ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Մատրիտ, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սպանիոյ խորհրդարանի նախագահ Մերիչել Պաթեթի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մատրիտի շփումներուն ժամանակ Արարատ Միրզոյեան կ՚անդրադառնայ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ Երեւանի ջանքերուն։ Ան կանգ կ՚առնէ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն վրայ։ Միրզոյեան զրուցակիցներուն կը ներկայացնէ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Նախարարը արծարծած է նաեւ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հրատապ նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։  

Չորեքշաբթի, Յուլիս 6, 2022