ԻՆՔԶԻՆՔ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԿԱՐԾՈՂ «ԸՆԿԵՐՈՋ»
Մի քանի շաբաթներ առաջ «բարեկամ» մը, կէս լուրջ կէս կատակ, քմծիծաղով մը հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ. «Խօսելու ժամանակ ես քեզմէ աւելի իմաստուն կ՚երեւիմ». սակայն, լուրջ մտահոգութիւն մը գոյութիւն ունի այստեղ. ո՞ր մէկը առաջնահերթ է արդեօք. իմաստուն ըլլա՞լը՝ թէ իմաստուն երեւիլը: Եթէ շատեր պիտի ըսեն ըլլալը, ապա ըսենք, որ ներկայ աշխարհին համար ըլլալը այնքան ալ իմաստ չունի, որովհետեւ մերօրեայ ընկերութիւնը հետաքրքրուած է երեւոյթով՝ քան էութեամբ եւ այս մէկը մտահոգեցուցիչ երեւոյթ է:
Անշուշտ, բարոյական եւ փիլիսոփայական տեսանկիւնէն բնականաբար ըլլալն է առաջնահերթը, սակայն, ժամանակակից հասարակութիւնը կը կարեւորէ հրապարակային տպաւորութիւնը, այդ իսկ պատճառով, մեր օրերուն իմաստուն երեւիլ փորձողները իրապէս իմաստուն ըլլալ ուզողներէն եւ եղողներէն շատ շատ է: Այս օրերուն կը նկատենք, որ մարդիկ իրենք զիրենք ներկայացնելու տարօրինակ ու զաւեշտալի փորձ մը կը կատարեն, որովհետեւ անոնք կը փորձեն ազդեցութիւն գործել բոլոր անոնց վրայ, որոնք խորքը ուսումնասիրելու, ճանչնալու եւ տեսնելու կարողութիւնը չունին եւ հետեւաբար նմաններու դիմաց վարպետ դերասանութեամբ մի քանի գիտելիք ճարտարութեամբ բարձրաձայնելը բաւարար պիտի ըլլայ «իմաստուն» կոչումը ստանալու: Անշուշտ, այս բոլորը կ՚ապրինք, որովհետեւ ընկերութիւնը կը կորսնցնէ իր արժէքները, իմաստասիրութեան զարգացումը, բարոյական իսկութիւնը, ճշմարիտ գիտելիքն ու անոր հանդէպ ունեցած նախկին ծարաւը. այդ իսկ պատճառով, այս նամակ-յօդուածը կ՚ուղղեմ այդ ընկերոջ.
«Հազարաւոր տարիներ առաջ հռմէացի փիլիսոփայ Սենեկա իր «Նամակներ Լուկիլիոսին» աշխատութեան մէջ հետեւեալ մտածումը կ՚ըսէ. «Պէտք չէ մտահոգուիլ, թէ ինչպէս կ՚երեւինք այլոց աչքին. կարեւորը այն է, որ ինչ ենք իրականութեան մէջ»։ Սակայն, ինչքան կը տեսնենք, քու պարագայիդ ի՛նչ ըլլալէն աւելի ի՛նչ երեւիլն է կարեւորը, որովհետեւ մարդ երբ չի՛ կրնար ըլլալ՝ կը կապկէ եւ այդպէս ըլլալ կը փորձէ ձեւանալ. իրականութեան մէջ մեղադրելի չէ, որովհետեւ այդ անմիտ արարքին կարեւորութիւն տուող անմիտներ եւս պակաս չեն մեր շրջապատին մէջ եւ այդ մէկը թէեւ կեղծ՝ ունի իր բութ յաճախորդները:
«Պէտք է գիտնաս, որ հիները կ՚ըսեն, թէ այն մարդը որ ինքզինք հրապարակի վրայ իմաստուն կը փորձէ ցոյց տալ, գիտցի՛ր որ իմաստուն չէ. այս կապակցութեամբ չինացի փիլիսոփայ Քոնֆիչիուս կ՚ըսէ. «Իմաստուն մարդը ինքզինք չի՛ ցուցադրեր, այլ պարզապէս իմաստութեամբ կը գործէ»։ Քու հիմնական խնդիրդ այդ է, որ կ՚ուզես զարգանալ ո՛չ թէ զարգանալու եւ նոր բաներ սորվելու համար, այլ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, որովհետեւ մարդոց կողմէ որպէս «իմաստուն» ճանչցուիլը պիտի շոյէ եսասիրութիւնդ եւ գուցէ պահ մը ետք պիտի սկսիս իրապէս հաւատալ, որ իմաստուն ես. եթէ դուն քեզ իմաստուն կը կարծես, ապա պատասխանը կ՚ուզենք քաղել Աստուածաշունչին մէջէն. «Տեսի այր յանձն իւր պանծացեալ թէ իմաստուն իցէ, բայց յոյս գոյր յանզգամին քան ի նմա» (տեսա՞ր մէկը որ ինքզինք իմաստուն կը կարծէ.- յիմարէն շատ աւելի յոյս կայ՝ քան իրմէ» (Առակաց 26:12):
«Մարդոց գնահատանքը իրականութեան մէջ ո՛չ մէկ բան կը նշանակէ. այդ մէկը աւելի յստակ դարձնելու համար յիշեմ այս մէկը. անցեալին ծերուկներ եկեղեցիէն դուրս գալով սքանչացումով կ՚արտայայտուէին, թէ քահանան ի՜նչ լաւ քարոզ տուաւ, սակայն, եթէ իրականութեան մէջ հարցնես, թէ ի՞նչ ըսաւ՝ ոչինչ գիտեն: Հիմա եթէ ծերուկը իր չգիտցածին համար դիմացինը իմաստուն պիտի նկատէ, ապա ինչքանո՞վ կարելի է վստահիլ այդ կարծիքին վրայ՝ որ ոչնչութենէն յառաջ կու գայ:
«Գիտե՞ս չէ, որ այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին հետեւեալ տեսակները. կան մարդիկ, որոնք հարուստ չեն, սակայն, ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի հարուստի երեւոյթ ու տպաւորութիւն ձգեն, իսկ անդին կան հարուստներ՝ որոնց համար երեւոյթը այնքան կարեւոր չէ, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցին, որ խնդիրը ո՛չ թէ հարուստ երեւիլն է, այլ իրականութեան մէջ հարուստ ըլլալն է. աշխարհի մեծահարուստներուն կեանքը քննելը բաւարար պիտի ըլլայ լաւապէս հասկնալու համար, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզուի:
«Այսօր մարդիկ կը կարծեն, որ ամէն բանի մասին կարծիք մը յայտնելով պիտի յաջողին ընկերութեան մէջ իրենց տեղն ու «պատիւ»ը ունենալ. իրականութեան մէջ իմաստութեան մրցում մը կազմակերպուած չէ ընկերութեան մէջ, որպէսզի մարդ ջանայ ամէն բանի մասին կարծիք մը յայտնել՝ ինքզինք իմաստուն ցոյց տալու համար. Լաօ Ցուն է ըսողը. «Մի՛ խօսիր պէտք եղածէն աւելի, որովհետեւ իմաստութիւնը խօսելով կը փճանայ»: Կայ համոզում, որ շատ խօսող մարդը կը խօսի միայն այն ինչ գիտէ, մինչ ճշմարիտ իմաստութիւնը յաճախ լռութիւն կը պահանջէ, որովհետեւ իմաստութիւնը ո՛չ թէ այլոց տպաւորութեամբ, այլ իրապէս հասունութեամբ ու խելքի մակարդակով կարելի է չափել»:
Ձգեցէ՛ք նման մարդիկ իմաստուն ըլլալու տպաւորութիւն ձգեն, որովհետեւ անոնց իմաստութիւնը կը նմանի դերասանութեան։ Կ՚ապրին, իրենք իրենց դերին հետ կը միախառնուին, սակայն, վերջաւորութեան ելոյթը վերջ կը գտնէ եւ կը դառնան այն՝ ինչ որ են իսկութեան մէջ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչն է խելացին անխելքէն տարբերողը:
Պատասխան. Խելացին ու անխելքը կը տարբերին իրենց մտածելակերպով, կեանքի եւ շրջապատի հասկացողութեամբ: Խելացին կը յաջողի վերլուծել գործողութիւնները, հասկնալ իր սեփական ընտրութիւնները. ան լաւապէս գիտէ, որ իւրաքանչիւր քայլ ունի իր հետեւանքները եւ ինք որպէս խելացի պատրաստ է բացայայտել անոնց պատճառները: Իսկ անխելքը կ՚առաջնորդուի յոյզերով եւ անմիջական ցանկութիւններով՝ առանց մտածելու անոնց ազդեցութեան կամ հետեւանքներուն մասին: Այս տարբերութիւնը ցոյց կու տայ անոնց խորհելու եւ երեւոյթներուն արձագանգելու կարողութիւնը, որովհետեւ խելացին կը մտածէ, իսկ անխելքը կ՚աճապարէ՝ մտածելով միայն ներկան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան