ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԷՆ ԴԷՊԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծրագրի երկրորդ փուլը կը սկսի այսօր։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն կ՚անցնի Արեւելեան թեմ, ուր եւս կը մնայ շաբաթ մը։ Լոս Անճելըսէն դէպի Նիւ Եորք ուղեւորուելէ առաջ, Նորին Ամենապատուութիւնը շաբաթավերջին ալ հետեւեցաւ ծանրաբեռնուած ծրագրի մը։ Յամենայնդէպս, երէկուան օրը բնորոշեց իր կեցութեան գագաթնակէտը՝ քանի ան պատարագեց եւ քարոզեց Արեւմտեան թեմի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ, Պըրպենք։ Բացի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանէ, Ս. Պատարագին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջանի վիճակաւորն ու Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելին։ Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ ալ հետեւեցան Ս. Պատարագին։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Մայր տաճարի «Խաչատուրեան» դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ստեփան Կէօզիւմեանի։ Երգչախումբի զանազան սերունդներէ անդամները ամբողջական կազմով երգեցին Ս. Պատարագը, ինչ որ բացառիկ հոգեւոր ապրումներու դուռ բացաւ անոնց տեսակէտէ։

Ս. Պատարագի ընթացքին, քարոզի պահուն, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ողջունեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որու պատգամը այնքան ուշադրութեամբ ունկնդրուեցաւ՝ եկեղեցին ամբողջութեամբ լեցուցած հաւատացեալներուն կողմէ։ Արարողութեան ընթացքին, ի յիշատակ այս այցելութեան՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան լանջախաչ մը նուիրեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Նոյնպէս լանջախաչ մը նուիրուեցաւ նաեւ Նորին Ամենապատուութեան գաւազանակիրին՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին՝ ձեռամբ Նորին Ամենապատուութեան այցելութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Սարօ Մարուքեանի։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Միւս կողմէ, նոյնպէս շաբաթավերջին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Քոստա Մեսայի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր կրօնական արարողութիւններէն վերջ, շաբաթ երեկոյեան, մեծարուեցաւ ընթրիքի սեղանով մը։ «Մենք Պոլսոյ մէջ կը ջանանք մեզի հասածը պահել ու պահպանել՝ ապրելով մեր առօրեան։ Իսկ այստեղ դուք նոր կը հաստատէք եկեղեցի, վարժարան, մշակութային հաստատութիւններ, ինչ որ առաւել եւս դժուար է», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2025