Երկուշաբթի 12, Մայիս 2025
ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Կարմիր կիրակիի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին ոգեկոչուեցան՝ Եոզղատի երբեմնի հայաշատ Պուրունքըշլա գիւղի հանգուցեալ բնակիչները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ պուրունքըշլացիներու աւանդական սիրոյ սեղանը։
Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025