ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

Հայաստանի Ազգային գրադարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին միջեւ նախընթաց օր ստորագրուեցաւ յուշագիր մը։ Փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան ուղղեալ այս յուշագրի նպատակն է հայ գիրքի ու մամուլի սպասարկման եւ համագործակցութեան լայն շրջանակի մը ապահովումը։ Կը նախատեսուի նաեւ համատեղ ցուցադրութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպումը, հայ մամուլի թուային պատճէններու փոխանակումը, մասնագէտներու փոխադարձ այցելութիւններ, թուայնացման եւ համացանցային համատեղ ծրագիրներու իրականացում, «Հասկ» պաշտօնաթերթի թուայնացուած տարբերակի տրամադրումն ու հասանելիութեան ապահովումը, «Հայ գիրք» եւ «Հայկական շարունակական հրատարակութիւններ» շտեմարանի ձեւաւորման աշխատանքներուն մասնակցութիւնը։

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան նշեց, որ իր ղեկավարած կառոյցին եւ «Կիլիկիա» մատենադարանին միջեւ համագործակցութիւնը սկսած է շատ առաջ, իսկ այժմ յուշագրի ստորագրման նպատակը եղած է՝ այդ համագործակցութեան տալ պաշտօնական բնոյթ մը, նոր եռանդ եւ հայ գիրքի ու մամուլի մատենագիտական տեղեկատուութեան համալրումին ու նորովի հարստացման աշխատանքներու ծաւալումին համար։

«Կիլիկիա»ի մատենադարանապետ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանն ալ ընդգծեց, որ հայկական մշակութային կարեւորագոյն կեդրոններէն ու գրապալատներէն մին է Հայաստանի Ազգային գրադարանը, որու հետ պաշտօնական գործակցութեան յուշագրի կնքումը կարեւոր նպաստ մը կրնայ ապահովել հայ գիրքի երկարակեացութեան ու տարածման նպատակին։

Յուշագրի ստորագրումով Հայաստանի Ազգային գրադարանն ու Կիլիկեան Աթոռի մատենադարանը յանձնառու եղան ընդարձակելու համագործակցութիւնը եւ բարձրացնելու համատեղ ծրագրերու որակը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021