ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Մարսէյլի քաղաքապետ Պենուա Փայանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Հայաստանէ ներս։ Քաղաքապետի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուին քաղաքային իշխանութեան եւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչները։ Երէկուան այցելութեան ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիյի։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ այս այցելութիւնը կը համարուի Ֆրանսայի կողմէ զօրակցութեան հերթական դրսեւորում ի նպաստ Հայաստանի։ Իր կարգին, Պենուա Փայանն ալ նշեց, որ Մարսէյլի զարգացման ուղղութեամբ տեղւոյն հայ համայնքն ու ազգային կազմակերպութիւնները ունին կարեւոր դերակատարութիւն։

Նորին Սրբութիւնը Պենուա Փայանի հետ անդրադարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրներուն։

Երկուշաբթի, Մայիս 5, 2025