ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ Վատիկան ուղարկուած շնորհաւորականին մէջ ընդգծուեցան մերօրեայ աշխարհի ժխտական երեւոյթները։ Նորին Ամենապատուութինը այս առթիւ յոյս յայտնեց, թէ Սուրբ Աթոռի նոր գահակալի դրական քայլերը դուռ կրնան բանալ այդ բոլոր ժխտական երեւոյթներու յաղթահարման ուղղութեամբ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Աստուծոյ օգնականութիւնը հայցեց նորընտիր պապին։

Երեքշաբթի, Մայիս 13, 2025