ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆ ԱԼ ԱՂՕԹՔԻ ՀԱՄԱԶՕՐ Է
Հակառակ որ իմ սկզբունքներուս հակառակ է, այսօր կը փափաքիմ իմ անձնական փորձառութիւններէս բաժին մը բաժնել, դուք՝ իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուս հետ։ Երբ տարիներ առաջ շրջանաւարտ եղած էի լիսէէն՝ գրել փորձեցի, հետեւելով մեծ հօրս, հօրս. բայց հայրս վերապահութեամբ մօտեցաւ իմ փափաքիս, ըսելով, որ գրելը ծանր պատասխանատուութիւն պահանջող գործ մըն է եւ պէտք է բծախնդիր ըլլալ այդ մասին։ Հայրս յանձնարարութիւններ ըրաւ, որոնցմէ մին ալ, գրած ժամանակ ընթերցողները անձնական հարցերով ժամավաճառ չընել։
Կարելի չափով հաւատարիմ մնալու ջանացի մինչեւ այսօր, բայց այսօր, հոգեւոր դաս մը քաղելու նպատակով անձնական փորձառութենէս դրուագ մը ներկայացնել պիտի փորձեմ…
Մօտաւորապէս 18 տարի առաջ հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցանէի Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, իսկ երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան որպէս կրթական մշակ կը պաշտօնավարէր յարակից Էսաեան վարժարանին մէջ։ Այս թուականներուն հիւանդ էր Երէցկինս. կիրակի մը երբ հիւանդ անկողինն էր, ես անշուշտ Ս. Պատարագ մատուցանելու համար եկեղեցի մեկնեցայ։ Թէեւ քովն էին զոքանչ-մայրս եւ տղաս Արարատը, քանի որ Գրիգորը այդ թուականներուն արդէն արտասահմանն էր։
Եկեղեցի չհասած, ճամբան միտքս զբաղեցուց այդ հարցը, թէ արդեօք ե՞ս ալ Երէցկնոջ քով մնայի։ Բայց, անշուշտ, հոգեւոր պաշտօնս գերադաս էր. ուստի, այս խորհուրդներով Ս. Պատարագը մատուցի։ Ս. Պատարագի ընթացքին՝ երբ օրուան խօսքը կ՚ընէի իմ այնքա՜ն սիրելի ներկայ ժողովուրդին, միտքս տակաւին զբաղած էր վերոյիշեալ հարցով։ Խօսած ատենս յիշեցի Տէր Յիսուսի սա խօսքը, թէ. «…հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի… որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք…». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 36 եւ 40)։ Եւ նիւթը աւելի ընդլայնելով ժողովուրդին հարցուցի. «Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ներ, եթէ մէկը ձեզի պէտք ունի, ձեր օգնութեան կը կարօտի, ո՞ր մէկը նախընտրելի կը նկատէք. թողուլ կարօտեալը եւ եկեղեցի երթա՞լ, թէ օգնել այդ պահուն կարօտեալին…»։
Անշուշտ, այդ պահուն պատասխան մը չստացայ։
Բայց ամբողջ շաբաթ մը միտքս զբաղուեցաւ այդ հարցով։
Անմիջապէս յաջորդ կիրակի արդէն հիւանդանոց փոխադրուած էր երէցկին Աննիկը, եւ հոն, կիրակի օր դէպի երկինք՝ Աստուծոյ մօտ ճամբորդեց։ Իսկ ես այդ կիրակի չկրցի եկեղեցի երթալ եւ Ս. Պատարագ մատուցանել։
Հարցումին պատասխանած էր նոյն Ինքն Աստուած. խօսած էր Աստուած ինծի. «Աղօթելու համար երէցկին Աննիկը քեզի պէտք ունի՝ անոր քով կեցիր…»։
Եւ այն օրէն վերջ կարծես աւելի եւս մօտեցայ Աստուծոյ, աւելի եւս մտերմացայ Անոր, աւելի խօսակցեցայ Անոր հետ։
Եւ համոզուեցայ, թէ Աստուած ո՛չ միայն մեր հոգին, մեր սիրտը, այլ նաեւ մեր միտքը, մեր խորհուրդներն ալ կը քննէ, եւ կը լսէ մեր անլուր խօսքերը, եւ Ան միշտ մեզի հետ է… Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ, Իր մտերմութիւնը վայելել բոլորիս համար կարելի է, քանի որ Աստուծոյ արեգակը առանց խտրութեան բոլորիս վրայ կը ծագի, անձրեւը առանց բացառութեան բոլորիս վրայ կը տեղայ։ Աստուած երբեք խտրութիւն չի դներ իր որդիներուն մէջ, բա՛ւ է որ անդրադառնանք Անոր էութեան, սիրենք զԱյն այնպէս՝ ինչպէս որ Ան կը սիրէ մեզ բոլորս։
Վերոյիշեալ դասը թէեւ վշտագին, բայց անմոռանալի դաս մը եղաւ ինծի. նախ աւելի մօտէն զգացի Աստուծոյ էութիւնը, յետոյ այն՝ որ Երէցկինս առիթ մը եղաւ, միջոց մը եղաւ ճշմարտութեան յստակացմանը կեանքիս մէջ։
Արդարեւ, որեւէ ձեւով կարօտեալի մը օգնել, կարեկցիլ՝ աղօթք է, քանի որ Աստուած մեզմէ ո՛չ միայն խօսք, այլ գո՛րծ կը սպասէ եւ առանց գործի հաւատքը «հաւատք» չէ՛…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 17, 2025, Իսթանպուլ