«ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՇՒՈՅՆ Չ՚ԸԼԼԱՐ»

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը չի կրնար տեղի ունենալ Արցախի հաշւոյն։

Ըստ Դաւիթ Պապայեանի, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջին օրերուն գոյացած համաձայնութիւնները կարեւոր կը համարուին աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէն, որովհետեւ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման տեսակէտէ կարեւոր են։ «Որքան ամուր ըլլան հայ-ռուսական եղբայրական յարաբերութիւնները՝ այնքան յուսալի կ՚ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի ապագան, այնքան աւելի ամուր կ՚ըլլան Ռուսաստանի դիրքերը», ըսաւ ան։

Անդրադառնալով Արցախի կարգավիճակի հարցին՝ Դաւիթ Պապայեան յիշեցուց, որ Ռուսաստան միւս երկիրներուն բաղդատմամբ շատ աւելի առընչութիւն ունեցած է այս խնդրին հետ եւ ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը չէ լուծուած։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կապուած են ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման հետ, սակայն, անոնք առանձին գործընթացներ են։ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը չի կրնար տեղի ունենալ Արցախի հաշւոյն։ Ատրպէյճանի կազմէն ներս Արցախի ճանաչումը աղէտի պատճառ կը դառնայ ո՛չ միայն Արցախի, այլեւ՝ ամբողջ հայոց պետականութեան համար։ Ոչ ոք թող մտածէ, որ առանց Արցախի Հայաստան ապագայ ունի։ Նման բան չ՚ըլլար։ Իրադարձութիւններու նման զարգացման պարագային Հայաստանին միայն մէկ ապագայ կը սպասէ՝ կործանում», նշեց Պապայեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022