ՍՈՒՏՆ ՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ
Սուտը մարդկային պատմութենէն թէեւ անբաժան, եղած է ամէն ժամանակներու ամենէն ատելի երեւոյթը. հին փիլիսոփաներէն Պղատոն այդ ատելութիւնը կ՚ամփոփէ հետեւեալ տողերուն մէջ. «Սուտը ինքնին ատելի է թէ՛ Աստուածներու եւ թէ մարդոց կողմէ»: Սակայն, այս ատելութեան միասին կայ այլ ճշմարտութիւն մը, որ կարելի է տեսնել գերմանացի փիլիսոփայ Նիցչէի տողերուն մէջ. «Սուտը ապրելու պայման է»։ Նիցչէի այս խօսքը հոմանիշն է այն գաղափարին, որ սուտը անխուսափելի եւ անպակաս մէկ մասն է մարդկային կեանքին. երեւոյթ՝ որմէ որպէս մարդ ու մարդկութիւն ազատիլ հնարաւոր չէ: Գերմանացի փիլիսոփան կը հաւատար, որ ճշմարտութիւնը ցաւ կը պատճառէ մարդոց, այդ իսկ պատճառով մարդիկ իրենց ցաւը մեղմելու համար կը ստեղծեն սուտը՝ որպէս ինքնախաբէութիւն, որպէսզի կարենան ապրիլ: Ըստ փիլիսոփային, սուտը միջոց մըն է պաշտպանելու սեփական շահերն ու անձը. միջոց՝ պահպանելու յարաբերութիւնները եւ այս տեսանկիւնէն եթէ նայինք սուտին, ապա մեր կեանքի մէջ սուտին գոյութիւնը շատ աւելի յստակ ձեւով պիտի տեսնենք:
Մեր օրերուն ապրող մարդը հնադարեան մարդէն գրեթէ չի տարբերիր. Օրինակի համար.
Նախնադարեան շրջանին սուտը կը գործածուէր ինքնապաշտպանութեան համար. այս մէկը գուցէ մարդկային բնազդին մաս կը կազմէ, որովհետեւ նոյնը այսօր մենք կ՚ընենք. սուտը թէեւ կապուած է խաբէութեան հետ, սակայն, որոշ պայմաններու մէջ մարդը կը պաշտպանէ վտանգներէ։ Ժամանակի ընթացքին մարդը սուտը գործածուած է ինքզինք պաշտպանելու որոշ երեւոյթներէ. ինչպէս օրինակ՝ ընկերային ճնշումներ, մեղադրանքներ, պատիժներ եւ այլն… թէեւ այդ մէկը կարելի չէ փրկութիւն եւ պաշտպանութիւն նկատել, որովհետեւ սուտը ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին միջոց էր ժամանակը փրկելու. այս երեւոյթը նկատի ունենալով ռուս գրող Տոսթոեւսքի իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Սուտը ո՛չ ոք կրնայ փրկել. կրնայ պարզապէս ժամանակաւոր մխիթարութիւն տալ»:
Իրականութեան մէջ սուտը կարելի չէ արդարացնել, սակայն, գրականութիւնը կու գայ փոխանցելու այն մտածումը, որ սուտը անհրաժեշտ է այն ժամանակ՝ երբ ճշմարտութիւնը կը սպաննէ:
Մարդկութեան համար պէտք է յստակ ըլլայ, որ երբեւէ առանց սուտի աշխարհ գոյութիւն չէ ունեցած եւ երբեք պիտի չունենայ։ Մարդիկ տարբեր իրավիճակներու մէջ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար պիտի ստեն ու խեղաթիւրեն ճշմարտութիւնը:
Շատեր կը հաւատան, որ կրթութեան ճամբով կարելի է սուտէ հեռու աշխարհ մը ստեղծել։ Իրականութեան մէջ այո՛, սուտը, ինչպէս միւս երեւոյթները, դաստիարակութեան եւ կրթութեան մաս կը կազմեն, սակայն, այդ բոլորէն անդին այդ մէկը մարդուն բնազդէն կու գայ. օրինակի համար՝ մանուկը, որ տակաւին հազիւ նոր սկսած է հասկնալ շրջապատը՝ գիտէ, որ առարկայ մը երբ կոտրէ, մայրը պիտի բարկանայ եւ նոյնիսկ եթէ կոտրէ այդ մէկը, պահելու փորձ մը կը կատարէ, ո՛չ թէ որովհետեւ սուտը բոյն դրած է անոր մէջ, այլ որովհետեւ մարդկային բնազդի հետեւանքն է ու անոր պատճառած վախը նախապէս նկատի ունենալով պաշտպանութեան կարօտը կը զգայ եւ շատ անգամ առանց գիտակցելու կը դիմէ սուտին:
Ծնողք մը ինչքան ալ սուտին վատ ըլլալը սորվեցնել փորձեն զաւակներուն՝ պիտի չյաջողին, որովհետեւ մանուկը իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն պիտի տեսնէ սուտը. մանուկը բազմաթիւ հարցումներ պիտի տայ ծնողքին եւ ծնողքը ակամայ անոնցմէ շատ շատերուն սուտով մը պիտի պատասխանէ. ընտանեկան այս կամ այն պարագաները սուտով պիտի ներկայացնէ եւ այդ բոլորը ինչքան ալ «սպիտակ» եւ կամ «բարի» սուտ անուան տակ քօղարկուին, սուտ ըլլալէ պիտի չդադրին:
Այդ բոլորին ի տես, մանուկը պիտի յաջողի սորվիլ սուտին «լաւ» կողմերը. պատիժէն ազատելու համար պիտի դիմէ սուտին, իր ապրումներն ու զգացումները պահելու համար պիտի դիմէ սուտին եւ նկատէ, թէ իր կեանքին մէկ մասը պիտի դառնայ սուտը:
Սուտ ըսելով պայման չէ հասկնանք ըսուած այն ստախօսութիւնը, որ ուրիշին վնաս կը պատճառէ. օրինակի համար՝ եթէ այսօր լաւ չես զգար, սակայն շրջապատիդ «լաւ» ըլլալդ կը փոխանցես, ինքնին սուտ մը չէ՞ արդեօք. եթէ այսօր նեղութեան ու դժուարութեան մէջ ես, սակայն կը փորձես այդ բոլորը ծածկել, սուտ մը չէ՞ արդեօք. սուտը մեր մէջ է. այսօր շատ անգամ աղքատ ըլլալով՝ հարուստ, տխուր ըլլալով՝ ուրախ, անհնարինը հնարաւոր ցոյց տալով կ՚առաջնորդուինք ու կ՚ապրինք:
Սաղմոսացի մէջ Աստուած կը պատուիրէ չի՛ ստել. սուտը Աստուածաշունչի համաձայն, հին մարդուն կը պատկանի. մենք նո՛ր մարդ ենք, սակայն հին մարդու սովորութիւններով է, որ կ՚ապրինք. սուտը միշտ պիտի ըլլայ, սակայն երանի այն սուտին, որ ուրիշը չի խաբեր, չի ցաւցներ:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մանուկները ինչո՞ւ սուտ կը խօսին:
Պատասխան. Մանուկները սուտ կը խօսին իրենց երեւակայութիւնը զարգացնելու եւ աշխարհը շատ աւելի լաւ հասկնալու համար: Երբեմն անոնք կը փորձեն սուտի միջոցով ուշադրութիւն գրաւել, կը փորձեն նոր իրականութիւններ ստեղծել եւ երբեմն ալ սուտի ճամբով որոշ պատիժներէ խուսափիլ: Սուտը անոնց համար ո՛չ թէ գիտակցուած արարք մըն է, այլ ձեւ մըն է արտայայտելու անոնց ներքին զգացումներն ու ձգտումները, ցոյց տալու իրենց հոգեկան աշխարհն ու մտածողութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան