ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՊԷ՞ՏՔ Է ԵՐՋԱՆԻԿ ԸԼԼԱՆՔ

Մինչ քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով առօրեայ կեանքը գրեթէ ամբողջութեամբ փոխուած է, ամէնուր յառաջացած են հարիւրաւոր առաջարկներ, ինչպէս` «երջանիկ եղիր տունը սա ընելով…» կարգախօսներով:  Անոնցմէ իւրաքանչիւրը երջանկութիւն կը խոստանայ տարբեր ձեւերով եւ բազմաթիւ մարդիկ ստիպուած զգացին երջանիկ ըլլալ այս մեթոտներով, տան մէջ:  Այնուամենայնիւ, «երջանկութեան ձգտումը» ոմանց համար հարցեր յառաջացուց:

Անվիճելի իրողութիւն է, թէ երջանկութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի մարդկային կեանքի մէջ։ Այնքան որ գովազդները, որոնց կ՚ենթարկուինք օրուայ մը ընթացքին, երջանկութիւն կը «խոստանան»։ Ամսագրերու մէջ կան սիրոյ, ամուսնութեան, կամ երջանիկ ըլլալու գաղտնիքներու ցանկեր։ Փիլիսոփայ եւ «երջանկութեան հետազօտող» Վիլհելմ Շմիտի կողմէ գրի առնուած «Ապերջանիկ ըլլալ. Խրախուսանք» հատորը կը պատմէ  երջանկութիւնը պարտականութիւն դարձուցած մարդոց մասին։ Շմիտ իր գիրքին մէջ կը նշէ, թէ այժմ մարդիկ կրնան իրենց զբաղումները նուիրել իրենց անձնական երջանկութեան՝ առողջապահական, բնապահպանական սպառնալիքներու, պարտքերու եւ տնտեսական ճգնաժամերու պայմաններուն ներքեւ։ Ըստ Շմիտի, ներկայ դարաշրջանին անհատները կը ստիպուին հաւատալ, թէ իրենք պէտք է անընդհատ երջանիկ ըլլան եւ եթէ տխուր ըլլան, կը կարծեն, թէ կեանքը ապրելու չ՚արժեր։

Բացի այդ, հակառակ, որ երջանկութիւնը տարբեր աշխարհագրութիւններու մէջ տարբեր նշանակութիւն ունի, հեղինակը կը պնդէ, որ «երջանիկ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը», տխուր մարդիկը կը մղէ զգալ աւելի դժբախտ ու խնդրայարոյց եւ անոնք արտաքին աշխարհի ազդեցութիւններէն խուսափելու համար կը «պատսպարուին» երջանկութեամբ։

Հեղինակը գիրքի մէկ հատուածին կը սկսի «Արդեօք երջանկութիւնը միշտ կ՚երջանկացնէ՞» հարցումով եւ կը նշէ, թէ երբ մարդ ինքզինք կը համոզէ, որ պէտք է երջանիկ ըլլայ, հակառակ բեւեռի ներուժը այնքան կը հզօրանայ։ Որովհետեւ մշտական հաճոյքներու մէջ երջանկութիւն փնտռելը տխուր ըլլալու դուռ կը բանայ։ Օրինակ, եթէ անհատը կը կեդրոնանայ յաջողութեան վրայ, ան հեշտութեամբ ապերջանիկ կը դառնայ ձախողման ամենափոքր պարագային։ Շատեր կը փափաքին երջանկութիւն գտնել սիրոյ մէջ։ Այնուամենայնիւ, Շմիտ կը պնդէ, որ ընկերային պարտաւորութեան կատարումը՝ սէրը կը կուրացնէ զգացումները եւ անհատները ապերջանկութեան կը մղէ։ Այս պատճառով սէրը կը կատարէ որոշ ապերջանկութիւններու «մատակարարի» դերը։ Եթէ երջանկութիւնը չափազանց շեշտուի, անհատը կը դառնայ տխուր, ինչ որ նման է ո՛չ թէ բաւարարուածութեան, այլ՝ ձանձրոյթի։ Այս փուլին կենսական նշանակութիւն ունեցող կէտերէն մին այն է, որ երջանկութիւնն ալ կրնայ «սպառել» մարդիկը։ Երբ անհատը երջանիկ ըլլալու համար ունի ամէն ինչ (աշխատանք, բնակարան, ինքնաշարժ, ընտանիք), «իսկ հիմա՞» հարցումը կը սկսի «կրծել» մարդոց միտքը։ Աւելին՝ բարեկեցութիւնը իր հետ կը բերէ զայն կորսնցնելու վախը։ Երբեմն այս գործընթացին, յարաբերութիւններու մէջ վստահութիւնը եւ հին արժէքներու տրուած նշանակութիւնը կը նուազի։

Գիրքին մէջ նշուած մէկ այլ կէտ մելամաղձութիւն է։ Ընկճուածութիւնը, ի տարբերութիւն մելամաղձութեան, կ՚որոշուի զգացումներու սառեցմամբ, իրադարձութիւններու արձագանգելու անկարողութեամբ եւ այլն։ Ներկայ դարաշրջանին անհատերու զգացած «իմաստի կորուստը» զանոնք կը տանի դէպի հոգնածութիւն, այլ խօսքով՝ մելամաղձոտութեան եւ աւելի վատ ընկճուածութեան։ Այն անձը, որ չի կրնար յաղթահարել աշխարհի եւ իր կեանքի հակասութիւնները, կրնայ նոյնիսկ ինքնասպանութեան մտադրութիւն ունենալ։ Այնուամենայնիւ, մելամաղձութիւնը պարզապէս այն ապերջանկութիւնը չէ, որ մարդ կը զգայ երազանքներու իրականացման անհնարինութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, կը նշանակէ զերծ մնալ աշխարհի վրայ երազանքներու իրականացման յոյսէն։ Սա հասկնալը կ՚օգնէ ազատուիլ շատ մը բանը կարճ ժամանակի մէջ իրականացնելու ջանքերէն եւ այսպէսով մելամաղձութիւնը ազատութեան նոր դուռ կը բանայ մարդոց առջեւ։

Ըստ հեղինակի, մարդիկ պէտք է սորվին ապրիլ ապերջանկութեամբ։ Հակառակ կեանքի բոլոր անիմաստ կողմերուն, ան պէտք է կարողանայ իմաստաւորել զայն եւ իր գոյութեան նպատակը վերածել կեանքի իմաստի որոնման։ Իմաստը կը զարգանայ փորձառութիւններով. հինգ զգայարաններու՝ տեսողութիւն, հոտառութիւն, լսողութիւն, համ եւ մաշկ։ Օրինակ կարգ մը հոտեր կրնան մարդը ուրախացնել, իսկ կարգ մը հոտեր կրնան տխրութիւն պատճառել։ Ժամանակակից մարդու պարտականութիւնն է մտածել այն նպատակներու եւ խնդիրներու մասին, որոնք յարմար են ապրելու արուեստին։ Անհատը պէտք է բաց ըլլայ աշխատելու կենսոլորտային (ecological), համաշխարհային հասարակութեան համար։ Այս փուլին, մելամաղձոտներու ուժը այն է, որ իրենց զգայնութեամբ կը զգան իմաստը եւ անոր բացակայութիւնը։ Քանի որ զգայնութիւնը դեռ մարդկային յատկութիւն է, որ փրկութիւն կը բերէ։ Տխուր մարդիկ շատ աւելի արագ կը գիտակցին վտանգը, սխալը, անարդարութիւնը, քան՝ երջանիկները։ Ուրիշներու կեանքը բարելաւելու գաղափարը այս փուլին «կ՚աշխուժացնէ» մելամաղձոտները։ Այս իրավիճակը կրնայ ձեզ երջանկացնել, եթէ տխուր ըլլալը ընդունիք՝ որպէս մարդ ըլլալու «հնարաւորութիւն»։

Հեղինակը կը պահէ իր չէզոքութիւնը եւ կը պնդէ, որ անհրաժեշտ է բոլոր զգացումները հաւասարակշռուած ապրիլ՝ երջանկութիւնը կամ տխրութիւնը գեղեցկացնելու փոխարէն, ի տարբերութիւն շատ մը գիրքերու։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021