ՄԵՏԱՂՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱՐՔ
Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը միշտ կը զուգորդուին այդ երկրի ընտիր մետաղներու արժեւորման վերաբերեալ սակարկութիւններով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Ռուսաստանի հետ այս խնդրի կարգաւորման շուրջ կը բանակցի՝ միշտ Ուքրայնայի հետ սակարկելով այդ հանածոներու պարագային մենաշնորհներու տիրանալու ակնկալութեամբ։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա-Քիեւ առանցքին վրայ երկար ժամանակաշրջանէ ի վեր այս գործօնը դարձած է բնորոշիչ։ Ուքրայնա թէեւ սկզբնական շրջանին վերապահութիւն կը դրսեւորէր եւ դիմադրութիւն կը ցուցաբերէր այս հարցին շուրջ, սակայն, ի վերջոյ տեղի տուաւ ԱՄՆ-ի պահանջներուն, ինչ որ նախընթաց օր պաշտօնականացաւ համապատասխան փաստաթուղթի ստորագրմամբ։ Այս ստորագրման նախորդած վերջին օրերուն խտացած էին Ռուսաստանի ռազմական գործողութիւնները։ Յամենայնդէպս, այս վերջին համաձայնագրի ստորագրման զուգահեռ Ուաշինկթըն Մոսկուային վերջնագիր տուաւ, որպէսզի պատերազմը դադրի։
Միջազգային աղբիւրները կը մատնանշեն, որ Ուաշինկթըն-Քիեւ առանցքին վրայ այս համաձայնութիւնը գոյացած է՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ անցեալ շաբաթավերջին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ի շարունակութիւն։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին ԱՄՆ-ի գանձի նախարար Սքոթ Պեսընտ եւ Ուքրայնայի տնտեսութեան նախարար Եուլիա Սվիրիտենքօ։ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը գործնականօրէն կը նշանակէ, որ հակառակ Ռուսաստանի հետ առկայ պատերազմին՝ Ուքրայնա ուղղակիօրէն կը մտնէ ԱՄՆ-ի տնտեսական հովանաւորութեան տակ։ Տնտեսական կարեւոր նշանակութեան առընթեր, Ուաշինկթընի եւ Քիեւի միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթը կ՚ենթադրէ նաեւ անակնկալ ռազմական օժանդակութիւններ։ Այսինքն, Թրամփ կանաչ լոյս վառած է, որպէսզի դարձեալ ռազմական օժանդակութիւն ցուցաբերուին Ուքրայնային. բան մը, որմէ անմիջապէս տեղեակ պահուած է Քոնկրէսը։