ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի էմիրի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Մուհամմէտ պին Ահմէտ ալ Մուսնատի հետ։ Ծանօթ է, որ ան Տոհա մեկնած էր մասնակցելու համար Քաթարի անվտանգութեան ֆորումին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Արմէն Գրիգորեան եւ Մուհամմէտ պին Ահմէտ ալ Մուսնատ զրոյցի ընթացքին քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի անվտանգութեան իրավիճակը։ Հանդիպման կապակցութեամբ այլ մանրամասութիւններ չեն հրապարակուած։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2025