ԲԱԶՄԱԶԱՆԵՑՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան մասնակցեցաւ Քաթարի մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային անվտանգութեան ֆորումին, որու ընթացքին անդրադարձաւ ուժանիւթի անվտանգութեան բազմազանեցման կարեւորութեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կանգ առաւ նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վրայ՝ բացատրելով խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման ուղղեալ հայկական կողմի ջանքերը։ Արմէն Գրիգորեան խօսեցաւ Հայաստանի կառավարութեան մշակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ՝ որպէս կարեւոր տնտեսական նախաձեռնութիւն, որու նպատակն է Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատումը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025