ԱՌԱՆՑ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԵԱՆ

Ամէն տարի մայիսի վերջին տասը օրերը, ինչ իրադարձութիւն ալ ըլլայ, ինչ նորութիւն, ինչ յիշարժան ու քննարկելի դէպքեր, որոնք այնքան շատ են մեր օրերուն, միեւնոյնն է, ինծի համար այս ժամանակահատուածը մէկ բառ է՝ Սարդարապատ։ 

Շատ են մեր պատերազմները, ի՛նչ խօսք, դեռ մանուկներուն մեր պատմած հի՜ն պատմութիւններէն կը սկսին անոնք. Հայկ եւ Բել, Անգեղ Տորք, Արա, Շամիրամ, Արշակ, Սանասար, Առիւծ Մհեր, Դաւիթ, Մսրայ Մելիք, յիսուն ջաղացք, յիսուն գոմէշի կաշի, Փոքր Մհեր, քարայր, չբացուող դուռ, Վահան, Վարդան Մամիկոնեան, Աւարայր, Տղմուտ, Յազկերտ, նիզակ ու փիղեր, հաւատք, կեանք, կրօնք, ընտրութիւն ու կամք… մինչե՜ւ հասնինք Սարդարապատ։ 

Այսօր, մեր իրականութեան մէջ չեմ գիտեր Սարդարապատի ճակատամարտը ինչ է, ի՛նչ բանի կրնայ ծառայել, կամ առ հասարակ կրնա՞յ ծառայել, բայց ինծի համար, մեր պատմութիւնը մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ կաթիլ-կաթիլ ակօսուած, շիւղ-շիւղ հիւսուած մեր սերունդին համար եւ աւելին՝ քաոսային շփոթի մը մէջտեղերը օրօրուող մեր սերունդին համար հպանցիկ ճակատամարտ մը չէ՛ Սարդարապատը, այլ՝ «20-րդ դարու Աւարայր»… 

Մեզի այսպէս ըսուած էր։ Այսպէս սորվեցանք մենք։ 

Իրաւացի ըլլանք. Աւարայրի ճակատամարտին փետրուարին մէջ ըլլալը, դպրոցական ամենէն եռուն ամիսներէն մէկուն մէջ նշուիլն ու Վարդանանց տօնը ահագին ժամանակ տրամադրելու առիթ կու տայ պատմական այս իրադարձութեան, երբ մայիսի աւարտին, այսինքն ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, ուսանողաց քննութիւններուն համընկնող Սարդարապատը, ցաւօք, աւելի քիչ առիթ ունեցած է եւ կ՚ունենայ եւս ու եւս պատմուելու, անոր հետ կապուած պատումները կրկնելու եւ սորվեցնելու… Անշուշտ, այս պարտականութիւնը, սփիւռքի մէջ, բաց չէին (թերեւս ալ՝ չեն) թողեր մեր միութիւնները, սկաուտական շարքերը, առ շաբաթեայ մեր հանդիպումները։ Սարդարապատի պատմութիւնները առաւելաբար կը լսէին միասնութեան արժէքը եթէ ոչ՝ խորապէս, ապա գոնէ ձեւով մը հասկցող մեծահասակ պատանիներն ու մեր երիտասարդները…

Առաջ այսպէս էր։ 

Բոլոր ժամանակներուն բնորոշ համեմատութիւն է երեւի առաջն ու այսօրը, որ, բնականաբար, հետզհետէ աւելի խորթ է, աւելի սուր, երբեմն շահեկան, երբեմն ալ աղաւաղուած… 

Հին յաղթանակներու հպարտութեան ու ափսոսանքին դիմաց միանգամայն չի տեղաւորուիր այսօրուան պարտութիւնն ու անոր յաջորդող, գողգոթայի անվերջ ճանապարհը, ամէն տեղ ներկայացուող խաչմերուկը, արդէն քանի տարիէ ընթացող շփոթն ու սարսափելի հակասութիւնը, պատմական դէպքերը ըստ արժանւոյն գնահատող մեր գիրքերը, շողշողուն լոյսերուն դիմաց անձրեւէն վերջ յորդած գետակի վերածուած մեր մայրաքաղաքին փողոցները…

Օ՜հ, ամէն ինչ մէջտեղ հանող մաս մաքուր այդ անձրեւները, որոնք կրնան մարել բոլոր կեղծ լոյսերը, ճի՛շդ տեղը կրնան դնել երրորդ, թէ չորրորդ կարգի անհրաժեշտութիւն ունեցող բարեկարգութիւնները…

Ցաւօք, կը դիտեմ ես այս պատկերները եւ չեմ մոռնար, որ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ, 1918 թուականի նոյն այս օրերուն, Արարատեան դաշտին դէմ եղած էր արշաւանք մը եւ գրաւուած էր Սարդարապատէն 10 քմ. հեռու գտնուող «Արաքս» կայարանը, որմէ կ՚անցնէր Ալեքսանդրապոլ-Երեւան երկաթուղին։ Զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.-ին անվտանգութիւնը ապահովելու համար անոր առաջարկած էր Սեւանայ լիճի շրջանը տեղափոխուիլ։ Չեմ մոռնար, որ կաթողիկոսը կտրուկ մերժած եւ ժողովուրդը ոտքի հանելու համար հրամայած է օր ու գիշեր բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը հնչեցնել։ Չեմ մոռնար, որ ան երդուած է Էջմիածին մնալ եւ Մայր Աթոռը անձամբ պաշտպանել. «Եթէ հայկական զօրքերը ի վիճակի չեն այս սրբազան վայրը պաշտպանելու, ապա ես ինքս կ՚ընեմ այդ եւ հոգ չէ, թէ կը զոհուիմ հազարամեայ տաճարի շեմին։ Եւ եթէ եկած է վերջը, ապա ինչո՞ւ չմեռնիլ պատուով եւ արիաբար, չսողալով թշնամու առաջ…»:

Քանի մը օր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը զինուորական ծառայութեան ժամկէտին վերաբերող նոր՝ 2 տարիէն պակաս ժամկէտով պարտադիր զինուորական ծառայութեան օրէնք մը առաջարկեց. մէկ ամիս ժամկէտով ծառայութեան պարագային՝ 20 միլիոն դրամ, իսկ 6 ամիս ժամկէտով ծառայութեան պարագային՝ 15 միլիոն դրամ վճարել։ 

Ահա ա՛յսպէս… իմ մէջի պատմութիւններուս կը դառնամ ու երբեք չե՛մ համեմատեր ես, որպէսզի կարենամ շարունակել.

Սարդարապատի ճակատամարտէն յիսուն տարի վերջ, «ճակատամարտի ոգին ներշնչող» Սարդարապատի յուշահամալիրը նախագծող Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը, թեւաւոր հզօր ցուլերով պաշտպանուած զանգաշտարակէն ձախ գտնուող ծառուղիին երկայնքով տեղադրած է գլուխները վեր բարձրացուցած, հպարտ եւ զգօն հայեացքով հսկայածաւալ հինգ քարաշէն արծիւներ, որոնք կը տանին դէպի հրեղէն ձիերով քանդակազարդուած յաղթանակի յուշապատ. «Աշխատանքի ընթացքին զգացինք, որ խօսքը քիչ է եւ պակաս է ուժը։ Բարձրացուցինք արծիւ - զինուորները, որոնք յաղթանակ բերած էին։ Անոնց հոգիները ուղղուած են դէպի ժողովուրդ՝ մենք կանք, մենք ձեզ հետ ենք, մենք ձեր մէջ ենք», ըսած է ճարտարապետը։

Երբեք չմոռցածներէս է նաեւ, որ յուշահամալիրի սկզբնական նախագիծին ի տարբերութիւն, խորհրդային կառավարութիւնը անոր հեղինակներուն յանձնարարած է արծիւներուն դէմքը դէպի Հայաստան դարձնել…

Այո՛, դէպի Հայաստան, դէպի մեզ թող դառնան այդ յաղթական, քարաշէն հպարտ արծիւները։ Եռաբլուրի եռագոյններուն տակ ննջած այսօրուան արծիւներուն թող նային, անոնց վշտաբեկ ծնողներուն, զաւակներուն, այսօր իսկ սահմանին վրայ զոհուողներուն եւ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգուողներուն, մեզի՛ թող նային, պարտութենէն աւելի՛, պարտութենէն վերջ ի յայտ եկած ու դեռ եկող իրականութիւններէն թեւերը կտրուած, այդուհանդերձ ներքին լոյսով մը առաջնորդուելով՝ առանց «լայւ» ու «ֆիլինկ»ներու, առանց «սթաթուս» ու «սթօրի»ներու, լուռ ու մունջ հաւատքով իրենց գործը շարունակողներուն թող նային անոնք… 

Բոլորս, բոլորս պէտք ունինք հպարտ ու զգօն այդ հայեացքին…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025