ԵՐՈՒԽԱՆԻ ԵՒ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ՊԱՅԾԱՌ ՖԱՍՈՒԼԵԱՃԵԱՆԻ ՏԽՈՒՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄԷՋ
Հայ թատրոնի նշանաւոր դերասանուհի Պայծառ Ֆասուլեաճեանի (Փափազեան) ծննդեան 180-ամեակը կը լրանայ այս տարի։ Դերասանուհի Ֆասուլեաճեան (ծնեալ՝ Փափազեան) հայ բեմի մէկ այլ նուիրեալի՝ Թովմաս Ֆասուլեաճեանի կինը եւ զուգընկերն էր։ Ան բեմական գործունէութեան սկսած է 1861 թուականին՝ Վասպուրական թատրոնէն։ Իր ամուսինին հետ 1860-ականներուն շրջագայած է Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, Կովկասի քաղաքները (Տրապիզոն, Թիֆլիզ, Մոզտոք, Ղզլար, Աստրախան), 1872-1877 թուականներուն բեմ բարձրացած է Վարդովեան թատրոնին մէջ, մասնակից եղած է պոլսահայ թատերական կեանքին ընդհանրապէս։
1880-ական թուականներուն Պայծառ Ֆասուլեաճեան Վարդիթեր Ֆելեկեանի եւ Գրիգոր Աբրահամեանի հետ շրջած է Թիֆլիզ, Երեւան, Պաքու, Աստրախան, 1890-1900-ական թուականներուն՝ Տիգրան Գալեմճեանին հետ՝ Պուլկարիա։ Ան ամէնուր արժանացած է ջերմ ընդունելութեան, իր խաղը բեմին վրայ գրաւած է ինչպէս արեւմտահայ, այնպէս ալ՝ կովկասահայ հանդիսատեսը։
«Միջնորդ կինը» թատրերգութեան հեղինակն է։
Պուլկարիոյ մէջ Պայծառ Ֆասուլեաճեան ապրած է որոշ շրջան մը, այդ ընթացքին արդէն ձգած էր բեմը՝ աղքատութեան եւ կարիքի մէջ ջանալով օտար ափերուն վաստակել օրուան հացը։ Իր այդ վիճակին մէջ 1900-ականներու սկիզբը զինք գտած է հայ գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ եւ մանկավարժ Երուխան՝ Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, որ այդ շրջանին կը գործէր Պուլկարիոյ մէջ, իբրեւ ուսուցիչ եւ լրագրող։ Երուխան նաեւ Պուլղարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ կը հրատարակէր «Շաւիղ» ազգային, գրական, գիտական կիսամսեայ թերթը։ «Շաւիղ»ը լոյս տեսած է 1900-1901 թուականներուն, միայն քսան թիւ, անոր էջերուն տպագրուած են գրական գործեր, գիտական յօդուածներ՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի պատմութեան, գրականութեան եւ ազգային խնդիրներուն։
Նոյն «Շաւիղ» թերթին մէջ ալ Երուխան պատմած է իր եւ Պայծառ Ֆասուլեաճեանի հանդիպումի մասին՝ Վառնայի հիւղակներէն մէկուն մէջ, ուր կ՚ապրէր դերասանուհին։
Ըլլալով տաղանդաւոր լրագրող՝ Երուխան պատկերաւոր կերպով կը նկարագրէ այդ հանդիպումը, յուշեր մէջբերելով անցեալէն եւ պատառիկներ ներկայացնելով իրենց զրոյցէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրութիւնը։
*
ՏԻԿԻՆ ՖԱՍՈՒԼԵԱՃԵԱՆ
Փողոցին դրանը քով, անխնամ պարտէզի մը անկիւնը, ցածկեկ դռնէ մը ներս կը մտնեմ՝ գլուխս ծռելով։
Կարելի չէ երեւակայել աւելի անփառունակ եւ աւելի անշուք բնակարան մը․ գետինը՝ ծեծուած հողով յատակուած՝ փողոցի գետնին հետ հաւասար գծի վրայ կը գտնուի, ու վայրահակ ձեղունը՝ ծուռումուռ կրածեփ գերաններով շինուած՝ կարծես ամէն վայրկեան գլխուդ պիտի փլչի։ Խցիկին նեղ ու խղդող տարածութիւնը գրաւուած է ցած բազմոցով մը, սնտուկով մը եւ վառարանով մը։ Ամբողջ կահկարասին։
Բայց այս ծայրայեղօրէն վտիտ կահաւորումին վրայ կը զգացուէր հոգածու, խնամոտ ու մաքրասէր մատուըներու հպանքը եւ շուտ մը կ՚ըմբռնէիր, թէ ընկերութեան ամենէն մութ ու խոնարհ այդ խաւին մէջ շնչող էակը միջավայրին համար déplacé մըն էր, վերէն եկած ինկած հոտ, ճակատագիրին բիրտ հարուածներէն քշուած քաշկռտուած, եւ որ, սակայն, հոտ իսկ իր շնորհին, իր անձին դրոշմը կը տպաւորէր այնքան արտացայտ կերպով։
Խցիկին բնակչուհին տիկին Պայծառ Ֆասուլեաճեանն էր։
Երբոր ներս մտայ՝ ակնոցը աչքին, բազմոցին վրայ նստած բան մը կը գրէր՝ ծունգերը գրասեղանի տեղ գործածելով։ Թուղթին վրայ նետուած անգաղտնապահ ակնարկով մը հասկցայ, թէ թատերախաղ մըն էր գրի առածը՝ կամ ընդօրինակելով կամ փոփոխելով։
Իմ ներկայութիւնս ընդհատեց իր աշխատութիւնը, զոր մէկ կողմ դրաւ՝ զիս հիւրընկալելու համար։
Տասներկու տարի առաջ Պոլիս տեսած էի զինքը, ու անկից ի վեր ցաւագին փոփոխութիւն մը առաջ եկած տեսայ իր ամբողջութեանը մէջ։ Դէմքը ան ատեն աւելի լեցունկեկ էր, թէեւ միշտ տժգոյն լեցունութիւն մը, խորշոմի բարակ գիծերը հիմակ շեշտուած էին՝ մորթին կծկուելուն պատճառաւը։ Բայց աչքերը նոյնն էին մնացած, սա տարբերութեամբ, որ արտեւանունքը թուլցած էին ու փոթերու խուրձ մը կը մեկնէր աչքերուն քովերէն, մանր, պճլտացող, բոցավառ աչուըներ՝ յարաշարժ անհանդարտ արտայայտութեամբ, որոնք միշտ ժպիտ մը կամ զարմանք մը կը ցոլացնեն իրենց կլոր, սեւեռուն բիբերուն վրայ։
Պարզուկ պարեգօտի մը մէջ սեղմած էր իր վտիտ մարմինը, որուն ճապկութիւնը սակայն երեւան կու գար իր ամենէն թեթեւ շարժումներէն իսկ։ Մազերը, որոնք հակառակ իր տարիքին դեռ ձիւնոտուած չեն, գանկին վրայ խառածոպ մը կը ձեւացնէին, վաղնջական պչրանքի թեթեւ հով մը տալով իրեն։
Պոլսէն հեռու, Պուլկարիոյ մէկ անկիւնը, անծանօթ թաղի մը այդ նեղկճուկ խորշին մէջ, բոլոր այն տեսակ բաներով շրջապատուած, որոնք աղքատութեան ու լքումի սառնութիւնը կը փչեն երեսիդ, Արեւելեան թատրոնի նախկին համբաւաւոր դերասանուհին կը տառապէր անշուշտ։ Ու ես, սիրտս անձկօրէն սեղմուած, իսկոյն քիչ մը անտեղի հետաքրքրութիւն ունեցայ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կը հոգար իր ապրուստը, քանի որ որեւէ բեմի վրայ չէր երեւնար բնաւ, ու բոլորովին քաշուած կ՚ապրէր՝ աննշան անծանօթի մը պէս։
-Ասեղ ծեծելով, կար կարելով ապրուստս կը ճարեմ, ու մէկուն կարօտ չեմ, փառք Աստուծոյ, պատասխանեց սքօղուած դառնութեամբ մը։
Բայց գանգատ մը ունէր իր շրթներուն վրայ․ կարողչէքը շատ աժանցած էր, գիները կոտրած էին, մանաւանդ շապիկին գիները, ո՛հ, անտանելի, անհանդուրժելի կերպով վար իջած էին, բայց ինչ ընել, ստիպուած էր այդ անիրաւ աշխատութեան գլուխ ծռելու, վասնզի ատկէց անդին, աւաղ, մուրալ կը մնար հայ բեմին ամենէն հին ու ամենէն արդիւնաշատ աշխատաւորներէն մէկուն։
Խօսակցութեան զուարթ դարձուածք մը տալու համար դերասանութեան արուեստին կը դառնամ ու կը հարցնեմ, թէ ալ վերջնականապէս բեմական կեանքը թողած հեռացա՞ծ է։ Ու յանկարծ կը բռնկի ան, տխուր ու տժգոյն կինը մէկէնիմէկ կը բորբոքի, աչքերը տարօրինապէս փողփողուն, այտերը թեթեւօրէն շիկավառ։
Ա՛լ հիմա մոռցած է ներկան ու անոր չարչարող պայմանները, հեռուն փոխադրուած է, անուշ ու անմոռանալի անցեալը՝ կեանքով, փառքով ու երջանկութեամբ լեփլեցուն։
1861-ին էր, երբ ինք, քահանայի մը աղջիկը, բայց ազատամիտ քահանայի մը, ինչպէս ինքը կ՚ըսէ, Բերա մօտիկ ազգականի մը տունը ապրելով դեռ հազիւ տասնվեցամեայ բուռն խորշանքով կը լցուի այդ միջավայրին հանդէպ, ուր վիճակուած էր իրեն զգալ ու խորհիլ։
-Իսկոյն հասկցայ, թէ ինծի պէս աղջիկ մը անփորձ ու անուս՝ պիտի մոլորէր այն ծուղակներուն մէջ, զորս երիտասարդները, կիրքով ու կեղծիքով լի, կը լարեն շարունակ մանկամարդ աղջիկներու շուրջ, զանոնք հրապուրելու, իրենց բիրտ փափաքներուն գոհացում տալու համար միայն։ Կարծես բնազդով մը ըմբռնեցի այս բանը․ ու իտէալի մը, սիրտ ու միտք պարունակող իտէալի մը մէջ ուզեցի գտնալ բաղձանքներուս, ձգտումներուս, կամ նոյնիսկ փառքի մը քաղցր գոհունակութիւնը։
Նոր հիմնուած էր Արեւելեան թատրոնը․ շատ անգամ ազգականներուս հետ ներկայացմանց կ՚երթայի։ Սիրտս կը խաղար, թունդ կ՚ելլայի, չեմ գիտեր ինչ բան մը զիս այդ լուսաշող սրահին վրայ կը քաշէր։ Մտերմութիւն հաստատեցի քանի մը դերասանուհիներու հետ, որոնց քիչ քիչ յայտնեցի փայփայած խորհուրդս։ Ու քանի մը ամիս ետքը դերասանուհի ընդունուած էի Արեւելեան թատրոնը։
Տիկին Ֆասուլեաճեան կը թուէ այն ատենուան դերասանները, Վարդովեան, Ֆասուլեաճեան, Էքշեան, Մաղաքեան, Արուսեակ, Հրաչեայ եւ այլն, որոնց հետ քալած էր միեւնոյն դափնիներուն վրայէն, հայ բեմին փառքը շինելով, նորազարթ հասարակութեան մը մէջ արուեստի ճաշակն ու հաճոյքը արթնցնելով։
Տենդոտ յափշտակութեամբ մը ու տեսակ մը երազանքի մէջէ այս բոլոր մղձկոտ վերյուշումները կը հաղորդէր ինձ, մտքին ու սրտին թռիչներովը փոխադրելով լոյսի, ծափի, յուզման այդ խանդագեղուն անցեալը, ու ինք, մանկամարդ ու գեղեցիկ, արուեստին սիրովը վառուած ու յաջողութեան սարսուռէն գինով, իր երազած ու փնտռած իտէալին հետ գրկախառնուած կը զգար ինքզինքը։
Հապա Կովկասի կեանքը։ Օ՜, անմոռանալի բան է ան։ Տիկին Ֆասուլեաճեան ութ տարի շարունակ Կովկասի լեռներուն մէջ ու արարատեան աշխարհը կը պտտցնէ իր արուեստը, զոր այդ հասարակութիւնը գիտակցաբար կը գնահատէր եւ իշխանավայել կերպով կը վարձատրէր։ Եւ իրօք, կարծես ռուսահայուն տուած է թրքահայ տաղանդները երեւան հանել, քաջալերել ու զարգացնել։ Ադամեան, Թրեանց, Սիրանոյշ, ուրիշ ոչ մէկ տեղ այնքան կարողացած են իրենց գեղարուեստական բարձր տաղանդը ի յայտ բերել, որքան Կովկաս։ Մեր բեմին աշխատաւորները Պոլիս եղած են հասարակութեան աչքին՝ զուարճացնող դերասաններ միայն, մինչ Կովկաս՝ սիրտ ու միտք պարարող նուրբ արուեստագէտներ։ Ըմբռնումի այս տարբերութիւնը կը ցուցնէ ժողովրդային զարգացման մակարդակը, կամ գոնէ հասկացողութեան կարողութիւն մը, որ բնազդական է թերեւս։
-Երջանիկ էի Կովկաս, աւելցուց տիկինը խոր հառաչանքով մը։ Եւ այդ ութ տարուան պտոյտը այն աստիճան տպաւորութիւն թողած էր վրաս, որ յետոյ դարձեալ գացի հոն ու երեք տարի վայելեցի Կովկասը, որուն այնքան խոր ու անմոռանալի յիշատակները կան մտքիս մէջ։
89-էն յետոյ, անխոնջ արուեստագէտը վերջնապէս կը դառնայ Պոլիս, ուր Ադամեանի հետ բեմ կ՚ելլայ այն դիւթական ներկայացմանց շարքին համար, որոնք Շէյքսփիրի մեծ թարգմանիչին աղմկալից կեանքը փափկեցին այնքան եղերականօրէն։
Ա՛լ անկէց ետքը անկումի ցաւագին շրջանն է, որ կը սկսի։ Մահը աւերներ կ՚ընէ ընտանիքին մէջ, ուր արդէն շատոնց կորսուած էր իր համերաշխութեան տաք ոգին։ Ասպարէզը, ուր ամուսինները նետուած էին,- եւ որ տեսակ մը բախտախնդրութեան կը մօտենայ, երբոր յաջողութիւնը յարատեւ չըլլար ու հոգեկան յափրացումէ աւելի նիւթական պէտքերու գոհացման կը մղէ դերասանը,- թուլցուցած էր ընտանեկան կապերը, մայրը ասդին, հայրը անդին, զաւակները ուրիշ տեղ ցրուելով։ Մտքի ու հոգիի իտէական անուշ սլացումներէն յետոյ՝ իրական կեանքի բրտօրէն կսկծեցուցիչ պարագաներն են, որոնք կու գան ամէն բան մոռցնել տալ։
Տիկին Ֆասուլեաճեան կը թաղէ իր զաւակները՝ աղջիկն ու մանչը, ապահովապէս զոհերը ընտանեկան կազդուրող խնամքի չգոյութեան։
Կը յիշեմ Երուանդը մանաւանդ, բարձրադիտակ երիտասարդ մը նուրբ կազմուածքով, սեւ սաթի պէս փայլուն երկար մազերով։ Ժառանգականօրէն ընտրած էր ան ալ իր ասպարէզը, բեմը։ Կը խոստանար բան մը ըլլալ․ եւ ահա օր մը իմացանք, որ Երուանդ Ֆասուլեաճեան մեռած է թոքախտէ․․․ Ազգային Հիւանդանոցին մէջ։ Զաւակներուն անհետացման հետ ընտանեկան վերջին կապերն ալ խզկռտուած էին։
Ու ի՞նչ մնացած է հիմա բոլոր այդ անցեալէն, բեմի վրայ զգացուած յուզումներու, սպառող խոնջէնքներու, փայփայուած յոյսերու եւ արուեստին սիրովը իրարու կցուած այդ երկու կեանքէրէն․ ու նաեւ բոլոր ծաղկեփունջերէն, ծափերէն, փառաբանող աղաղակներէն, հիացման կուռ արտայայտութիւններէն։
Իրականութեան կմախային ուրուականը միայն, մէկը, հոս դէմս, Վառնայի մէկ անկիւնը, գետնամած խղիկի մը անկիւնը, տժգոյն ու նքողուած, սարսափելի լքման մը թախծութեամբ առլի, անօթի չմնալու համար՝ շապիկ կարելու ստիպուած․ իսկ միւսը՝ ամուսինը, հոս հոն թափառաշրջիկ, վաստակաբեկ ու կեանքէն զզուած դառն յափրանքով մը՝ թատրոնի որմերուն մէջ բախտ փորձելու յետին թապլտուքներովը ցնցուած։
Բեմի վրայ իրենց ներկայացուցած շինծու ողբերգութիւններէն ետքը, կեանքի այս դժբախտ յեղաշրջումը ամենէն կսկծալի ողբերգութիւնը չէ՞, զոր խաղալու ստիպուած են՝ անտարբեր ու անկարեկիր հանդիսատեսներու աչքին առջեւ, որոնք ոչ միայն չեն ծափեր այլեւս, հապա գութի ակնարկ մը իսկ չեն նետեր դէպ անոնց, թշուառութեան այս ամենէն իրական դերասաններուն։
Այս մտածումներով համակուած դուրս ելայ տիկին Ֆասուլեաճեանի խոնարհ խցիկէն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ