ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼ

Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ Երեւանէն քաղաքական հետապնդման վերաբերեալ ահազանգներ կը հասնին։ Այսպէս, ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի երեսփոխանական թեկնածուներէն յայտնի բժիշկ Արմէն Չարչեան ձերբակալուած է եւ դատական իշխանութիւնները որոշած են, որ ան բանտարկուի։ Փրոֆ. Չարչեան տնօրէնն է «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի, որ կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Համացանցի վրայ տարածում գտած է ձայնագրութիւն մը, որու հիման վրայ կը պնդուի, թէ Արմէն Չարչեան իրեն ենթակայ աշխատակիցներուն վրայ ճնշում բանեցուցած է քուէարկութեան ընդառաջ։ Հայաստանի յատուկ քնչական ծառայութիւնը այս հիման վրայ շարժման անցած է։ «Հայաստան» դաշինքը երէկ յայտարարեց, որ Արմէն Չարչեանի դէմ քաղաքական հետապնդում կը կատարուի եւ ան կը համարուի քաղաքական բանտարկեալ։

Օրեր առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ կոչ ուղղած էր, որպէսզի Արմէն Չարչեան ազատ արձակուի՝ շեշտելով, որ ան ունի անբիծ կենսագրութիւն մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021