ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԳԵՏԻՆ

Երէկ, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Իտալիա միջկառավարական չորրորդ գագաթաժողովը։ Այս առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալուեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնիի կողմէ։ Անգարա-Հռոմ առանցքին վրայ այս փուլին արժեւորուեցան միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրները, որոնց կապակցութեամբ կողմերը ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները։ Բանակցութիւններու ընթացքին աչքէ անցըուեցաւ նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը։

Մելոնի Էրտողանը պաշտօնական արարողութեամբ դիմաւորեց «Վիլլա Փամֆիլի» ապարանքին մէջ։ Պատուոյ պահակախումբը ողջունելէ վերջ երկու ղեկավարները իրարու ներկայացուցին իրենց ընկերակից պատուիրակութիւններու անդամները։ Նկարահանումներէ վերջ Էրտողան եւ Մելոնի ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին բանակցութիւնները։ Տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հրատապ օրակարգին շուրջ կարծիքի փոխանակումներու զուգահեռ՝ կողմերը քննարկեցին համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները։ Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ կազմակերպուած գործարար ֆորումին, որուն մասնակցեցան երկու ղեկավարները։

Էրտողան Մելոնիի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ երկու երկիրները ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ են ու ռազմավարական գործընկեր։ Այս ամբողջին մէջ անոնք ներդաշնակ են՝ Միջերկրականի անվտանգութեան, Եւրոպայի կայունութեան եւ Անդրատլանտեան կապերու պահպանման ուղղութեամբ։

Էրտողան շեշտեց, որ Եւրոպայի անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու քննարկումներու ժամանակ անդրադարձ կատարուած է Ուքրայնայի հակամարտութեան։ Թուրքիա վերահաստատած է իր զօրակցութիւնը ի նպաստ Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութեան։ Նախագահը շեշտեց, որ Միջերկրականի անվտանգութիւնը բացառիկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ եւ Թուրքիան այս ուղղութեամբ հիմնարար տարրն է։ Թուրքիա եւ Իտալիա կը խրախուսեն Միջերկրականի ուժանիւթի նախագիծերը, նաեւ որոշած են շարունակել անկանոն գաղթի դէմ պարքարը։ Բանակցութիւններու ընթացքին աչքէ անցուած է Սուրիոյ իրադրութիւնը՝ երկրի վերակառուցումով հանդերձ։ Անգարա եւ Հռոմ կը նախատեսեն Լիպիոյ կայունութեան համար աշխատիլ միասնաբար։ Կազզէի կացութիւնն ալ ձեռք առնուած է քննարկումներուն ժամանակ. Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնն է հրադադարի դրութեան վերադարձը։

Նախագահ Էրտողան դիտել տուաւ, որ Իտալիա Թուրքիոյ արտաքին առեւտուրի գործընկերներու ցուցակին վրայ առաջին հինգեակին մաս կը կազմէ։ Երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի ծաւալը յաղթահարած է 30 միլիառ տոլարի շեմը։ Նոր թիրախն է 40 միլիառ տոլարը՝ մինչ փոխադարձ ներդրումները կը շարունակուին եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս ալ երկկողմանի համագործակցութիւնը կը զարգանայ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2025