ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորոգ վախճանեալ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը երէկ վերայուղարկաւորուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Վախճանեալ պապի յուղարկաւորութեան յաջորդած իննօրեայ ժամանակաշրջանը Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ պաշտօնապէս սուգի շրջան կը համարուի։ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած վերայուղարկաւորութիւնը զուգադիպեցաւ այս փուլին։
Որպէս վախճանեալ քահանայապետին նկատմամբ վերջին յարգանքի դրսեւորում՝ Հարպիէյի Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Անգարայի մօտ պապական նուիրակ Մարէք Սոլժինսքի արքեպիսկոպոսը, որու կողքին էին քաղաքիս լատիններու վիճակաւորը՝ Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսը եւ կաթոլիկ կղերէն այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Սրբազան Պապին ի յիշատակ կազմակերպուած այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ քաղաքիս զանազան քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները՝ ներառեալ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական վիճակաւոր Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանը։
Ս. Պատարագի ընթացքին դամբանականներով հանդէս եկան Մարէք Սոլժինսքի եւ Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսները, եւ այլ հոգեւորականներ։ Այս փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ներկաներուն հետ բաժնեց իր խոհերը։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին եւ թրքահայ համայնքին Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց ցաւակցութիւններ եւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուց նորոգ վախճանեալ քահանայապետի հոգւոյն խաղաղութեան համար։ Իրեն ընկերացաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Վերայուղարկաւորութեան մասնակցեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն Ալի Ասլան եւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։
Յաւարատ Ս. Պատարագի, Սեն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ գետնայարկին մէջ կատարուեցաւ վախճանեալ քահանայապետի յիշատակին զետեղուած յուշաքարի պաշտօնական բացումը։ Աւելի վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր հոգեւորականներն ու ներկաները Սոլժինսքի արքեպիսկոպոսին եւ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսին յայտնեցին իրենց վշտակցութիւնները, նաեւ բաժնեցին վախճանեալ քահանայապետի վերաբերեալ իրենց դրական յիշողութիւնը, մինչ ոմանք մէջբերեցին նաեւ յիշատակներ։