ՄԱՆՈՒԿԸ ԵՒ ՏՕՆԸ

Համաքրիստոնէական ընտանիքը համակուած է Սուրբ Ծնունդի բարձր տրամադրութեամբ։ Տօն է, մեծ տօն՝ իր խորհուրդով եւ առթած ապրումներով։

Իւրաքանչիւր տօնի խորհուրդէն անբաժան է մանուկը... Փոքր տարիքի տօնական ապրումները ուղղակիօրէն գործօնի կը վերածուին՝ մարդու կերտուածքի, նկարագրի ձեւաւորման ճանապարհին։

Հօր գուրգուրանքը իսկական օրհնութիւն է ամէն մանուկի համար. պահեր, որոնք զգացական պոռթկումներ կը դրդեն անոր անծայրածիր ներաշխարհին մէջ։ Նուէրը՝ նուէրէ մը շատ աւելին կը դառնայ, բազմապատկուելով սիրոյ ներգործութեան անբացատրելի կարողութիւններով։ Մանկական թռիչքներու հիմնական հերոսը ո՞վ կրնայ ըլլալ՝ եթէ ոչ հայրը...

Տօնը մանուկին համար է, անոր անմեղ երեւակայութեան ծալքերը բացայայտելու եւ անոր ներաշխարհին վրայ սիրոյ լոյսը սփռելու համար։ Մանուկին նկատմամբ հօր սէրն ու գուրգուրանքը՝ ապագայ անհատի ինքնավստահութեան, առաքինութեան նախադրեալն է։ Այնպիսի ամուր սիրոյ կամուրջներ կը ձգուին, որ կ՚երաշխաւորուի անհատի կեանքի հոլովոյթի անխուսափելի վերափոխումներու առողջ ընթացքը։

Ժառանգուածը աւանդելու յաւիտենական փոխանցումին մէջ տօնը ազդակ մըն է անգնահատելի։

Սուրբ Ծնունդի տօնին այդ խաչմերուկին վրայ է մանուկ Յիսուսը, որու մսուրին խորհրդանշածը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար սեփական մանուկին ամենազօր հովանին է կեանքի մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2021