ԵՀԽ-Ի ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) կեդրոնական յանձնախումբը վերջին օրերուն Ժընեւի էքիւմենիք կեդրոնէն ներս գումարեց ժողով մը։ 2018 թուականէն ի վեր, այսինքն համավարակով բնորոշուած ժամանակաշրջանէն վերջ առաջին անգամ ժողովականներու ուղղակի մասնակցութեամբ նիստ մը տեղի ունեցաւ։ Օրակարգի վրայ կը գտնուէր ԵՀԽ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հարցը։ Այդ պաշտօնին կոչուեցաւ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութենէն՝ Փրեթորիայի համալսարանի Աստուածաբանութեան ու կրօնագիտութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ վերապատուելի տքթ. Ճերի Փիլէյ։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, ԵՀԽ-ի կեդրոնական յանձնախումբի հանդիպման մասնակցեցան Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան եւ Տիանա Ծաղիկեան, որոնք այդ յանձնախումբին կ՚անդամակցին։

Ժողովի ընթացքին ունեցած զեկուցման ժամանակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան միջեկեղեցական այս հեղինակաւոր հարթութեան վրայ հերթական անգամ բարձրաձայնեց Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքով հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022