ՆՈՒԻՐԵԱԼԻ ՄԸ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի գործիչ եւ ծանօթ մտաւորական Երուանդ Ազատեան։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Տիթրոյիթ, ան մահկանացուն կնքած է հիւանդանոցի մը մէջ, ուր վերջին օրերուն կը դարմանուէր՝ անակնկալ անհանգստութեան պատճառով։

Երուանդ Ազատեան սփիւռքահայ երէց սերունդի տիրական անձնաւորութիւններէն մին էր, որ երկար տասնամեակներ շարունակ անփոխարինելի գործունէութիւն ծաւալած էր հայկական կեանքէն ներս։ Աւելի քան 85 տարեկան հասակին երկրաւոր կեանքէն հեռացած Երուանդ Ազատեանի կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է ամբողջ հայաշխարհէն ներս։

Երուանդ Ազատեան ծնած էր Լիբանանի մէջ, ուր իր ուսումը ստանալու առընթեր արդէն շուտով ներգրաւուած էր լիբանանահայ կեանքին։ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին համար կարեւոր աշխատանք տանելէ վերջ, հաստատուած էր Եգիպտոս։ Երկար տարիներ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին փոխ-խմբագիրը եւ գլխաւոր խմբագիրը եղած էր։ Իր պաշտօնավարած տարիները «Արեւ»ի իսկապէս վերելքի ժամանակաշրջանին զուգադիպած էին։ Եգիպտոսէն վերջ Երուանդ Ազատեան ուղղուած էր դէպի ԱՄՆ։ Ան Պոսթոնի շրջանը հաստատուած էր առաջին հերթին եւ բարձրագոյն ուսումը քաղաքագիտութեան վրայ կատարելագործելու առընթեր՝ աստիճանաբար ներգրաւուած էր նաեւ ամերիկահայ կեանքին։ Իր կողմէ տարուած աշխատանքը միշտ բարձր գնահատուած էր եւ իր գործունէութեան շնորհիւ հայկական ազգային-եկեղեցական կեանքին ապահովուած նպաստը միշտ արժեւորուած էր լաւատեղեակ շրջանակներուն կողմէ։ Ի շարունակութիւն այդ բոլորին, Երուանդ Ազատեան երկար տարիներ եղած էր ազգային երախտաշատ բարերար հոգելոյս Ալեք Մանուկեանի անմիջական գործակիցը։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահի պաշտօնը վարած ժամանակաշրջանին Ալեք Մանուկեան Երուանդ Ազատեանը դարձուցած էր իր աջ բազուկը։ Երուանդ Ազատեանի խորհուրդները եւ Ալեք Մանուկեանի տեսլականը արդէն բազմապատկիչ գործօն մը դարձած էին երկար տասնամեակներ սփիւռքահայ կեանքի կենսունակութիւնը ապահովելու տեսակէտէ։ Անոնց ողջունելի համագործակցութենէն ծնունդ առած էին բազմաթիւ կրթական հաստատութիւններ եւ կեանքի կոչուած էին ինչ-ինչ ծրագիրներ, որոնք հայապահպանութեան եւ համահայկական յարաբերութիւններու ամրապնդման տեսակէտէ ունեցած էին չափազանց կարեւոր նշանակութիւն։ Այդ գործունէութեան գաղտնիքներէն մին այն էր, որ Երուանդ Ազատեան կարող գործիչ մը, լաւ կազմակերպիչ մը ըլլալու առընթեր նաեւ որակեալ մտաւորական մըն էր։ Այդ բոլորին հանրագումարը կ՚ըլլար այն կարող սփիւռքահայ գործիչը, զոր բոլորը կ՚ողջունէին իր անձին մէջ։

Երկար տասնամեակներ բաւական թափով ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ աշխատելէ վերջ, Երուանդ Ազատեան, ինչպէս իրեն սերնդակից այլ բազմաթիւ սփիւռքահայ գործիչներ, ողջունած էր Հայաստանի նորագոյն անկախութիւնը եւ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումէն վերջ փորձած էր իր բոլոր հնարաւորութիւնները ծառայեցնել պետականաշինութեան վսեմ նպատակին։ Իր կարողութիւնները, սփիւռքի մէջ ունեցած ազդեցութեան լծակները փորձած էր ամբողջութեամբ հունաւորել Հայաստանի վերելքին համար։

Երուանդ Ազատեան կեանքին մինչեւ վերջը եղած էր Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ուխտեալներէն մին։ Իբրեւ ռամկավար գործիչ ան մեծ ներդրում բերած էր նաեւ ռամկավար մամուլին։ Կեանքին մինչեւ վերջը այդ առաքելութիւնը շարունակած էր հետեւողականօրէն եւ մեծ նուիրումով։ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդին կ՚անդամակցէր կեանքի վերջին տարիներուն, մինչ կը գլխաւորէր նաեւ Թէքէեան մշակութային միութեան ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մասնաճիւղը։ Երուանդ Ազատեան բոլորովին վերջերս իսկապէս յոգնեցուցիչ ուղեւորութիւն մը իրականացուցած էր դէպի Արժանթին, ուր մասնակցած էր տեղւոյն Թէքէեան մշակութային միութեան վերակառուցեալ կեդրոնատեղիի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Այդ ուղեւորութենէն վերադարձին իր մօտ գերյոգնածութիւն ախտաճանաչուած էր եւ բժիշկները խորհուրդ տուած էին որոշ ժամանակ հանգստանալ հիւանդանոցի մէջ՝ մասնագէտներու վերահսկողութեան ներքեւ։ Դժբախտաբար, Երուանդ Ազատեանի այդ հանգիստը բաւական կարճ տեւեց եւ առանց արդէն կազդուրուելու ան հիւանդանոցի մէջ անսպասելիօրէն իր հոգին աւանդեց՝ դարմանման տակ առնուելէ հազիւ քանի մը օր վերջ։

Յառաջիկայ օրերուն Տիթրոյիթի մէջ նախատեսուած է իր յուղարկաւորութիւնը։ Երախտաշատ ազգային գործիչի վերջին հրաժեշտին համար Նիւ Եորքէն Տիթրոյիթ մեկնիլ կը պատրաստուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։ Կը նախատեսուի, որ նորոգ հանգուցեալ Երուանդ Ազատեանի մարմինը ամփոփուի նոյնպէս Տիթրոյիթի մէջ՝ իր լուսահոգի կողակցին առընթեր։

Հարկ է նշել, որ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան բոլոր շրջանակները շաբաթավերջէն սկսեալ խոր ցաւով կ՚անդրադառնան այս բօթին։ Սա իսկապէս բոլորին տեսակէտէ տխուր իրադարձութիւն մըն է՝ մինչ հայկական սփիւռքի երկնակամարէն կը սահի փայլուն աստղ մը, որու ծաւալած գործունէութեան հետքը վստահաբար սերունդներուն կողմէ պիտի վերյիշուի երախտագիտութեամբ։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023