ԱՊՕՐԻՆԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի մէջ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ ստեղծուած տագնապալի իրավիճակը կը շարունակէ համատարած մտահոգութեան պատճառ դառնալ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ կը շարունակէ թիրախաւորել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ անոր Ընդհանրական Հայրապետը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Վարչապետ Փաշինեան երէկուան դրութեամբ իր գրառումներու անվայել պնդումներն ու մեղադրանքները նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ՝ սկսելով օգտագործել բառապաշար մը, որ կը հասնի հայհոյանքի եզրի։
Վարչապետի եւ իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու թոյլ տուած պարսաւանքներով հանդերձ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Վեհափառ Հայրապետը կը վայելեն համատարած զօրակցութիւն եւ կը ցուցաբերեն լուրջ դիմադրութիւն։ Սա արդէն ակնյայտօրէն ջղագրգիռ վիճակ մը յառաջացուցած է իշխանութիւններուն տեսակէտէ, որոնք կը թիրախաւորեն նաեւ այն ազդու անհատները, որոնք հրապարակաւ զօրակցութիւն կը յայտնեն ի նպաստ Նորին Սրբութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ։ Այս տեսակէտէ զգայացունց ու վառ օրինակ մը դարձան երէկուան շարք մը իրադարձութիւնները, որոնք եկան ապացուցանել, որ իշխանութիւնները պետական անվտանգութեան համակարգը քմահաճօրէն շարժման կ՚անցընեն թիրախաւորելու համար այն շրջանակները, որոնք ստեղծուած իրավիճակին մէջ դէմ կը կանգնին առկայ հակաեկեղեցական արշաւին։ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնեաները անակնկալօրէն խուզարկում մը կատարեցին ռուսահայ յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեանի Երեւանի առանձնատան մէջ։ Հարկ է նշել, որ Սամուէլ Կարապետեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մեծագոյն բարերարներէն է եւ վերջին օրերուն ընդվզում յայտնած է հակաեկեղեցական արշաւին դէմ։
Մինչ այս իրադարձութիւնները հանրային կարծիքի աչքին առջեւ հերթական անգամ մերկացուցին հակաեկեղեցական արշաւի՝ ակնյայտօրէն քաղաքական հաշուարկներով պայմանաւորուած ըլլալը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ յայտարարութիւն մը հրապարակեց այս կապակցութեամբ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ կատարուած հրապարակման մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.
«Քիչ առաջ յայտնի դարձաւ, որ Հայոց Եկեղեցւոյ աջակցութիւն յայտնելէ անմիջապէս յետոյ իրաւապահ մարմիններու կողմէ փորձուած է ձերբակալել ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանը եւ այս պահուն կը խուզարկուի անոր տունը։ Խստօրէն կը դատապարտենք ակնյայտ քաղաքական շարժառիթներով պայմանաւորուած հետապնդումը։ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կը յորդորենք՝ անյապաղ դադրեցնել ապօրինի գործողութիւնները»։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ Սամուէլ Կարապետեանին դէմ մեղադրանք առաջադրուած է իշխանութիւնը զաւթելու համար հրապարակային կոչեր հնչեցուցած ըլլալու պնդումով։