ՄԵՌԵԼԻՆ ԴԵՂ ՏՈՒԷՔ

Կը կարծէ՞ք պատահականութեան արդիւնք է, որ հայերէն լեզուի մէջ «ապերախտ» բառը ունի աւելի քան տասնեակ մը հոմանիշներ, որոնք առանձին առանձին մե՛զ կը նկարագրեն՝ ամենէն յստակ ու ճշգրիտ ձեւով: Դժուար թէ աշխարհի վրայ գտնուի ազգ մը, որ իր բառամթերքին մէջ ապերախտութեան ինչութիւնը բացատրելու կարողութիւն ունենայ՝ ինչքան մենք, որուն նախահայրը նոյնիսկ կրնանք նկատուիլ եւ երբեք ալ զարմանալի չ՚ըլլար, եթէ օր մը ուսումնասիրութիւն մը փաստէ, թէ Յուդա իր մէջ ունեցած էր հայութիւն մը՝ իր երախտուրաց յատկանիշով պայմանաւորուած:

Մեր ազգովի երախտուրաց ընթացքը սակայն ունի իր հակառակ կողմը եւս. մենք ունինք յատկութիւն մը. սպաննելէ ե՛տք միայն կը մեղքանանք եւ անկենդան զոհին կը փորձենք դեղ հայթայթել, ինչին ծնունդն է հաւանաբար յարալէզներու ցնդաբանութիւնը, որովհետեւ մենք ունինք սէրը սպաննելու՝ ապուշ ու անմիտ յոյսերովը մեռելներուն վերակենդանացումը տեսնելու:

Յարալէզներու առասպելը փաստելու ցանկութիւնը մենք ազգովին կեանքի կոչած ենք գրեթէ բոլոր մեր արժէքներուն վրայ եւ ապա առարկայի մը կոտրուիլը ծնողքէն պահող մանուկի մը վախկոտ ու անարի ընթացքով բան մը չեղածի պէս փորձած ենք հեռանալ. յարալէզներու հոգի՛ն ողջ:

***

Եկէ՛ք օրինակով փաստենք յարալէզներու առասպելը. 26 մայիս 1897 թուականին հայ մեծ երաժիշտ Կոմիտաս Վարդապետ Կ. Կոստանեանին գրած իր նամակին մէջ կը յիշատակէ հայութեանս համար ամօթալի հետեւեալ տողերը.- «...ես չափազանց նեղւում եմ ապրուստի կողմից. յաճախ տկարանում եմ. սնունդս ոչինչ է. մաշուել ու կմախք եմ դարձել, կարծեմ վերջս այդպիսով կորուստ կը լինի»: Նոյն նամակին միջոցաւ տեղեակ կը դառնանք, որ մեծ Վարդապետը ունի պարտքեր. իր իսկ բառերով «շատ անգամ սնունդս եմ կտրում, որ ուսմանս փող հասցնեմ». ահաւասիկ մեր ազգին կենդանի Կոմիտասին տուած անարժէք «արժէք»ը եւ արդէն մահէն ետք տեսէ՜ք հրաշքը յարալէզներուն. «Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց», «Կոմիտասի տուն-թանգարան», «Կոմիտասի անուան մշակութային պալատ», «Կոմիտասի անուան արուեստի դպրոց», «Կոմիտաս փողոց», «Կոմիտաս պողոտայ», «Կոմիտասի անուան պանթէոն», Կոմիտաս Վարդապետի նկարով թղթադրամ ու տակաւին հազար ու մէկ երեւոյթ՝ մեծարելու համար մեծ երաժիշտը, որուն կենդանութիւնը հալածանք ու թշուառութիւն եղած էր:

Եւ դժբախտաբար Կոմիտաս միակ զոհը չէ՛ այդ յարալէզներու սնապաշտութեան:

Ինչքա՜ն հրաշալի բան է վարդը, որ շատ մը զոյգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող սէրը կ՚ամրապնդէ. սակայն մեր մօտ ուրիշ է վարդի գործածութիւնը. մենք ունինք այն համոզումը, որ կենդանութեան ժամանակ վարդին փուշերը միայն կարելի է նուիրել՝ իսկ յետ մահու՝ թաղման ժամանակ բուն իսկ վարդը՝ առանց փուշերու եւ նոյն այդ վարդին զոհն են Կոմիտաս, Օտեան, Դուրեան եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ, որոնք իրենց կենդանութեան անտեսուելով հանդերձ յետ մահու վայելեցին մեր ազգի ապերախտ ներբողն ու գովասանքը: 

Ծիծաղելի է այսօր հպարտանալ Կոմիտասի աշխատութիւններով, որովհետեւ եթէ պէտք եղած հետաքրքրութիւնը, նեցուկն ու արժանին տրուէր Կոմիտասի, վստահ կրնանք ըլլալ, որ այսօր շա՜տ շատ աւելի գլուխ գործոց աշխատութիւններ պիտի ունենայինք. Կոմիտաս թէ՛ ապրուստի եւ թէ՛ արուեստի մասին միաժամանակ մտածելու չարչարանքը պէտք չէ՛ որ ունենար եւ այդ կորուստը պիտի լեցնէր աշխատութեամբ. Կոմիտաս Վարդապետի գործերը այսօր ծնունդն են իր նամակին մէջ իսկ յիշած «տկարացած» մարդուն, որ մաշած ու կմախք դարձած է: Այսօր Կոմիտասի անուան տակ գործող հաստատութիւններ մե՜ծ մեծ ճաշկերոյթներ կը կազմակերպեն, մինչ Կոմիտաս Վարդապետը ի՛նք «սնունդս ոչինչ է» կը գրէ:

Եւ ի՜նչ հեգնանք, որ Հայաստանեան տասը հազար դրամը այսօր կը կրէ Կոմիտաս Վարդապետի նկարը... բազմահազար թղթադրամներ Կոմիտասի պատկերով... սակայն կենդանութեան այդ բազմահազար թղթադրամներէն մէկ հատին անգամ կարօտ Կոմիտաս Վարդապետ մը:

Ալ ըլլալիքը եղած է... Կոմիտասի պարագային բան մը կարելի չէ փոխել, սակայն կարելի է փոխեն բան մը՝ ներկային մէջ. կը կարծէ՞ք այսօր գոյութիւն չունին Կոմիտասներ, Թումանեաններ եւ այլ արուեստի փայլուն ներկայացուցիչներ, որոնք կ՚ապրին թշուառութիւնը Կոմիտասին՝ իրենց այս կամ այն գործը կեանքի կոչելու համար: Եթէ Կոմիտաս Վարդապետ իր կենդանութեան 200 երաժշտական գործեր պիտի յօրինէր, ապա Մանթաշեանցի բարերարութեան շնորհիւ այդ թիւը բարձրացաւ հազարներու: Մանթաշեանց այն քիչերեն էր, որ կենդանութեան փուշի փոխարէն վարդ մը նուիրել փորձեց եւ այդ վարդը ծաղկելով կոչուեցաւ Հայ արուեստ:

Թող այն օրը գայ՝ որ մեր ազգը սկսի ըմբռնել, որ կենդանին շա՜տ աւելի կ՚արժէ քան մեռեալը եւ մեզի տայ կենդանիները իրապէս կենդանի պահելու շնորհքն ու գիտակցութիւնը, որպէսզի էապէս դժբախտ, սակայն յետ մահու փառաւորուած ու մեծարուած վշտաբեկ արժէքներ չունենանք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -161-

Մարդ արարածին տրուած չէ հասկնալ ամէն բան... եւ իմ չհասկցածներէս մէկն ալ հետեւեալն է.- յետ մահու տրուած շքանշանը:

Բազմավաստակ բանաստեղծ ուսուցիչներէս մին տարիներ շարունակ ծառայեց հայկական զանազան հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ գաղութներէ ներս. անոր վաստակն ու աշխատութիւնը գիտնալով հանդերձ իր կենդանութեան երբեք չմտածեցին գնահատել եւ շքանշանով մը ամրապնդեն անոր սկսած սրբազան գործունէութիւնը, սակայն թաղման օրը՝ եկեղեցւոյ մէջ արժանացաւ շքանշաններու...

Ա՛յս է մեր գնահատանքը կենդանիին եւ անկենդանին հանդէպ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2023