ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՏՆՕՐԷՆԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՄԷՋ ՀԵՐԹԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի պաշտօնին մէջ տեղի կ՚ունենայ հերթի փոփոխութիւն։ Այսպէս, Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեանին կը յաջորդէ Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեան։

Որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի բանբեր՝ Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան բեղուն գործունէութիւն ծաւալած էր երկու տասնամեակէ ի վեր։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի վստահելիներու շարքին էր ան։ Ընկերային ցանցերու վրայ Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան գրառում մը կատարելով տեղեկացուց, որ շուրջ 20-ամեայ ծառայութենէ մը վերջ կը դադրեցնէ իր այդ ծառայութիւնը։ Ան նշած է, որ այլ հանգամանքով մը պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը Սուրբ Էջմիածնի համար։ Այս փուլին տէր հայրը որդիաբար երախտագիտութիւն յայտնած է Վեհափառ Հայրապետին՝ այս տարիներու ընթացքին իր անձին նկատմամբ ցուցաբերած վստահութեան, աշխատանքի մէջ՝ համբերութեան եւ հետեւողականութեան համար։ Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան դիտել տուած է, որ իր գործունէութեան երկարաձիգ ճանապարհը անցած է՝ փորձելով Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, մերօրեայ ծառայութիւնը, խնդիրներն ու ցաւերը ըմբռնելի դարձնել հասարակութեան, նաեւ հայ եկեղեցականն ալ աւելի հասանելի։ Հուսկ, ան բարի ծառայութիւն մաղթած է իր հոգեւոր եղբօր՝ Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեանին, որ նշանակուած է տնօրէն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներն ալ այս առաւօտ պաշտօնապէս հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն նշանակուած է Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեան, որ մինչ այդ Արարատեան Հայրապետական թեմէն ներս կը պաշտօնավարէր։

Միւս կողմէ, Նորին Սրբութեան տնօրինութիւններու շրջանակին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Տաճատ Վրդ. Ծատուրեան նշանակուած է Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի վարիչ եւ հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2021