ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐԸ
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ համախմբուեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Դպրոցի համալիրէն ներս զանազան սերունդներէ ընթացաւարտներ մէկտեղուեցան բարձր տրամադրութիւնով։ Ձեռնարկը եզակի էր այն իմաստով, որ մէկ կողմէ կը մեծարուէին 25-ամեայ եւ 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները, իսկ միւս կողմէ բոլորին համար արտասովոր ուրախութեան շարժառիթ էր երիտասարդ ընթացաւարտներուն ձեռնարկած շարժումը՝ նոր սանուց միութիւն մը հիմնելու առաջադրութեամբ։
Թոփգաբուի ընտանիքին վարչայինները, վարժարանի պատասխանատուները եւ բազմաթիւ հիւրեր զիրար վայելեցին երէկուան ձեռնարկին ընթացքին եւ հետեւեցան օրուան յայտագրին, որ գործադրուեցաւ Մելիսա Թաշճեանի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթ մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Յոբելեար շրջանաւարտներուն առընթեր մեծարուեցան նաեւ վարժարանի անցեալի երախտաշատ ուսուցիչները եւ տնօրէնները։ Ուսուցչական կազմին անունով արտայայտուեցաւ Էլմաս Պոզ, իսկ աշակերտութեան անունով՝ Մելիսա Թաշճեան։ Նատին Վանլըօղլու Թաշն ալ բացատրութիւններ տուաւ նոր սանուց միութեան հիմնադրութեան աշխատանքներուն շուրջ։
Աւելի վերջ Ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ բոլոր ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ։