ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑՈՒՄ՝ ԷՓԻՔԹԵԹՈՍ

Հին յոյն փիլիսոփաներէն Էփիքթեթոս, որ իր փիլիսոփայութեան մէջ կ՚ընդգրկէ գործնական իմաստութիւնը, ստոյիկ փիլիսոփաներէն է, որ ապրած է Յ.Ք. 50-130 թուականներուն։ Էփիքթեթոս կը փնտռէ «Ո՞րն է լաւ կեանքը» հարցման պատասխանը։ Էփիքթեթոս, որ Հռոմի Ներոն կայսրի թիկնապահներէն մէկուն ստրուկն էր, կարողացաւ վերատիրանալ իր ազատութեան եւ իր տեղը գրաւեց պատմութեան մէջ՝ որպէս ամենայայտնի ու եզակի մտածողներէն մին։ 

Էփիքթեթոս հիմնած է դպրոց մը իր աշակերտին՝ Արրիանի հետ, որ իր զրոյցները հաւաքած է ութ գիրքի մէջ, որոնք կը կոչուին «Խօսոյթներ» եւ «Ուղեցոյց»։ Վերջինը կը պարունակէ Էփիքթեթոսի առօրեայ կեանքի մասին տեղեկութիւններ։ Այս աշխատութիւններու մէջ ուսումնասիրուած են տառապանքէ դէպի ազատութիւն տանող ճանապարհներու սկզբունքները։

Իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ Էփիքթեթոս շեշտը դրած է, թէ իւրաքանչիւր մարդ ունի առաքինի ըլլալու կարողութիւն, Աստուած բոլորին շնորհած է երջանիկ ըլլալու հնարաւորութիւն եւ, միեւնոյն ժամանակ, բոլոր մարդիկ ունին իրենց բնաւորութիւնը զարգացնելու հմտութիւն, որ առիթ կու տայ վերահսկել իրենք զիրենք։ Աւելին՝ Էփիքթեթոս կը պնդէ, որ մարդոց մեծամասնութեան համար հնարաւոր է վարել առաքինի կեանք՝ կապուած այն բանէ, թէ անոնք ինչպէս կը մեկնաբանեն իրենց շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, դէպքերը։ Սա ցոյց կու տայ, որ մարդոց կարելի է սորվեցնել առաքինութիւնը, ճիշդը եւ սխալը։ Ուստի, Էփիքթեթոս կը կարծէ, որ մտքի ուսուցման միջոց մըն է փիլիսոփայութիւնը, որ կը նպաստէ անմեղութեան, հասկնալիութեան եւ երջանկութեան։

Այս տեսանկիւնէն կրնանք ըսել, որ փիլիսոփայութիւնը կարեւոր է, քանի որ մեզի կը սորվեցնէ «լաւ»ն ու «վատ»ը։ Բոլորս գիտենք, թէ ինչ կը նշանակեն «լաւ»ն ու «վատ»ը, բայց կարելի չափով չենք մտածեր որեւէ նիւթի շուրջ որոշում կայացնելու ժամանակ եւ մինչեւ որոշենք, արդէն ուշ կ՚ըլլայ ամէն ինչի համար։ Այդ պատճառով մենք երբեմն կը շփոթենք եւ կը բացթողենք այն պահը, երբ մենք բարոյական ընտրութիւն պէտք է կատարենք։ Հետեւաբար, էապէս կարեւոր է տրամաբանութեան եւ բանականութեան արժէքը։

Էփիքթեթոս կը պնդէ նաեւ, որ կրթութիւնը «պարտադիր» է բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին վարել առաքինի կեանք։ Այս ուսուցումը բաղկացած է երկու մասէ. առաջինը՝ սորվիլ, թէ ինչպէ՞ս յարմարեցնել մեր բնածին հաւատքները, համոզումները որոշ իրավիճակներուն, իսկ միւսը՝ սորվիլ զանազանել այն ինչ, որ կրնանք վերահսկել։

Եթէ մենք ունինք զանազանելու առաքինի յատկութիւն, կրնանք ազատ ըլլալ, քանի որ այս պարագային մեր բարեկեցութեան վրայ այլեւս չեն ազդեր արտաքին իրադարձութիւնները։ 

Կան բազմաթիւ իրադարձութիւններ, որոնք մենք չենք կրնար վերահսկել։ Օրինակ՝ մենք չենք կրնար վերահսկել ուրիշներու մտածումները մեր մասին, կամ անոնք ինչպէս եւ երբ կը հիւանդանան։ Մեր կամքէն կախեալ չէ մեր սիրած մարդոց ողջ կամ առողջ ըլլալը։ Այն ինչ, որ մենք չենք կրնար վերահսկել՝ ուրիշներու վարքագիծն է, յատկապէս անոնց տրամադրութիւններն ու զգացումները։ 

Մենք կրնանք դէմ յանդիման մնալ բազմաթիւ իրավիճակներու, որոնց ընթացքին կրնանք անզօր, անկարող զգալ։ Ուստի, մարդ պէտք չէ բան մը չափազանց փափաքի կամ վախնայ որեւէ բանէ։ Որովհետեւ նման իրավիճակներուն անհատը իր «իշխանութիւնը» կը յանձնէ մէկ այլ ուժի, որ չի կրնար վերահսկել։ Մենք տեղի ունեցած բոլոր իրադարձութիւնները պէտք չէ վերագրենք Աստուծոյ կամ ճակատագրին, քանի որ, ըստ էութեան, տիեզերքը հաշուի չ՚առներ մեր վախերը, մեր յաղթանակները կամ մեր երազանքները։ Սա կը նշանակէ, որ կրնանք վերահսկել միայն այն, թէ մենք ինչպէս կ՚ընկալենք արտաքին իրադարձութիւնները. այսինքն՝ մեր միտքը։ 

Էփիքթեթոս կը կարծէ, թէ մեր երջանկութիւնը կախուած է այն բանէ, որ ինչպէս մենք կ՚ընկալենք իրադարձութիւնները։ Հաշուի առնելով, որ մեր երջանկութիւնը կ՚որոշուի այսպէս, մենք պէտք է շատ աւելի զգոյշ ըլլանք մեր ընկալումներու պարագային։ 

Մենք կրնանք որոշել զայրանալ տիեզերքի կամ անարդարութեան։ Բայց եթէ տրամաբանօրէն մտածենք, բարկութիւնը մեզի օգուտ մը չ՚ապահովեր։ Թէ ի՞նչ պէտք է ընել։ Պատասխանը իրապէս շատ պարզ է. մենք պէտք է սուզուինք մեր հոգիի խորքը։ Շատ կարեւոր է ինքնըստինքեան հասկնալ, թէ ինչ բան կրնանք վերահսկել եւ ողջամիտ պատճառներ գտնել՝ հանգստացնելու համար մեր միտքը։ Էփիքթեթոս կը պնդէ, որ մենք պէտք է կատարենք այնպիսի «մենախօսութիւններ», որոնցմով կը տեսնենք փաստերը, իրողութիւնները։ Այսպէսով ինքնարտացոլումը եւ ինքնաքննադատութիւնը կը սկսին նպաստել բնաւորութեան զարգացման։ Մեր ընկալումները վերահսկելու ուրիշ միջոց է բացասական մարդոցմէ եւ իրավիճակներէ խուսափիլը, որովհետեւ անոնք կրնան վնասել մեր մտքի գործընթացը եւ ստուերել մեր կայունութիւնն ու դատողութեան կարողութիւնը։ 

Ըստ Էփիքթեթոսի, մարդու պարտականութիւնները սեփական անձի նկատմամբ նոյնպէս շատ կարեւոր են։ 

Էփիքթեթոսի համաձայն, մարդու պատասխանատուութիւնը սեփական պարտականութիւններու նկատմամբ նոյնպէս շատ կարեւոր է։ Այս պարտականութիւններէն առաջնայինն է մարմնի մաքրութիւնը։ Ան այս վիճակը կը մեկնաբանէ սապէս. «Երբ խօսքը կը վերաբերի ինծի, կը նախընտրեմ, որ փիլիսոփայութեամբ հետաքրքրուող երիտասարդ մը նախ ժամանակ յատկացնէ իրեն, եւ աւելի վերջ ընդունի թուլացած կեանք»։ Էփիքթեթոսի՝ մաքրութենէ բացի հիացած այլ յատկութիւններն են ժուժկալութիւն, խոնարհութիւն եւ ազնուութիւն։ 

Հուսկ, կ՚ուզեմ կեդրոնանալ աշխարհաքաղաքացիութեան (cosmopolitanism) վրայ։ Հանճար մըն էր Էփիքթեթոս, որ «տրամաբանութիւն»ը առաջնակարգ կը դասէր, կը հաւատար մարդկային սիրոյ եւ բոլոր մարդոց հաւասարութեան։ Այս հաւատքը աշխարհը աւելի լաւ վայր մը դարձնելու համար ամենալաւ ուսմունքներէն մին է։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 9, 2021