ԱՐԴԱՐԱՑՄԱՆ ՀՆԱՐՔՆԵՐ

«Քաղաքացիական պայմանագիր»ական պատգամաւորներէն մին, որ կեներալի կոչում ունի, ի պատասխան կին լրագրողի մը՝ կորսնցուած տարածքներու մասին հարցումներուն, ձեռքերը պարզեր է անոր ուղղութեամբ ու բացագանչեր. «Երթայիք, պահէիք, չտայիք այդ տարածքները»։ Ի՞նչ խօսք, իշխանութիւնը որդեգրած է պարտութեան համար արդարանալու բաւական ինքնուրոյն մեթոտներ։ Բայց, միւս կողմէ, ընդունինք, որ այն քարոզչական թեզը, թէ իբր ամբողջ խնդիրը այն է, որ մարդիկ պէտք է երթային ու պահէին իրենց հողը, բայց սա չըրին, «կ՚ուտուի» հասարակութեան մեծ մասին կողմէ։ Խնդիրը այն է, որ այդ մեծամասնութեան մէջ տակաւին կայ այն համոզումը, թէ «խաղաղ պայմաններու մէջ» կարելի է ոչինչ ընել, բայց որ պատերազմը կը սկսի, պէտք է կամաւորական ջոկատներ կազմել եւ երթալ կռուիլ, ու որքան բազմամարդ ըլլան այդ ջոկատները, այնքան մեծ է յաղթելու հնարաւորութիւնը։ 21-րդ դարուն այդպիսի պատերազմ չի կրնար ըլլալ։ Ի դէպ, յաջորդ պատերազմը կ՚ըլլայ ոչ միայն անօդաչու թռչող սարքերու, այլ, կ՚ենթադրեմ, արհեստական բանականութեան լայն կիրառմամբ։ Ընդհանրապէս, բոլոր ժամանակներու համար կարելի է ըսել, որ պատերազմը կը վարեն ոչ միայն բանակները (կանոնաւոր ու ցանկալի է՝ արհեստավարժ), այլեւ, նոյնիսկ առաջին հերթին, պետութիւնները՝ իրենց տնտեսութեամբ, արտաքին քաղաքականութեամբ, գիտութեամբ, կրթութեամբ եւ մշակոյթով։ Հայրենասիրութիւնը, պարկեշտութիւնը, արհեստավարժութիւնը պէտք է դրսեւորուին թէ՛ ռազմի դաշտին վրայ եւ թէ նշուած բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Իսկ ամենէն առաջ իշխանութիւնը պէտք է դրսեւորէ կառավարման, հասարակութիւնը համախմբելու իր ընդունակութիւնը։ Հետեւաբար, պատերազմի դրական կամ բացասական ելքին համար պատասխանատու է պետութեան առաջին դէմքը։ Եթէ ոչ միայն 680 հազար, այլ 3 միլիոն կամ նոյնիսկ՝ 10 միլիոն հայ մտածէ, որ ան այստեղ որեւէ կապ չունի, ես, միեւնոյնն է, իմ կարծիքին կը մնամ։ Ֆիտայական պատմութիւնները, այո, ոգեւորիչ են, բայց որպէս 21-րդ դարու պետութեան ու բանակի ռազմավարութիւն՝ անընդունելի։

Վերջերս վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ յաղթելու համար պարտադիր չէ եւ գուցէ պէտք ալ չէ յաղթել ուրիշներուն, յաղթել կը նշանակէ յաղթել յուսահատութեան, յաղթել մահուան։ Զուտ տեսականօրէն սա որոշ պարագաներու մէջ կրնայ եւ ճիշդ ըլլալ։ Բայց, եթէ խօսքը անցեալ տարուայ պատերազմի մասին է, ապա դժուար է համաձայնիլ, որ մենք պարտուած են յուսահատութեան կամ մահուան։ Մենք պարտուած ենք թուրք-ատրպէյճանական բանակին, մեր պետութիւնը, մեր դիւանագիտութիւնը, մեր բանակը աւելի թոյլ գտնուեցան, քան այդ երկու պետութիւններունը՝ իրենց հնարաւորութիւններով։ Աւելի լաւ է իրերը իրենց անունով կոչել, քան իյնալ հոգեբանական նրբութիւններու մէջ։ Անոնք առանձնապէս չեն սփոփեր։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021