ՎԿԱՅԵԱԼ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ մէկտեղուեցաւ խումբ մը կրթական մշակներու հետ։ Նորին Սրբութիւնը հիւրընկալեց Կաթողիկոսարանի «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնի 16 վկայեալները, որոնց մեծամասնութիւնը կը դասաւանդէ լիբանանահայ վարժարաններէ ներս։ Յիշեալ կեդրոնի ճամբով անոնք ստացած են պետական վկայականներ, ինչ որ իրենց հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ համալսարանական աւելի բարձր ուսման շարունակելու՝ Լիբանանէ ներս կամ դուրս։
Հանդիպման ընթացքին կեդրոնի պատասխանատուն՝ Սիլվա Ներսիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կիլիկեան Աթոռի գահակալին կողմէ կեդրոնին նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։ Իր կարգին, Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ գոհունակութիւն յայտնեց, որ մանկավարժական կեդրոնը նուիրումով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։