ՄՕՏԱԿԱՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Վարդան Օսկանեան կանխատեսումներով հանդէս եկաւ այն քանի մը լուրջ մարտահրաւէրներուն շուրջ, որոնց հետ յառաջիկայ շրջանին պիտի առերեսուի երկիրը։ «www.civilnet.am» կայքէջին վրայ վերջին օրերուն հրապարակուեցաւ Վարդան Օսկանեանի յօդուածը, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանակցութիւններուն մէջ հայկական օրակարգի ձեւաւորման անհրաժեշտութեան։ Այսպէս, ըստ Վարդան Օսկանեանի Ատրպէյճան իր օրակարգը ձեռքին պատրաստ կը սպասէ Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական զարգացումներու յարմար պահուն, որպէսզի այդ մէկը դնէ սեղանի վրայ։ Այդ օրակարգը հնարաւորինս կարճ ժամկէտներու մէջ իրականացնելու համար Պաքու պիտի փորձէ օգտագործել հաւանական բոլոր լծակները՝ օգտուելով Հայաստանի պաշտպանական եւ բանակցային թուլացած դիրքերէն։ Նախկին նախարարը խորհրդածած է ըստ հետեւեալի.

«Առաջինը՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման հաւանական փաստաթուղթն է, որ պիտի առընչուի նաեւ անկլաւներու հարցին։ Երկրորդը՝ Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան ճանապարհի կամ միջանցքի հարցն է, որ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան (հրադադարի) դրոյթ է։ Երրորդը՝ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման հաւանական համաձայնագրի ստորագրման հարցն է։ Այս երեքն ալ շատ լուրջ մարտահրաւէրներ են Հայաստանի համար։ Անոնք անխուսափելիօրէն պիտի պարունակեն դրոյթներ, որոնք պիտի չբխին Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ, առհասարակ, շահերէն։ Աւելին, խաղաղութեան համաձայնագիրը կ՚ամրապնդէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կորուստը»։

Ըստ Վարդան Օսկանեանի, ակնյայտ է, որ Ատրպէյճան այդ փաստաթուղթը կը ստորագրէ միայն այն պարագային, եթէ Հայաստան ճանչնայ իր տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղը ներառեալ։ Լաւագոյն պարագային այստեղ կրնայ մտցուիլ դրոյթ մը, որով Ղարաբաղի այսօր մնացած մասին մէջ հայերուն մշակութային ինքնորոշման տարբերակ մը տրամադրուի։ Այս փաստաթուղթը ի հարկէ վերոյիշեալ երեքի ամենավտանգաւորն է եւ առաջին երկուքի իրականացումը ինչ-որ պահէ սկսեալ պիտի առընչուի նաեւ անոր՝ նախապայմաններու ձեւով։ Այլ խօսքով՝ Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմաններու բացումը եւ հաղորդակցութիւններու գործարկումը պիտի կապուի նաեւ այս փաստաթուղթի ստորագրման հետ։ Եթէ նախապէս Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կ՚ըսէին, որ Ղարաբաղի յարակից թէկուզ քանի մը տարածքներու վերադարձի պարագային պատրաստ են բանալ հաղորդակցութիւնները, ապա մօտաւոր ապագային այս երրորդ փաստաթուղթի ստորագրումը պիտի ըլլայ հաղորդակցութիւններու բացման նախապայմանը։ Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ հայկական կողմը պատրաստ է ներգրաւուիլ այս գործընթացներուն։ Սա ակնյայտ  դարձաւ ընտրարշաւի ընթացքին իշխող կուսակցութեան հնչեցուցած յայտարարութիւններէն եւ մօտեցումներէն։

Վարդան Օսկանեանի դիտարկումով՝ այս պահուն Հայաստան կարծես չունի իր սեփական օրակարգը։ Առանց նման օրակարգի՝ վերոյիշեալ գործընթացներուն ներգրաւուիլը միանշանակ պատճառ կը դառնայ անցանկալի հետեւանքներու եւ դիւանագիտական, տարածքային ու անվտանգային նորանոր բարդութիւններու ու կորուստներու։ Այս բոլորին Հայաստանը պէտք է հակադրէ իր ուրոյն օրակարգը, որու նուազագոյն դրոյթները հետեւեալները կրնան ըլլալ Վարդան Օսկանեանի կարծիքով.

1- Ատրպէյճանի մէջ գտնուող բոլոր հայ գերիներու անյապաղ եւ անվերապահ վերադարձ՝ ներառեալ անոնք, որոնց պարագային այժմ դատական գործընթացներ կան։

2- Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս գտնուող Ատրպէյճանի բոլոր ուժերու ետ քաշուիլը ելակէտային դիրքեր։ 

3- Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի սահմաններու՝ որպէս քաղաքական միաւոր գոյութեան ընդունուիլը, ինչ որ 1994-ի հրադադարի ստորագրումէն յետոյ որպէս այդպիսին եղած է միջազգային հանրութեան կողմէ ներկայացուած կարգաւորման բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ (Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ հակամարտութեան հետեւանքներու վերացման փաստաթուղթ՝ 1993-1997 (Քազմիրովի փաստաթուղթ), Ծրարային առաջարկ՝ 1997 թուական, Փուլային առաջարկ՝ 1997 թուական, Ընդհանուր պետութիւն՝ 1998 թուական, Քի Ուեստ՝ 2001 թուական, Մատրիտեան փաստաթուղթ՝ 2004-2008 թուականներ, յետագային՝ Քազանեան եւ Լաւրովեան փաստաթուղթեր)։

4- Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս բանակցութիւններու վերսկսում Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի լուծման համար։

Այս բոլորէն վերջ Վարդան Օսկանեան շեշտած է, որ դիւանագիտութեան մէջ հարցերու ճիշդ, հիմնաւոր եւ ընկալելի ձեւակերպումը հիմնական գրաւականն է բանակցութիւններու մէջ յաջողութեան հասնելու համար։ «Ծայրայեղ եւ չհիմնաւորուած դիրքորոշումները կրնան յարուցել նոյնիսկ ամենամօտիկ դաշնակցի տարակուսանքը, հակառակորդի միանշանակ հակադրումը եւ միջնորդներու պարսաւանքը։ Սա անխուսափելիօրէն պատճառ կրնայ դառնալ այդ մօտեցումներու վարկաբեկման եւ բանակցութիւններու ձախողման։ Բացառուած չէ, որ նման դիրքորոշումներու պարագային հակառակորդը գայթակղութիւն ունենայ վերսկսելու ռազմական գործողութիւններու։ Այս բանի օրինակները միջազգային դիւանագիտութեան մէջ բազմաթիւ են։ Մենք սա տեսանք ու մեր մորթին վրայ զգացինք ոչ-վաղ անցեալին», ըսած է ան։

Վարդան Օսկանեան ընդգծած է, որ առաջարկուած հայկական օրակարգին վրայ չկայ որեւէ հարց, որ կրնայ յարուցել դիւանագիտական եւ ռազմական նման հակազդեցութիւն։ «Եթէ հարցը չես դներ, դուն կ՚ընդունիս քու կորուստը։ Ես չեմ ընդունիր տարածուած այն տեսակէտը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի մեր կորսնցուցած տարածքներու նկատմամբ մեր պահանջատիրութեան հարցի բարձրացումը պատճառ կը դառնայ ռազմական գործողութիւններու։ Այո, մենք պարտուած ենք պատերազմի մէջ, տեսած ենք պատերազմի դաժանագոյն հետեւանքները, ամէն ինչ պէտք է ընել անկէ խուսափելու համար, բայց պատերազմի վախը պէտք չէ մեզ ստրկացնէ կամ ամուլ դարձնէ։ Այն պահուն, երբ մեր հակառակորդը համոզուի այդ բանին մէջ, մեզմէ իր իսկ պահանջատիրութիւնը պիտի ստանայ նոր դրսեւորումներ», նշած է Վարդան Օսկանեան։

Հուսկ, նախկին նախարարը հայկական օրակարգի վերոյիշեալ ձեւաւորումը, կէտ առ կէտ քաղաքական, իրաւական եւ պատմական հիմնաւորումներն ու անոնց դիւանագիտական արդիւնաւէտ հետապնդման միջոցներու մշակումը եւ վերջապէս անոնց համարձակ առաջադրումը հայոց պետութեան այսօրուայ գլխաւոր հրամայականը կը համարէ։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021