ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԻՒՆ…

Աշխարհի վրայ կենսունակութեան հիմնական ցուցիչը շարժն է։ Եթէ երկրագունդը ինքնին նոյնաժամանակ երկու շրջանի մէջ է իր իսկ առանցքին եւ արեւուն շուրջ, ապա մարդը ինչպէ՞ս կրնայ անշարժ մնալ անոր վրայ։ Տեղափոխութիւնը վաղուց եղած է հաւաքական կեանքի մղիչ ուժը՝ շատ յաճախ դառնալով մեծ գործօն մը, որ պայմանաւորած է քաղաքակրթութեան սլացքը։ Շարժը նաեւ կը ձեւէ անհատը՝ նորութիւններու եւ զանազանութիւններու յորձանուտին մէջ։ Հրապո՞յր, զարմա՞նք... Մարդ արարածը թէ՛ ինք կը տեղափոխուի եւ թէ կը տեղափոխէ այն ամէն ինչը, որ առաւել կամ նուազ չափով պիտանի է ինքզինքին կամ ուրիշներուն համար։ Շրջանառութիւնը թափ կու տայ կեանքին եւ սա ո՛չ միայն ֆիզիքական իմաստով, անշուշտ։ Մարդուն միտքը կ՚անցնի հորիզոնէ հորիզոն, մինչ հեռաւորութիւնները կը կտրուին փոխադրամիջոցներով կամ ճանապարհները կը հատուին կամուրջներով։ Շրջանէ շրջան, վիճակէ վիճակ, դիրքէ դիրք անցքեր կան կեանքի մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, կեանքի ընթացքը կամրջելը վարպետութիւն կ՚ենթադրէ։ Արժէքներ, հնարաւորութիւններ, միջոցներ, շահեր, զգացումներ կը կամրջուին ու կը վերածուին ցանցի մը։ Սա այնքան խիտ կ՚ըլլայ, որ ետին թողածդ կրնաս մոռնալ՝ կարծելով, թէ այլեւս անցած-գացած փուլ մը դարձած է, յարատեւ շրջանառութեան պայմաններով։

Յամենայնդէպս, ինչպէս կ՚ըսէ Անաթոլ Ֆրանս, կամուրջները պէտք չէ այրել անցնելէ վերջ, օր մը կրնայ վերադարձի ստիպողութիւն մը յառաջանալ։ Չէ՞ որ, ժողովրդական իմաստութիւնով շատ ջուրեր կը հոսին կամուրջներու տակէն։ Միթէ կարելի՞ է զերծ մնալ հոսքէն։ Բոլորին համար ու բոլոր առումներով...

Շաբաթ, Մարտ 5, 2022