ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Աչառութիւն ընելը աղէկ չէ, վասն զի պատառ մը հացի համար մարդ կրնայ յանցանք գործել» (Առ 28.21):
Պատասխան. Աչառութիւնը երկու իմաստներ ունի. մէկը այն է, որ մէկու մը կողմնակի կ՚ըլլայ մարդ, անիրաւելով ուրիշ մէկը, այսինքն՝ հակառակ այն իրողութեան, որ իրաւունքը դիմացինին կողմն է, սակայն իր ունեցած դիրքին ու հեղինակութեան միջոցով, կողմնակալութիւն կ՚ընէ, որով իրաւունքը կը ծռէ, այսինքն՝ մեղաւորը իրաւացի կը հանէ, եւ իրաւացին՝ մեղաւոր:
Միւս իմաստը մարդահաճութիւնն է, որով մարդ իր դիմացինները շահելու համար կարելի եւ անկարելի քայլերու եւ արարքներու կը դիմէ, որով մեղքի մէջ կ՚իյնայ, որովհետեւ մարդահաճութիւնը դէպի մեղք առաջնորդող ամենէն հաստատուն կամուրջներէն մին է: Մարդ ո՛չ թէ մարդահաճ պէտք է ըլլայ, այլ՝ Աստուածահաճ:
Մարդահաճ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ հակառակիլ:
Մարդահաճ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ թշնամանալ:
Մարդահաճ ըլլալ կը նշանակէ սատանային գործակից ըլլալ:
Մարդահաճ ըլլալ կը նշանակէ եսասէր ըլլալ:
Մարդահաճ ըլլալ կը նշանակէ մեղաւոր ըլլալ:
Մարդահաճ ըլլալ կը նշանակէ խաւարասէր ըլլալ:
Մարդահաճ ըլլալ կը նշանակէ աշխարհասէր ըլլալ:
Իսկ՝ Աստուածահաճ ըլլալ կը նշանակէ բարեկամանալ Աստուծոյ հետ:
Աստուածահաճ ըլլալ կը նշանակէ մտերմանալ Աստուծոյ հետ:
Աստուածահաճ ըլլալ կը նշանակէ գործակից ըլլալ Աստուծոյ:
Աստուածահաճ ըլլալ կը նշանակէ մարդասէր ըլլալ:
Աստուածահաճ ըլլալ կը նշանակէ առաքինի ըլլալ:
Աստուածահաճ ըլլալ կը նշանակէ լոյսը սիրող եւ լոյսի մէջէն քալող ըլլալ:
Աստուածահաճ ըլլալ կը նշանակէ երկինքը սիրել՝ երկնաքաղաքացի ըլլալ ձգտելով:
Արդարեւ, մարդ պէտք է ձգտի զԱստուած հաճեցնել եւ Աստուծոյ հաճելի կեանք մը ապրիլ: Այդպիսով է որ մարդ մարդոց հաճութիւնն ալ կը շահի: Որովհետեւ Աստուած կը սորվեցնէ մեզի մարդիկը՝ մեր նմանները սիրել, հոգալ ու մտածել անոնց մասին: Իսկ եթէ մարդահաճ ըլլանք, այդպիսով Աստուծոյ բարկութիւնը մեր վրայ հրաւիրած կ՚ըլլանք, որովհետեւ մարդահաճութիւնը մեզ ո՛չ միայն դէպի մեղք ու կորուստ կը տանի, այլեւ կը զրկէ մեզ Աստուծոյ որդեգիր ըլլալու շնորհէն, ինչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցով վերստին արժանացած էինք: Ուշադիր ըլլալ է պէտք, հետեւաբար, եւ պէտք է հեռո՛ւ մնանք աչառութենէն՝ իր երկու իմաստներով առած, որպէսզի չզրկուինք այդ շնորհքէն եւ Աստուծոյ բարկութիւնը մեր վրայ չբերենք:
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Հպարտ սիրտ ունեցող մարդը կռիւ կը հանէ, բայց Տիրոջը ապաւինողը պիտի գիրնայ» (Առ 28.25):
Պատասխան. Տիրոջ՝ Աստուծոյ ապաւինողն ու հպարտ եղողը իրար հակասող երկու մարդիկ են: Ան որ Տիրոջ կ՚ապաւինի, այդպիսին ինքզինք յանձնած կ՚ըլլայ աստուածային նախախնամութեան եւ առաջնորդութեան, որով եւ հպարտութիւնը հեռացուցած կ՚ըլլայ իրմէ: Իսկ հպարտ մարդը, ճիշդ հակառակը, իր հպարտութեան պատճառով ինքզինք յանձնած կ՚ըլլայ սատանային ու անոր արբանեակներուն, աւելին՝ ինքզինք թշնամացուցած կ՚ըլլայ Աստուծոյ, որովհետեւ հպարտ մարդը ինքզինք բարեկամ ըրած կ՚ըլլայ աշխարհին, իսկ աշխարհին բարեկամութիւն ընելը Աստուծոյ թշնամութիւն ընել է, ինչպէս կ՚ըսէ Յակոբոս առաքեալ. «Անհաւատարի՛մ մարդիկ, չէ՞ք գիտեր որ աշխարհին հետ բարեկամութիւն ընել՝ Աստուծոյ թշնամութիւն ընել կը նշանակէ: Որովհետեւ ով որ կ՚ուզէ աշխարհին բարկեամ ըլլալ՝ ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կը դարձնէ: Կը կարծէք, թէ Սուրբ Գիրքը պարա՞պ տեղ կ՚ըսէ. «Աստուած նախանձախնդրութեամբ կը պահանջէ այն հոգին, որ մեր մէջ դրած է», որուն համար ա՛լ աւելի մեծ շնորհք մը կու տայ մեզի, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.
«Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն,
մինչդեռ շնորհք կու տայ խոնարհներուն»:
Հետեւաբար հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ դէմ դրէք չարախօսին՝ սատանային, եւ հեռու պիտի փախչի ձեզմէ: Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ Աստուած Ինք պիտի մօտենայ ձեզի: Ձեր ձեռքերէն չար գործերու աղտը լուացէ՛ք, մեղաւորնե՛ր, եւ դուք, երկմի՛տ մարդիկ, ձեր միտքերը յստակեցուցէ՛ք: Տառապեցէ՛ք, սգացէք ու լացէք, այո՛, ծիծաղելու տեղ՝ սգացէ՛ք, ուրախանալու տեղ՝ տրտմեցէ՛ք: Դուք ձեզ խոնարհեցուցէ՛ք Տիրոջ առջեւ, եւ Ինք ձեզ պիտի բարձրացնէ» (Յկ 4.4-10):
Արդարեւ ամբարտաւան, հպարտ մարդը չի՛ կրնար Աստուծոյ մօտենալ, չի՛ կրնար իր չար գործերէն մաքրուիլ, որովհետեւ կը կարծէ, թէ ինք միշտ ճիշդ է եւ իր կատարածները ճիշդ գործեր են: Իսկ Աստուծոյ ապաւինող մարդը, միշտ ծունկի կու գայ Աստուծոյ մեծութեան դիմաց, միշտ իր արցունքներով ինքզինք կը մաքրէ իր մեղքերէն ու չար գործերէն եւ ինքզինք կը յանձնէ Աստուծոյ խնամքին:
Երբեմն մարդիկ կը կարծեն, որ Աստուծոյ ապաւինիլը տկարութեան նշան է, այն ինչ ճիշդ հակառակն է, որովհետեւ Աստուած կ՚ուզէ, որ մենք Իրեն ապաւինինք, որպէսզի Ինք զօրացնէ մեզ եւ Իր փառքը ցոյց տայ մեր մէջ: Շնուտա Գ. Հայրապետը կը գրէ. «Աստուծմէ ուժ խնդրեցի, ինծի տկարութիւն տուաւ, որպէսզի սորվիմ Իրեն ապաւինիլ»: Չամչնանք Աստուծմէ ուժ խնդրել, միւս կողմէ ալ չնեղուինք կամ չտրտմինք եւ Ան ուժի փոխարէն տկարութիւն տայ մեզի, որովհետեւ այդպիսիով Աստուած մեզ ա՛լ աւելի զօրաւոր կը դարձնէ, ինչպէս ըրաւ առաքեալներուն ու բազմաթիւ սուրբերու հետ:
Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ կը գրէ. «Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց: Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով: Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար. եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները: Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ Աստուած Ի՛նքն էր որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը, որպէսզի, ինչպէս մարգարէութեան մէջ գրուած է. “Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ”» (Ա. Կր 1.26-31):
Աստուծոյ հաճելի եւ Աստուծոյ փառքին համար աշխատող ըլլալու համար մարդ կարիք ունի հետեւաբար հեռու մնալ հպարտութենէն եւ Աստուծոյ ապաւինիլ: Այդ բանին համար մարդ կարիք ունի խոնարհութեան, որ զինք ամբողջութեամբ Աստուծոյ ձեռքերուն կը յանձնէ եւ հաճոյ կը դարձնէ զինք Անոր, ինչպէս բազմաթիւ սուրբերու պարագային:
Աւարտենք այս մասին Մատթէոս Ջուղայեցի Վարդապետին գրածով. «Արդ, իւրաքանչիւր առաքինութեան հիմքը խոնարհութիւնն է, եւ բոլոր սուրբերը խոնարհութեամբ հաճոյ եղան, ինչպէս Աբրահամ խոնարհութեամբ կ՚ըսէր. «Ես հող ու մոխիր եմ» (Ծն 18.27), այդ պատճառով նահապետներուն գլուխը եղաւ: Դաւիթը այսպէս կ՚ըսէր. «Ես որդ եմ եւ ոչ թէ մարդ» (Սղ 21.7), այդ պատճառով ալ Աստուծմէ մարգարէութեան շնորհքը ստացաւ: Եսային այսպէս կ՚ըսէր. «Վա՜յ ինծի, որովհետեւ պիղծ շրթունք ունիմ» (Ես 6.5), այդ պատճառով մարգարէներուն մէջ աստուածաբան կոչուեցաւ: Յովհաննէս Մկրտիչը այսպէս կ՚ըսէր. «Անոր կօշիկներուն կապերն անգամ քակելու արժանի չեմ» (Մր 1.7: Յհ 1.27), այս պատճառով արժանի եղաւ Քրիստոսը մկրտելու: Պետրոսը այսպէս կ՚ըսէր. «Հեռացի՛ր ինձմէ, Տէ՜ր, որովհետեւ ես մեղաւոր մարդ մըն եմ» (Ղկ 5.8), այդ պատճառով երկինքի բանալիները ստացաւ (տե՛ս Մտ 16.19) եւ եկեղեցւոյ հիմը եղաւ (տե՛ս Մտ 16.18): Պօղոսը այսպէս կ՚ըսէր. «Առաքեալ կոչուելու արժանի չեմ» (Ա. Կր 15.19), այդ պատճառով երկինք յափշտակուեցաւ եւ դրախտը տեսնող եղաւ (տե՛ս Բ. Կր 12.2):
Արդարեւ, քանի որ խոնարհութիւնը առաքինութեան գլուխն է, այդ պատճառով մարգարէն կ՚ըսէ. «Աստուած խոնարհ հոգին չ՚արհամարհեր» (Սղ 50.19): Եւ մարգարէին միջոցով [Աստուած] կ՚ըսէ. «Ես որո՞ւ մէջ պիտի հանգչիմ, եթէ ոչ հեզերուն, խոնարհներուն եւ Իմ խօսքէս դողացողներուն» (տե՛ս Ես 66.2): Նոյնինքն Տէրը կ՚ըսէ. «Ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ» (Մտ 23.12): Պօղոսը [կ՚ըսէ]. «Ամենայն խոնարհութեամբ բոլորին լաւ համարենք, քան մեր անձերը» (տե՛ս Փլպ 2.3): Ուրիշ մէկը կ՚ըսէ. «Այնքան ատեն որ ընկերոջ նկատմամբ ոխակալութիւն ունի, իր անձին նկատմամբ Աստուծոյ բարկութիւնը ունի»: Իսկ եթէ խոնարհի, ըստ Տիրոջ, պիտի բարձրանայ (տե՛ս Մտ 23.12), ինչպէս մաքսաւորը, որ Տիորջմէ գովուեցաւ (տե՛ս Ղկ 18.10-13»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 147
Վաղարշապատ