւ ուշքի չգանք, կարելի չէ նման բան մը ընել», շարունակեց Վազգէն Մանուկեան։
Իսկ եթէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն յայտարարուի, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Այս դիտարկման կապակցութեամբ Վազգէն Մանուկեան ըսաւ. «Չենք թողուր։ Մինչեւ արտահերթ ընտրութիւնները ինքը պէտք է երթայ։ Մինչեւ ինք չերթայ, Հայաստանի մէջ որեւէ ընտրութիւն պիտի չըլլայ կամ ընտրութիւնը պիտի վերածուի երկրէն ներս ընդհարումներու, կռիւ պիտի ըլլայ։ Ամէն քուէատուփի մօտ կռիւ պիտի ըլլայ, արիւն պիտի թափուի։ Սա՞ կ՚ուզէ»։ Ան յայտնեց նաեւ, որ ամբողջ ժողովուրդը պիտի հակազդէ այս բանին։ Իր խօսքով՝ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ փողոց դուրս կու գան, իսկ հարիւր հազարաւորներ ալ թէեւ դուրս չեն գար, բայց կողմնակից են Փաշինեանի հրաժարականին։ Ընդդիմադիր առաջնորդը նշեց, որ անհնազանդութեան շարժումները ամէն օր պիտի շարունակուին Երեւանի մէջ՝ մինչեւ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումը։ Որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեանի ըրածը աններելի է։ Ան հիմա ալ կը շարունակէ, ինչ որ կործանարար է հայ ժողովուրդին համար։
Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մօտ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ Մանուկեան մեկնաբանեց նաեւ Փաշինեանի դիտարկումը, ըստ որու քաղաքացիները փողոց դուրս չեն գար, հետեւաբար կողմնակից չեն իշխանափոխութեան։ «www.tert.am»ի հաղորդումներով, ի պատասխան Վազգէն Մանուկեան ըսաւ. «Ես կը խոստանամ, թէ փողոց դուրս կու գան, այս իշխանութիւնն ալ կը փոխեն, որպէսզի բնականոն ապրինք։ Մեր բոլորի երազանքները ինքը կործանեց։ Ես զինքը կը համարեմ թշնամի։ Ինք ո՛չ թէ դաւաճան է, այլեւ՝ մեր ժողովուրդի ու պետութեան թշնամին։ Ինք երբեք մեզի հետ չէ եղած, որ դաւաճանէր մեզի։ Միշտ եղած է օտար, թշնամի։ Իր օրով Հայաստան որեւէ զարգացում չի կրնար ապրիլ»։
ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան կազմակերպման հարցին շուրջ մեկնաբանութիւն մը լոյս տեսաւ նաեւ ռուսական հեղինակաւոր լրատուամիջոցներէն «Քոմերսանթ»ի մէջ։ Ըստ թերթին, Փաշինեան վստահ է, թէ Հայաստանի մէջ մեծամասնութիւնը տակաւին իրեն կ՚աջակցի՝ հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին գծով հայկական կողմի կրած ցաւալի պարտութեան։ Ուստի, ան կ՚ակնկալէ գործող քարոզչամեքենայով եւ վարչական հնարաւորութիւններով յաղթել ընտրութիւններուն եւ իշխանութեան գլուխ մնալ մինչեւ 2026 թուականը։ «Քոմերսանթ» երկու տարբեր մեկնաբանի կարծիքին տեղ տուած է հաղորդման մէջ։ Անոնցմէ մին յարաբերաբար լաւատես է Փաշինեանի ապագային կապակցութեամբ, իսկ միւսը աւելի յոռետես։ Այսպէս, ներկայիս Փաշինեան թէեւ ունի ժողովուրդի լիազօրութիւնը, բայց իր ժողովրդականութիւնը այնպիսի մակարդակի մը իջած է, որ ապագայ որեւէ ընտրութեան պարագային պիտի պարտուի։ Այնպէս, որ հիմա իրեն համար հիմնական խնդիրն է հնարաւորինս շատ ժամանակ շահիլը՝ մինչեւ արտահերթ ընտրութիւններու պաշտօնապէս յայտարարուիլը։