ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԽԱՂ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ այս շաբթուայ սկիզբին կազմակերպուած եռակողմանի գագաթաժողովին արձագանգները կը շարունակուին։ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, համապատասխան եռակողմանի համաձայնագիրը ստորագրած երեք ղեկավարները ռազմական գործողութիւններէն վերջ առաջին անգամ մէկտեղուեցան Քրեմլինի պալատին մէջ։ Մինչ այս հանդիպման բազմակողմանի արձագանգները կը շարունակուին, զանազան հարթութիւններու վրայ կը մատնանշուի, որ Անդրկովկասի պարագային փոփոխութիւններու հեռանկարներ ուրուագծուած են։ Ռուսական աղբիւրները այս փուլին հետամուտ են պատկերացնել, որ Փութին, Փաշինեան եւ Ալիեւ այս փուլին ի՞նչ համաձայնութիւններու հասած են։ Անոնք ընդհանուր առմամբ ռազմավարական խաղ մը կ՚որակեն Անդրկովկասի ներկայ իրադարձութիւնները, որոնց մէջ Թուրքիան ալ ունի իր դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը։ Ռուսական աղբիւրները Մոսկուայի վերջին գագաթաժողովի նախապատրաստական փուլերէն սկսեալ խոշորացոյցի տակ կը բերեն բոլոր հանգամանքները։ Այս ամբողջին մէջ դիտել կը տրուի, որ Իլհամ Ալիեւ ընդհանուր առմամբ կացութենէն գոհ է, իսկ Նիկոլ Փաշինեան սարսափած։ Այս համայնապատկերին վրայ, ըստ նոյն աղբիւրներուն, կը բիւրեղանան Անգարայի մտադրութիւնները։ Թուրքիոյ առընթեր Ռուսաստանի, Իրանի եւ տարածքաշրջանով հետաքրքրուած յառաջատար այլ դերակատարներու տեսակէտէ ներկայիս հորիզոնին վրայ երեւցած են փոփոխութիւններ։ Այդ հեռանկարները կ՚ենթադրեն նաեւ Հայաստանի համար նոր դեր մը՝ տարածքաշրջանէ ներս երկաթուղային բեռնափոխադրումներու համար՝ որպէս տարանցիկ երկիր։

Ռուս մեկնաբաններու կարծիքով, Հայաստանի տարածքով փոխադրութեան ուղիներու ապագայ շրջափակման ամբողջին մէջ կայ շատ հետաքրքրական կէտ մը։ Այսպէս, տակաւին 2014 թուականին Եւրոմիութիւնն ու Անգլիոյ «Conflict Pool» կազմակերպութիւնը գանձատրած էին Կարս-Կիւմրի-Նախիջեւան-Մեղրի-Պաքու երկաթուղային կապի հաւանական վերականգնման ուսումնասիրութիւնը։ Այդ ժամանակ որպէս հիմնական խնդիր կը մատնանշուէր Հարաւային Կովկասէ ներս պատերազմի հաւանականութիւնը։ Այդ նախագիծը կը մանրամասնէր Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տեսակէտէ տնտեսապէս ձեռնտու հանգամանքները։ Այդ ժամանակ սոյն նախագիծը մատուցուած էր՝ որպէս գործօն, որ կրնար նպաստել խաղաղութեան։ Ըստ այդ ժամանակուայ ուսումնասիրութիւններուն, սոյն երկաթուղային կապի վերակառուցման ծախսերը կրնան կազմել 430 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Վեց տարի առաջուայ կանխատեսումներով՝ այդ գումարը կրնար փոխհատուցուիլ շուրջ տասներկու տարուայ ընթացքին, ինչ որ լաւ ցուցանիշ մը կը նկատուի։ Այժմ, ըստ ռուսական աղբիւրներուն, Թուրքիա մտադրութիւն ունի վերստին թափ տալու այս ուսումնասիրութիւններուն եւ կրնայ սոյն նախագծին վերստին հետամուտ ըլլալ։

Նոյն համայնապատկերին վրայ, Ռուսաստանի տեսակէտէ փոխադրութեան բոլոր նախագծերու իրականացման աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալու կարելիութեան առընթեր՝ կայ նաեւ այլ դրական պահ մը։ Արդարեւ, այժմ պայմաններ կը ստեղծուին Վրաստանի մեկուսացման համար։ Նկատի ունենալով, որ Մոսկուա եւ Վրաստան երկար ժամանակէ ի վեր տարակարծութիւններու մէջ կը գտնուին, տարածքաշրջանի նոր կլիման այդ առանցքին շուրջ ալ նոր հաւասարակշռութիւններու ծնունդ կրնայ տալ։ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ երկաթուղային ցանցերու միացումը, փաստօրէն, կրնայ արժեզրկել Վերին Լարսի ճանապարհը։ Ապագային նաեւ կրնայ նուազիլ երթեւեկութիւնը Կարս-Ախալքալաք-Թիֆլիզ-Պաքու երկաթուղիի միջոցաւ։ Այս մէկուն կառուցումը կը գանձատրուէր Վրաստանի կողմէ՝ Ատրպէյճանէն տրամադրուած վարկի հաշւոյն։ Ըստ ռուս վերլուծաբաններուն, կարեւոր հանգամանք մըն է նաեւ, որ այս բոլորը տեղի կ՚ունենան՝ Վրաստանի ստուերային առաջնորդ Պիծինա Իվանիշվիլիի քաղաքականութենէ գործնականօրէն դուրս գալու որոշման ժամանակաշրջանին։ Արդարեւ, Իվանիշվիլի վերջերս որոշեց հեռանալ երկրէ ներս իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնէն։ Ռուս մեկնաբանները Իվանիշվիլիի որոշումը կը նկատեն ընդդիմութեան հետ բեմահարթակի ետեւը գոյացած համաձայնութիւններու արդիւնք։ Վրաստանի ընդդիմութիւնը անհամբերութեամբ կը սպասէր Միացեալ Նահանգներու մէջ Ճօ Պայտընի իշխանութեան գլուխ գալը եւ ամէն գնով կ՚արգելափակէր նորընտիր խորհրդարանի գործունէութիւնը։ Այսինքն, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կայունացումէն զատ, այժմու պայմանաւորուածութիւնները նաեւ ուժեղ կանխարգելիչ գործօններ կը համարուին՝ Վրաստանէ ներս իշխանութեան ձգտող արմատական ուժերու դէմ պայքարի մէջ։ Աւելի՛ն, երկաթուղային տարանցման զարգացման համատեսքին մէջ Վրաստանի տեսակէտէ լուրջ հիմք պիտի ստեղծուի՝ մտածելու համար Աբխազիոյ տարածքով ապրանքներու անցումը թոյլ տալու մասին։ Նոյն մեկնաբանները համոզուած են, որ Անգարա եւ Մոսկուա կը ձգտին կեանքի կոչել սիներժիք նախագիծեր, ուստի, այս տարբերակն ալ, անշուշտ, քննարկման առարկայ կրնայ դառնալ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Միւս կողմէ, Մոսկուայի գագաթաժողովէն վերջ, երէկ, Երեւանի մէջ, Նիկոլ Փաշինեանի մօտ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ Սիւնիքի մարզի սահմանային միջավայրի փոփոխութիւնով պայմանաւորուած իրավիճակը եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցառումները քննարկելու նպատակով։ «Բազմիցս առիթն ունեցած եմ ըսելու, որ Սիւնիքը կը համարեմ մեր պետութեան ողնաշարը։ Մենք պէտք է բոլոր միջոցները ձեռնարկենք Սիւնիքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը ապահովելու համար՝ ո՛չ միայն Սիւնիքի մէջ, այլեւ՝ ամբողջ Հանրապետութեան տարածքին, բայց Սիւնիքը այս առումով ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն», ըսաւ Փաշինեան խորհրդակցութեան ընթացքին։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2021