ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՏԱԴԻՐ ՉԷ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼԱՐԵԼՈՒ, ԽԶԵԼՈՒ ԿԱՄ ՓՃԱՑՆԵԼՈՒ»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կը հիմնուին ու պէտք է հիմնուին փոխադարձ հետաքրքրութիւններու վրայ։ Իր խօսքով՝ Երեւան մտադրութիւն չունի Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները լարելու, խզելու կամ փճացնելու։
Դէպի Թալին պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս Փաշինեան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Էսթոնիայի նախագահ Ալար Քարիսի եւ վարչապետ Քրիստէն Միխալի հետ։
Կը հաղորդուի, որ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Փաշինեան նշեց, որ հայկական կողմը կը ձգտի լաւ յարաբերութիւններ ունենալ միջազգային բոլոր գործընկերներու հետ եւ կարգաւորել յարաբերութիւնները տարածաշրջանի երկիրներու հետ։ «Ի հարկէ, մենք կ՚ուզենք խորացնել մեր յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան հետ», ըսաւ ան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետը բացատրեց, որ Հայաստան որդեգրած է հաւասարակշռուած ու հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութիւն մը։ Ան կրկնեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մտադրութիւնը, առաւե՛լ, յարաբերութիւնները աւելի բարելաւելու փափաքը Վրաստանի եւ Իրանի հետ։
Թալինի յայտարարութիւններու ժամանակ Փաշինեան հնարաւոր համարեց Ատրպէյճանի հետ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խորհրդաժողովի կառոյցներու լուծարման համար համատեղ դիմում ստորագրելը։ «Հայաստան Ատրպէյճանի պարագային իր ռազմավարութիւնը կը շարունակէ՝ մինչեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը», ըսաւ Փաշինեան։