Ուրբաթ 27, Յունիս 2025
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, թէ նախարարները կարծիքներ փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով գոյացած համաձայնութիւններու կատարման շուրջ։ Կողմերը համաձայնութեան հասած են սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի կառուցուածքին շուրջ։ Համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի յառաջիկային այդ յանձնաժողովի հանդիպումը տեղի ունենայ։ Միեւնոյն ժամանակ, նախարարները քննարկեցին մարդասիրական խնդիրներու լուծման, խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման վերաբերեալ հարցեր։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022