Շաբաթ 17, Մայիս 2025
ԼԻԷԺԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑԱՌԻԿ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԱՊՐԵՑԱՒ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, որ արտասահմանի մէջ կը կատարելագործէ բարձրագոյն ուսումը, երէկ, Վարդավառի առթիւ պատարագեց Պելժիոյ Լիէժ քաղաքին մէջ, ուր տեղւոյն ծուխը յանձնուած է անոր հոգեւոր խնամքին։ Տաղաւարի Ս. Պատարագի ժամանակ հայր սուրբը խօսեցաւ քարոզ մը, նաեւ Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց հաւատացեալներուն։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան պատանի հաւատացեալներուն յանձնեց նուէրներ։ Իր մտայղացումով եւ ծխական խորհուրդի ջանքերով փոքրիկներուն բաժին հասած այս նուէրները դարձան շատ յատկանշական՝ տաղաւարի մթնոլորտի ըմբոշխման առումով։
Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022