ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Մարդ պէ՞տք է վախնայ:
Պատասխան. Վախը, աւելի ճիշդ երկիւղը բնական յատկութիւն մը պէտք է ըլլայ մարդուն համար: Վախը երբ աշխարհիկ հասկացողութեամբ միայն ընկալենք, այն բացասական է եւ չի՛ կրնար մարդուն օգտակար ըլլալ, սակայն, երբ վախը որպէս երկիւղ եւ ակնածանք ընկալենք, ապա մարդուն համար ո՛չ միայն օգտակար կ՚ըլլայ, այլեւ կ՚օգնէ մարդուն իր հոգիին շինութեան եւ փրկութեան ջանքին ու պայքարին մէջ:
Առակացի իմաստուն հեղինակը կը գրէ. «Միշտ վախցող մարդը երանելի է, բայց իր սիրտը խստացնողը չարիքի մէջ պիտի իյնայ» (Առ 28.14): Միշտ վախցող այսինքն՝ Աստուծոյ երկիւղը կրող մարդը, երանելի է, որովհետեւ այդպիսին իւրաքանչիւր արարք, գործ կամ խօսքը, որ պիտի ըսէ կամ կատարէ, լաւապէս կը մտածէ, նոր միայն կը խօսի, կամ կը գործ, իսկ ան, որ իր սիրտը կը խստացնէ, այսինքն՝ կը հպարտանայ, կը մեծամտի, այդպիսին չարիք միայն կրնայ գտնել:
Յիշենք մեր Նախահայրերը. այնքան ատեն որ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ էին եւ երկիւղ ունէին Անոր նկատմամբ, երանական վիճակի մէջ էին, սակայն, երբ չարէն խաբուելով անհնազանդութեան մեղքին մէջ ինկան, այլ խօսքով՝ իրենց սիրտերը կարծրացուցին Աստուծոյ նկտամամբ, զրկուեցան այդ երանութենէն եւ դատապարտութեան ենթարկուեցան:
Ներկայ դարաշրջանը, արդարեւ, հպարտութեան, ամբարտաւանութեան, սիրտի խստացման դարաշրջանի վերածուած է, որովհետեւ մարդ իր ունեցած յաջողութիւններուն, ձեռքբերումներուն եւ արձանագրած յառաջընթացին համար, ո՛չ միայն սկսած է իր սիրտը կարծրացնել ու չարանալ Աստուծոյ հանդէպ, այլ ատկէ անդին անցնելով, սկսած է ուրանալ Անոր ներկայութիւնն ու գոյութիւնը, սկսած է մերժել Անոր ունեցած անմիջական ներազդեցութիւնը մեր իւրաքանչիւր արարքին, գործին ու նոյնիսկ մտածումին եւ խօսքին մէջ:
Այսօրուան մարդը կը կարծէ, թէ ինք իր սեփական կարողութեամբ եւ իմաստութեամբ է, որ այսքան յառաջացած ու զարգացած է: Կեանքի այսօրուան դիւրութիւններն ու յարմարաւէտութիւնը մարդս վերածած են եսակեդրոն եւ ամբարտաւան արարածի մը, որուն համար աներեւոյթ էակի մը հաւատալը, այս պարագային Աստուծոյ, այն ալ՝ Արարիչ Աստուծոյ հաւատալը ժամանակավրէպութիւն եւ թուլութիւն կը համարէ: Այս բոլորը արդիւնք են այն բանին, որ մարդ դադրած է երկիւղ ունենալէ Աստուծոյ նկատմամբ, եւ մարդուն այս պահուածքը նաեւ տարածուած է իր ծնողներուն, ազգականներուն եւ ընդհանրապէս բոլորին նկատմամբ, որովհետեւ երբ մարդ կը մերժէ ու կ՚անարգէ Արարիչը, իրեն համար շատ դիւրին կ՚ըլլայ նոյն այդ Արարիչին նմանութիւնն ու պատկերը եղող արարածները մերժել ու անարգել:
Ըսի, թէ այսօրուան մարդը կորսնցուցած է երկիւղի զգացումը, զայն համարելով տկարութեան նշան: Միթէ՞ այդպէս է: Բնականաբար, ո՛չ, այլ ճիշդ հակառակն է, որովհետեւ զօրաւոր, կամք ունեցող մարդիկն են, որ Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ կ՚ունենան, որովհետեւ այդ զգացումը ո՛չ թէ վախի արդիւնք է, այլ՝ գիտակցութեան, աւելին՝ սիրոյ արտայայտութիւն է երկիւղը: Իսկ տկարները, կամք չունեցողները, թոյլերը չե՛ն կրնար, աւելի ճիշդ ի զօրու չեն գիտակցելու, ի վիճակի չեն այդ սէրը զգալու:
Եկեղեցւոյ հայրերէն շատեր խօսած ու գրած են մարդուն Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ ունենալուն մասին: Այսպէս.
* Սուրբ Ամպրոսիոսը կը գրէ.
Ով որ Աստուծմէ կը վախնայ (երկիւղ կ՚ունենայ), կը հեռանայ սխալէն եւ իր ճամբաները առաքինութեան ճանապարհներուն կ՚ուղղէ: Տիրոջ նկատմամբ երկիւղ ունեցող մարդէն բացի, մարդ անկարող է ժխտել (հեռացնել) մեղքը:
* Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.
Խնդրանքներդ հոգեւոր թող ըլլան… Միտքդ արթուն թող ըլլայ: Ուշադրութիւնդ (կեդրոնացումդ) թող սեւեռուած ըլլայ (աստուածային) բառերուն վրայ: Խնդրէ այն բաները, որ արժէ խնդրել Աստուծմէ, որով կը ստանաս խնրդածդ: Նոյն նպատակով միշտ ուշադիր եղիր, որ հսկումներ ընես, արթուն ըլլաս, ո՛չ խաւարային բաներու ուշադրութիւն դարձնես, միտքդ այս ու այն կողմ չպտտի, այլ՝ փրկութեան ջանաս հասնիլ դողով եւ երկիւղածութեամբ: Գիրքը կ՚ըսէ. «Երանի՜ երկիւղած մարդուն, որու բոլոր գործերուն մէջ Տիրոջ երկիւղը կայ»:
* Սուրբ Օգոստինոսը կը գրէ.
Ջանասիրութեամբ աշխատէ՛ քուկդ եղած հողին մէջ: Արօրով հողդ շրջէ: Քարերը հողէդ հեռու նետէ՛ եւ փուշերն ալ արմատախիլ ըրէ՛: Չկամեցող եղիր կարծր սիրտ ունենալու, որ Աստուծոյ խօսքը անարդիւնաւէտ կը դարձնէ (Սղ 95.8: Մր 16.14): Չկամեցող եղիր ունենալու հողի թեթեւ շերտ մը, ուր աստուածային սէրը խորութիւն չի՛ գտներ՝ որ կարենայ մտնել:
* Սուրբ Բարսեղ Մեծը կը գրէ.
- Ան որ ամէն ինչի մէջ երկիւղածութեամբ, արժանապատիւ համեստութեամբ, երանական ակնածանքով կը կենայ ու հաստատ կը մնայ ճշմարտութեան մէջ, ապա կրնայ ըսել. «Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի. որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ» (Սղ 16.8):
- Անոնց որոնց հետ կ՚ուզես խօսիլ իմաստութեամբ, նախ եւ առաջ պէտք է մաքրագործուին աստուածային երկիւղով: Արդարեւ, ան որ փրկութեան խորհուրդները կը բաժնէ բոլորին, բոլորը կ՚ընդունի միեւնոյն կերպով, որոնց մէջ նաեւ անոնք որոնք անբծութեամբ (մաքրութեամբ, անարատութեամբ) չեն զարդարուած, ինչպէս նաեւ չեն փորձուած եւ արժանի չե՛ն դարձած պատշաճօրէն գործածելու խորհուրդները, կը նմանի անոր, որ թանկարժէք իւղը կը լեցնէ կեղտոտ անօթներու մէջ:
* Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ.
- Երանելի է այն մարդը, ով իր մէջ ունի Աստուծոյ երկիւղը: Սուրբ Հոգին ալ կը բարեբանէ զինք: Երանի այն մարդուն, որ Տիրոջմէ կը վախնայ (Սղ 111.1):
- Ով իր մէջ Աստուծոյ երկիւղը չունի, ան միտքով կը դեգերի եւ անհոգ է բարիին հանդէպ. չափէն աւելի կը քնանայ եւ հոգ չ՚ըներ իր գործերուն մասին: Այդպիսին վաւաշոտութեան անօթ է, կը զուարճանայ այն ամէն ինչով, որ իրեն հաճելի է, որովհետեւ չի վախնար Տիրոջ գալուստէն. ան կիրքերով կը պարծենայ, կը սիրէ հանգիստը, կը փախչի չարչարանքներէն, կը խորշի խոնրահութենէն. կը դաւանի ամբարտաւանութիւնը:
* Յակոբ Նալեան Պատրաիրքը կը գրէ.
- Սուրբ Հոգիին առաջին պարգեւը Երկիւղն է, որ հպարտութիւնը կ՚արտաքսէ:
- Երկիւղը չարէն փախուստն է, որպէսզի մարդ բարին՝ որ կը սիրէ, չկորսնցնէ:
Փախուստը երկու կերպով է. գովելի եւ նախատելի:
Նախատելի փախուստը այն է, որ մարդ կը վախնայ ժամանակաւոր բարիքները կորսնցնելէ:
Գովելի փախուստը այն է, որ մարդ կը վախնայ առաքինութիւնը եւ հոգեւոր բարիքները կորսնցնելէ:
Արդ, գիտցի՛ր, որ երկիւղը տեսակ-տեսակ է:
Նախ՝ երկիւղ կ՚ըսուի բնական բնաւորութեան, որ ամէն մարդ վնասակար բաներէ կը վախնայ. Ինչպէս՝ կրակէն, հեղեղէն, եւ այլն: Այս երկիւղը հոգիին համար ո՛չ վնաս կու տայ եւ ո՛չ ալ օգուտ: Այս երկիւղը Ադամին մեղանչումէն ետք մարդուն որպէս պատիժ տրուեցաւ:
Երկրորդ երկիւղը այն է, որ մարդ մարմինի վնասէն կը վախնայ. Քրիստոս ասոր դէմ ըսաւ, մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն: Այս երկիւղը կրնայ բարի ըլլալ, երբ չարէն խոյս տալու ու փախչելու միտումով կ՚ըլլայ. չար ալ կ՚ըլլայ, երբ հոգեւոր բարութիւնը մարմինի սիրոյն կը մատնուի, ինչպէս ուրանալը:
Երրորդ երկիւղը աշխարհական է, որ մարդ կը վախնայ կորսնցնել ու կողոպտուիլ մարմնաւոր բարութիւններէն:
Չորրորդ երկիւղը ծառայական է, որով մարդ սկիզբը կը վախնայ բնականաբար գեհենէն, դժոխքէն:
Հինգերորդ՝ երկիւղը սկզբնական է, որով մարդ կը վախնայ գեհենէն եւ զԱստուած բարկացնելէն:
Վեցերորդ՝ երկիւղը որդիական է, որով մարդ կը վախնայ զԱստուած բարկացնելէ ու Անկէ բաժնուելէ, ինչպէս որդին կը վախնայ իր հայրը նեղացնելէ, որպէսզի ժառանգութենէն ու հօր ունեցուածքէն չզրկուի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 144
Վաղարշապատ