ԽԻԶԱԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄ

Վենետիկի մէջ շաբաթավերջին պաշտօնապէս յանձնուեցաւ 2021 թուականի «Աւրորա» մրցանակը։ Սա տարեկան այս մրցանակի 6-րդն էր։ Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ, Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքի համալիրէն ներս՝ իսկապէս շատ խորհրդանշական վայր մը համահայկական ժառանգութեան տեսակէտէ։

«Աւրորա»ի այս տարուան դափնեկիրը դարձաւ Քոնկոյէն մարդու իրաւանց պաշտպան Ճուլիէն Լուսենկէ, որ տարիներ շարունակ աջակցած է՝ պատերազմի ժամանակ սեռական բռնութեան ենթարկուածներու։ Ճուլիէն Լուսենկէ «Կանանց համերաշխութիւն յանուն ներառական խաղաղութեան եւ զարգացման» կազմակերպութեան (SOFEPADI) եւ «Քոնկոցի կանանց հիմնադրամ»ի (FFC) համահիմնադիրն  է։

 Լոնտոնի Արքունի քոլէճի Կլոպալ առողջապահական նորարարութիւններու կաճառի տնօրէն լորտ Արա Տարզի, որ «Աւրորա»ի դատակազմը կը գլխաւորէր, այս առթիւ նշեց. «Ճուլիէն Լուսենկէի բացառիկ ձեռքբերումները կը յիշեցնեն, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մէկ մարդը նոյնիսկ անյաղթահարելի թուացող ճնշման եւ ռիսքերու հանդիպելու ժամանակ։ Ճանաչման արժանացաւ իր խիզախութիւնը, նուիրումն ու անձնազոհութիւնը։ Մենք լիայոյս ենք, որ ան կրնայ նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ոգեշնչել՝ մտածելու մասին, թէ ի՛նչ կրնանք ընել անոնց համար, որոնց իրաւունքները կը խախտուին եւ որոնք մեր աջակցութեան եւ համերաշխութեան խիստ կարիքն ունին»։

Մրցանակաբաշխման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան առաջատար դէմքերը՝ Նուպար Աֆէեան եւ Ռուբէն Վարդանեան եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական կառավարիչ եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Բաց աստի, Վենետիկի միջազգային համալսարանի դահլիճին մէջ նոյնպէս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նաեւ «Աւրորա»ի հերոսներու հետ հանդիպումը՝ «Aurora Dialogues» քննարկումներու շրջանակին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Սան Սերվոլօ կղզիին վրայ խարսխուած դահլիճի երդիքին տակ հինգ ատենախօսներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։ Անոնց շարքին էր այս տարուան դափնեկիրը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021