ԱԼԻԵՒ. «ՇՈՒՇԻԻ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ԵՒՐՈԱՍԻՈՅ ՀԱՄԱՐ»

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ ներկայիս իր երկիրը արմատապէս փոխած է աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական իրողութիւնը Հարաւային Կովկասէ ներս։ Ըստ իրեն, Պաքու ներկայիս կը հետեւի ռազմավարական ուղղուածութեան մը, որու նպատակն է համագործակցութեան, խաղաղութեան, նաեւ տարածքաշրջանային ու համագործակցութեան ծաւալով անվտանգութեան կայուն համակարգի մը ստեղծումը։

Ալիեւ անդրադարձաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ ստորագրած Շուշիի հռչակագրին։ Ըստ իրեն, Շուշիի հռչակագիրը աշխարհաքաղաքական նոր իրողութեան ամենամեծ յաղթանակն է։ «Եղբայրական Թուրքիան այս գործընթացին մէջ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է Ատրպէյճանին։ Պատերազմի մէջ մեր յաղթանակը ատրպէյճանա-թրքական եղբայրութեան եւ անսասան միասնականութեան ձեռքբերումն է», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Շուշիի հռչակագիրը պատմական փաստաթուղթ մըն է, որով պաշտօնապէս հաստատուած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ եղբայրական, բարեկամական, գործընկերային յարաբերութիւններու դաշնակցային կարգավիճակը։

«Անվտանգութեան եւ խաղաղութեան բարձր երաշխիք հանդիսացող այս փաստաթուղթը ռազմավարական նշանակութիւն ունի Եւրոասիոյ համար, ներառեալ Հարաւային Կովկասը», յայտնեց Իլհամ Ալիեւ։

Ուրբաթ, Յուլիս 9, 2021