ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԵՏՔԵՐ

Արդի արուեստի հետամուտները այս օրերուն ուշադրութեամբ կը հետեւին «Contemporary Istanbul 2021» մեծ ցուցահանդէսին, որ այս տարի 16-րդ անգամ կազմակերպուած է։ «Tersane İstanbul»ի համալիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ հայազգի արուեստագէտներ։

Մեր համայնքի արդի արուեստի վարպետներէն Սայաթ Ուշագլըկիլի գործերը ներկայացուած են «Արթոփոլ» գեղարուեստասրահէն ներս։ Նոյն վայրին կը ցուցադրուին նաեւ իր կողակցին՝ Զէյնեփ Աքկիւնի գործերը։

«Galeri 77»ի տաղաւարէն ներս ալ 21 արուեստագէտի գործերը ներկայացուած են, ընդ որում 15-ը հայ։ Այդ 21 արուեստագէտներն են՝ Դաւիթ Մարտիրոսեան, Գարէն Օհանեան, Ռոման Պապախանեան, Ռաֆայէլ Մեկալլ, Գուրգէն Պապայեան, Ժան Ժանսեմ, Արմէն Գէորգեան, Վահրամ Տալթեան, Տարօն Մուրատեան, Արմէն Ռոչ, Արմէն Վահանեան, Արմէն Յակոբ, Գրիգոր Սահակօղլու, Հալիլ Սէրճան Թունալը, Մեհմէտ Ռեսուլ Քաչար, Սետաթ Պիլկին, Մեսուտ Քարաքուշ, Պերքայ Պուղտան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021