ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի հետ։ Էրտողան այս առթիւ պաշտօնակիցը շնորհաւորեց վերընտրուելու կապակցութեամբ՝ մաղթելով, որ նոր շրջանը բարեբեր ըլլայ Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցի ընթացքին Էրտողան եւ Սիսի անդրադարձան Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի վրայ յարձակումներուն եւ դէպի Կազզէ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու ուղղեալ ջանքերուն։ Էրտողան համոզուած է, թէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ մշտական հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն իսլամական երկիրներու կողմէ միասնականութեամբ յառաջ տարուիլը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2023