ՔԱԼԸՆ-ՍԱԼԸՎԸՆ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճեք Սալըվընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան երկկողմանի քաղաքական ու տնտեսական կապերը, պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, նաեւ կարծիքներ փոխանակուեցան համաշխարհային ու տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ։

Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, Քալըն եւ Սալըվըն շօշափեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը մշտական դարձնելու ուղղեալ հարցեր։ Անոնք կանգ առին նաեւ Աֆղանիստանի քաղաքական կացութեան եւ մարդասիրական օժանդակութիւններուն վրայ։ Զրուցակիցները խօսեցան Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ահաբեկչութենէ մաքրագործման, Լիպիոյ քաղաքական գործընթացին եւ ապագայ ընտրութիւններուն շուրջ։ Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին Ուքրայնայի արեւելքի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ Քալըն եւ Սալըվըն ծաւալուն արժեւորում մը ունեցան Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Լեհաստանի սահմանի լարուածութեան, ինչպէս նաեւ Միջերկրականի արեւելքի հարցերուն առընչութեամբ։

Ծանօթ է, որ նախագահ Էրտողան եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն անցեալ ամիս Հռոմի մէջ, Մեծն քսանեակի գագաթաժողովի ծիրէն ներս ունեցած էին հանդիպում մը, որու ընթացքին համամիտ գտնուած էին համատեղ ռազմավարական դրութեան մը ստեղծուելուն շուրջ։ Քալըն եւ Սալըվըն երէկ անդրադարձան նաեւ այդ դրութեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021