ԲՈՂՈՔԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց հերթական յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ իրավիճակին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութիւնը։

*

Խոր մտահոգութեամբ տեղեկացանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Արմէն Չարչեանի կալանաւորման մասին։ Անուանի բժիշկին առաջադրուած մեղադրանքները մեծապէս տարակուսելի են եւ կալանաւորման որոշումը՝ խիստ անհամաչափ է։ Այս մասին բազմաթիւ հեղինակաւոր իրաւագէտներ կը փաստեն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ բժիշկի դէմ իրականացուած գործողութիւնները առերեւոյթ դժուար է բնութագրել այլ կերպ՝ քան հալածանք եւ անհիմն հետապնդում, ինչ որ միանշանակօրէն դատապարտելի է։

Պատկան կառոյցներուն կը յորդորենք անյապաղ ազատ արձակել փրոֆ. Արմէն Չարչեանը՝ նկատի ունենալով անոր առողջական ոչ-բարւոք վիճակը եւ խնամքի տակ գտնուող իր անչափահաս երեխային հանգամանքը։

Վաստակաշատ բժիշկ Արմէն Չարչեան ամենածանր եւ դժուարին իրավիճակներու մէջ փրկած է հազարաւոր կեանքեր եւ այսօր ալ, գլխաւորելով Մայր Աթոռի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնը, կը շարունակէ իր անմնացորդ ծառայութիւնը բերել մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ Այժմ, կալանքի ծայրայեղ միջոցի կիրառմամբ, վտանգուած է իր առողջութիւնը, ինչպէս նաեւ բացառուած է իր օժանդակութիւնը մարդոց կեանքի ու առողջութեան պաշտպանութեան հարցերուն մէջ։

Վստահ ենք, թէ քրէական գործով նախաքննութիւնը կարելի է իրականացնել առանց բժիշկ Արմէն Չարչեանը հասարակութենէն մեկուսացնելու։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021