Շաբաթ 3, Մայիս 2025
ԿԱՍԿԱՏԻ ՄԷՋ ՃԱԶ
Ճազի միջազգային օրը Երեւանի մէջ նշուեցաւ բացառիկ ոգեւորութեամբ։ Մայրաքաղաքի սրտին վրայ հոծ թիւով երաժշտասէրներ համախմբուեցան բարձր տրամադրութեամբ։ Երկարատեւ համերգային ծրագիր մը գործադրուեցաւ Կասկատի համալիրէն ներս, ուր հազարաւորներ վերացան ճազի կատարումներով, վարպետներու նուագներու կշռոյթով։
Ծրագրի մասնակից արուեստագէտներու շարքին էր ամերիկահայ յայտնի երաժիշտ Արթօ Թունչպոյաճեան։
Ուրբաթ, Մայիս 2, 2025