ԷԼԻՆԱ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

2021 թուականի Եւրոպայի ճատրակի առաջնութիւնը պատմական յաջողութեան մը թատերաբեմը հանդիսացաւ հայկական մարզական աշխարհին տեսակէտէ։ Այսպէս, նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ իգական սեռէ ճատրակի վարպետ մը հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ճատրակի կանանց հաւաքականի առաջատարը՝ կրոսմայսթըր Էլինա Դանիէլեան դարձաւ 2021 թուականի Եւրոպայի ճատրակի ախոյեանը։ Մրցաշարքի եզրափակիչ փուլին ան պարտութեան մատնեց Մայի Նարվան, որ կը ներկայացնէր Էսթոնիան։ Այս յաջողութիւնով Էլինա Դանիէլեան նուաճեց նաեւ ճատրակի կանանց աշխարհի առաջնութեան մասնակցելու իրաւունքը։

Հայաստանի Ճատրակի դաշնակցութիւնը այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ նշուեցաւ, թէ սոյն յաղթանակը նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ նմանատիպ յաջողութիւն մը կը համարուի թէ՛ կանանց եւ թէ տղամարդկանց շրջանակին մէջ։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021