«ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ՝ ՑԱՒԸ»
Մարդուն համար տառապանքը միշտ ալ խնդրայարոյց եղած է եւ մարդ միշտ կը փորձէ պատասխան մը գտնել, թէ ինք ինչո՞ւ կը տառապի, ցաւ կը կրէ: Աւելին, եթէ Աստուած սիրող է եւ հոգատար Հայր, ինչո՞ւ կ՚արտօնէ, որ մարդիկ տառապին, ցաւին:
Այս եւ նման բազմաթիւ հարցումներու պատասխանները արդէն հասանելի են հայ հաւատացեալին համար, շնորհիւ Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի հայացուցած մէկ գիրքին, որ կը կրէ հետեւեալ վերնագիրը. «Ինչո՞ւ տառապանքը՝ ցաւը»: Գիրքին հեղինակն է, Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ ներկայիս գործող հոգեւորականներէն՝ հայր Տաուտ Լամէի:
Գիրքը լոյս տեսած է Հալէպ, Սուրիա, 2025-ին, թղթակազմ է. 224 էջերէ կը բաղկանայ: Գիրքին հայացումը կատարուած է կուռ եւ ճկուն կերպով: Հաճոյքով եւ հետաքրքրասիրութեամբ կարելի է կարդալ զայն, նկատի ունենալով մէկ կողմէ լեզուի ճկունութիւնը, միւս կողմէ գիրքին մէջ տեղ գտած մարդս հետաքրքրող ու մարդուս միտքը չարչրկող բազմաթիւ հարցումներու պատասխաններուն առկայութիւնը: Գիրքը հրատարակուած է ազնիւ մեկենասութեամբը «TOGETHER» բարեսիրական հաստատութեան Սուրիոյ մասնաճիւղին:
Գերաշնորհ սրբազանի երկու խօսքի կողքին, գիրքը կը բովանդակէ 14 գրութիւններ, որոնց ընդմէջէն հայր Տաուտ Լամէի, Սուրբգրային մէջբերումներով կը բացատրէ եւ կը պարզաբանէ, թէ ի՞նչ է տառապանքը, մարդ ինչո՞ւ համար կը տառապի, Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ, որ մարդիկ տառապին, ցաւին, եւ ասոնց դիմաց գիրքին արժանապատիւ հեղինակը Սուրբգրային դէմքերու փորձառութեան ընդմէջէն լուծումներ կ՚առաջարկէ դիմակայելու տառապանքը եւ կը բացատրէ, թէ մարդ ի՛նչ վերբերմունք պէտք է ունենայ կամ որդեգրէ տառապանքի ու ցաւի ընթացքին: Իւրաքանչիւր գրութեան աւարտին, գիրքին հեղինակը տուեալ գրութեան նիւթին համահունչ աղօթք մը արձանագրած է, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կրնայ այդ աղօթքները իր ամէնօրեայ աղօթքներուն միացնելով՝ ա՛լ աւելի զօրացնէ իր աղօթական կեանքը:
Մակար Սրբազան իր երկու խօսքին մէջ կը գրէ.
«Գիրքին հեղինակը, հայր Տաուտ Լամէի, Ղպտի Ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ քահանայ հայրերէն, մորթի մասնագէտ բժիշկ, դասախօս, մեկնաբան, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ Հելիոպոլիսի մէջ, Գահիրէ, Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ ներկայ հոգեւոր տեսուչ, Աստուածաշնչական դէպքերու, դէմքերու եւ երեւոյթներու ընդմէջէն, աստիճանական զարգացումով կը քննարկէ վերոնշեալ հարցադրումները (թէ ինչպէս Մարդասէրն Աստուած կ՚արտօնէ, որ Իր զաւակները տառապին, լուռ կը մնայ ի տես անոնց տառապանքին, եւ այլն…) եւ կենդանի օրինակներով լոյս կը սփռէ տառապանքի աստուածաշնչական եւ քրիստոնէական ըմբռնումին վրայ, մատչելի ոճով ընթերցողը հաղորդ դարձնելով ճշմարտութեան: Որպէսզի ճիշդ հասկնանք եւ ըստ այդմ ալ մօտենանք, ընդունինք ու ընկալենք տառապանքը, ի՛նչ կերպով ու սաստկութեամբ ալ յայտնուի մեր կեանքին մէջ:
Անհրաժեշտ է ճիշդ հասկնալ տառապանքը եւ թէ ինչո՞ւ Աստուած թոյլ կու տայ զայն մեր կեանքին մէջ, որպէսզի հակառակ ազդեցութեամբ սխալ եզրակացութիւններու չյանգինք եւ վատառողջ որոշումներ չկայացնենք: Որովհետեւ անոնց հետեւանքը կրնայ հոգեպէս քանդել ու կործանել մեզ, եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը քայքայելով՝ անոր հետ թշնամացնել ու օտարացնել:
Ընդհակառակը, երբ ճիշդ հասկնանք, անկէ կ՚օգտուինք, դաս կ՚առնենք, Աստուծոյ բարի կամքին համաձայն կը դաստիարակուինք եւ աւելիով զօրացած՝ կը շարունակենք մեր կեանքի պայքարը, միշտ յաղթական դուրս գալով բոլոր պարագաներէն ու անել թուացող կացութիւններէն:
Տառապանքի ճանապարհորդութիւնը դէպի անծանօթ ուղեւորութիւն մըն է: Այսպէս կը թուի ըլլալ սկիզբը: Վստահի՛ր ո՜վ մարդ եւ գոհունակ եղիր առանց վախնալու, որովհետեւ աւարտը յաւիտենական ուրախութիւնն է, երբ Աստուած մեր աչքերէն ամէն արցունք պիտի սրբէ “…այլեւս ո՛չ մահ գոյութիւն պիտի ունենայ, ո՛չ սուգ, ո՛չ ողբ եւ ոչ ալ յոգնութիւն” (Յյտ 21.4)» (էջ 10-11):
Վարձքը կատար Մակար Սրբազանին այս շատ կարեւոր եւ այժմէական գիրքին հայացումին համար: Վստահաբար շատերու համար այս գիրքը առիթ մը պիտի ըլլայ, վերանայելու տառապանքին նկատմամբ մեր ունեցած մօտեցումը եւ հոգեւոր ակնոցներով նայելով տառապանքին, փորձելու զայն ծառայեցնել մեր հոգիներու փրկութեան համար: Այս գիրքը գէթ մէկ անգամ կարդացողները, թող անպայման աղօթք բարձրացնեն առ Ամենաբարին Աստուած, խնդրելով Անկէ որ Իր իմաստութիւնը առատապէս հեղու Մակար Սրբազանին, հայր Տաուտ Լամէին եւ իրենց նման այլ հոգեւորականներու վրայ, որպէսզի Աստուծոյ պարգեւած շնորհքով շարունակեն հովուել Աստուծոյ հօտը դէպի «դալար արօտավայրեր», դէպի խաղաղ նաւահանգիստ:
***
Այժմ, ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ այս գիրքէն, մեր կողմէ կատարած որոշ պարզաբանումներով:
* Քրիստոնեայ հաւատացեալը իր առօրեայ կեանքին ընթացքին եւ ընդհանրապէս երբեմն գիտակից եւ շատ յաճախ անգիտակից կերպով գերին դարձած կ՚ըլլայ որոշ սովորութիւններու, որոնք զինք կամաց կամաց կը հեռացնեն Աստուծմէ, հոգեւոր կեանքը՝ որ ժամանակ մը ջերմ էր ու աշխոյժ՝ կը սկսի նուաղիլ ու որոշ ժամանակ մը ետք ամբողջութեամբ մարիլ եւ անոր փոխարէն տեղ կը գտնեն անտարբերութիւնը, ծուլութիւնն ու աշխարհիկ հաճոյքները: Եւ եթէ մեր կեանքին մէջ որոշ ապտակներ՝ հոգեւոր ապտակներ չստանանք, շատ դիւրութեամբ կրնանք մեր հոգին յաւիտենական դատապարտութեան մատնել: Այս մասին հայր Տաուտ Լամէի կը գրէ.
«“Մարմինով չարչարուողը կը դադրի մեղանչելէ” (Ա. Պտ 4.1):
Մեր կեանքին վրայ իշխող մեղքեր կան, որոնցմէ դիւրութեամբ չենք կրնար ձերբազատիլ: Անոնց ազդեցութիւնը կործանարար է մեր կեանքին համար եւ կրնայ պատճառ դառնալ, որ յաւիտենականութիւնը կորսնցնենք: Ինչպէս օրինակ՝ հպարտութիւնը, դրամասիրութիւնը, ժամանակաւոր կեանքին ու աշխարհին կառչածութիւնը, անձնասիրութիւնը կամ մարմնաւոր կիրքերն ու ցանկութիւնները:
Այդ պատճառով Աստուած թոյլ կու տայ դառն դեղի, որ փորձութիւնն է. Տիրոջ համար ամենազօրաւոր բուժումը այդ մեղքերէն ազատելու համար, երբեմն թոյլ տալն է խիստ նեղութեան, որ կարողութիւնը ունի մեզ բժշկելու, մաքրելու եւ սրբելու այն ծածուկ մեղքերէն զորս չենք ճանչնար» (էջ 21-22):
* Մարդը իր բնաւորութեամբ երբ նեղութեան կամ դժուարութեան կը հանդիպի, եթէ հոգեպէս զօրաւոր չէ եւ հաւատքի կեանքի փորձառութիւն չունի, շատ շուտով կը սկսի դժգոհի ու տրտնջալ, թէ ինչո՞ւ համար այդքան նեղութիւններ ու դժուարութիւններ կը պատահին իրեն, եւ երբեմն նոյնիսկ կը սկսի զԱստուած մեղադրել, ըսելու համար չի սիրեր զինք, եւ այլն: Նեղութիւնները, իրականութեան մէջ, եթէ հաւատքի ու հոգեւոր կեանքի պատճառով են, թէեւ այստեղ կրնան ֆիզիքապէս վնասել մեզ, սակայն, դրամագլուխ են ատոնք, որոնց առկայութեան պարագային կրնանք մաքուր հոգիով Աստուծոյ առջեւ կանգնիլ: Հայր Տաուտ Լամէի նեղութիւնները հրաշքներէն ու մեծ գործերէն աւելի բարձր կը դասէ ու կը բացատրէ ըսելով, որ բոլոր անոնք որոնք համբերութեամբ եւ գիտակցութեամբ կը տանին իրենց բաժին հասած տառապանքները, ապա փառքի պսակին կ՚արժանան: Իր ըսածը հայր Լամէին աւելի յստակ կը դարձնէ բերելով Պօղոս առաքեալին եւ անդամալոյծի մը օրինակը։ Ան կը գրէ.
«Նեղութիւնները մարդուս համար դրամագլուխ են:
Աստուծոյ առջեւ պիտի կանգնին ո՛չ թէ անոնք՝ որոնք հրաշքները տեսան կամ կատարեցին, այլ՝ տառապողները, տկարները եւ բոլոր անոնք, որոնք նեղութիւն, ցաւ, անարգանք, նախատինք ու արհամարհանք կրեցին եւ համբերութեամբ տարին այդ բոլորը: Պօղոս առաքեալ գեղեցիկ օրինակ կը հանդիսանայ տառապողներու. «Գալով անձիս, միայն տկարութիւններովս պիտի պարծենամ» (Ա. Կր 12.5): Իսկ այն մեծ գործերը, հրաշքներն ու Աւետարանչութիւնը որ կատարեց Ասիոյ ու Եւրոպայի մէջ եւ այն տեսիլքները որ ունեցաւ, այդ բոլորին մէջ ան ո՛չ մէկ արժանիք ունի: Անոնք Աստուծոյ գործերն են, որ իր մէջ ու իր միջոցաւ կատարուեցան: Իսկ տառապանքները, ի՛նք ընտրեց, ընդունեց եւ փախուստ չտուաւ անոնցմէ: Ասիկա՛ է, որ իրեն համար առաւել փառք պիտի համարուի. «Իր (Յիսուս Քրիստոսի) չարչարանքներուն մասնակից կ՚ըլլանք, որպէսզի իր փառքին եւս մասնակից ըլլանք» (Հռ 8.17):
Որքան տառապանքը շատնայ եւ համբերութիւնդ (տանելու եւ կրելու կարողութիւնդ) աւելնայ, այդքան փառահեղ կը դառնայ ստանալիք պսակդ: Իւրաքանչիւր ցաւի ու տառապանքի պահուն դիմաց, տարիներու ուրախութիւն եւ փառք պիտի շահիս:
Առիթով մը անդամալուծուած երիտասարդի մը այցելութիւն տուի: Կը սպասէի, որ ըստ սովորութեան ան իր անկարողութեան մասին գանգատի, բայց զարմանքս մեծ եղաւ, երբ զինք ժպտադէմ եւ ուրախ գտայ: Երբ հարցուցի, թէ ի՞նչ է գաղտնիքը այդ ուրախութեան եւ ներքին խաղաղութեան, ան պատասխանեց. “Նախքան անդամալուծութիւնս, Տիրոջ վրայ չէի կեդրոնացած, ու իմ երկինքի մէջ կուտակելիք հաշիւս զերօ էր: Հիմա սակայն կը հասկնամ Տիրոջ իմաստութիւնը եւ հակառակ անկարողութեանս ու տառապանքիս, ես ուրախ եմ: Ինծի համար ասկէ զատ ուրիշ միջոց (լուծում) չկար, այլապէս սնանկացած երկինք պիտի հասնէի: Հիմա հոգեկան ցնծութեամբ կը գոհանամ եւ շնորհակալ եմ, որովհետեւ հոն ապահոված հաշիւս որպէս գանձ եւ հարստութիւն, շատ մեծ պիտի ըլլայ”» (էջ 25-26):
* Մենք յաճախ մեր հանգիստին մասին կը մտածենք եւ կը կարծենք եթէ շատ դրամ ունենանք՝ կրնանք հանգիստ ըլլալ, եթէ լաւ աշխատանք ունենանք՝ ապահով կրնանք ըլլալ, եթէ արտերկիր հանգիստի երթանք՝ լաւ մը կը հանգստանանք: Այս բոլորը իրենց դրական ազդեցութիւնը կրնան ունենալ այն մարդոց վրայ, որոնք իրենց կեանքը Աստուծոյ յանձնած են, եւ այս բոլորը ո՛չ թէ առաջնահերթութիւն են իրենց կեանքին մէջ, այլ՝ երկրորդական, երրորդական կամ չորրորդական: Հոգեւոր մարդուն համար լաւ ու հանգիստ ըլլալը կը կայանայ, կամ պէտք է կայանայ բարեգործութեան մէջ: Այս մասին գիրքին մէջ կը կարդանք.
«Լաւ ըլլալու համար, անպայման պէտք է բարին գործես, ծառայես մարդոց, օգնես տառապողներուն, աղքատներուն, իրաւազրկուածներուն ու տրտմածներուն եւ անոնց՝ որոնք զիրենք յիշող մէկը չունին: Ամէն բարիք որ մարդ իր կեանքի մէջ կը գործէ՝ իրեն սպասող երկնային գանձի կը վերածուի. “Որովհետեւ Աստուած մարդոց բոլոր գործերը, նոյնիսկ ծածուկ գործերը, բարի թէ չար, դատաստանի պիտի ենթարկէ” (Ժղ 12.14)» (էջ 87):
* Շատեր, որոնց մէջ նաեւ քրիստոնեաներ կը հաւատան կամ կը կարծեն, որ շատ բաներ մեր կեանքին մէջ պատահականութեան արդիւնք են: Բայց միթէ՞ այդպէս է: Հայր Տաուտ Լամէի կը գրէ.
«Կեանքիդ մէջ պատահականութիւն չկայ, ամէն ինչ հաշուուած է: Նոյնիսկ քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ ծնիլդ պատահական չէ, այլ Աստուծոյ ծրագիրին համաձայն դուն իրեն կանչուած ես: Ձախողութեան եւ վնասի հանգրուաններէն անցնիլդ ալ պատահական չէ:
Քեզ նեղացնող անձի մը հանդիպիլդ կամ հալածանքի ենթարկուիլդ ալ պատահական չեն: Ամէն ինչ որ քեզի կը պատահի՝ աղէկ է» (էջ 108):
* Ըսուած է, որ փորձութեան դիմադրող եւ յաղթող ամենէն զօրաւոր զէնքը աղօթքն է: Հայր Լամէի փորձութեան այլ յատկութիւն մը կու տայ մեզի՝ ըսելով, որ ան նաեւ ուսուցիչ է, աղօթել սորվեցնող ուսուցիչ: Կը կարդանք.
«Փորձութիւնը աղօթել սորվեցնող առաջին ուսուցիչն է: Ուստի, աղօթէ՛, ապա աղօթէ՛ եւ դարձեալ աղօթէ՛ եւ բնաւ կանգ մի՛ առներ աղօթելէ, մինչեւ որ տեսնես Տէրը եւ ստանաս պատասխանը, որ անկասկած բոլոր ակնկալածներէդ ու երազածներէդ աւելի լաւը պիտի ըլլայ» (էջ 122): Եւ՝ «փորձութեան ամենակարեւոր օրհնութիւններէն ու բարիքներէն մէկը այն է, որ յարատեւ աղօթքով ու երկիւղով նայուածքդ Տիրոջ վրայ կեդրոնացնես, փորձութեան ամբողջ ընթացքին: Որովհետեւ պարզ պահերուն, թերեւս ծուլութեամբ եւ քնանալով կը տարուիս, բայց փորձութեան ամբողջ ընթացքին նայուածքդ միշտ Տիրոջ վրայ կեդրոնացած պէտք է ըլլայ: Սակայն, երբ այդ պահուն նայուածքդ Տիրոջմէն հեռացնելով՝ փորձութեան պատճառած դժուարութեան ուղղես, կ՚ընկղմիս:
Փորձութիւնը նաեւ կրնայ յարատեւ աղօթքի մարզուելու սկիզբ ըլլալ: Ո՜վ Տէր Յիսուս Քրիստոս, շնորհակալ եմ: Փա՛ռք քեզի, Տէ՜ր: Ողորմէ՛ ինծի, Տէ՜ր: Ես քեզ կը սիրեմ, Տէ՜ր իմ Յիսուս» (էջ 124-125):
* Փորձութեան անհրաժեշտութիւնը եւ անոր բարերար ազդեցութիւնը մատնանաշելով քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքին մէջ, կը գրէ.
«Առանց փորձութիւններու, մարդ իր անձին մասին մեծ համարում կ՚ունենայ եւ շատ բաներ կը կարծէ. կը կարծէ, որ ինք զօրաւոր է, իմաստուն է, յաջողակ է, սիրուած է, իր շուրջիններէն աւելի լաւ է եւ շատ բաներ կրնայ ընել: Սակայն փորձութիւնը վրայ կը հասնի եւ յանկարծ մարդուն կը յայտնէ իր տկարութիւնը, անկարողութիւնն ու մեղաւորութիւնը: Կրնայ հակառակն ալ պատահիլ: Մարդ կը կարծէ, որ տկար է, ձախողակ է, ատելի է բոլորէն ու նուաստ, բայց փորձութիւնը գալով իրեն կը յայտնէ, որ ինք զօրաւոր է, յաջողակ է, սիրուած է եւ կրնայ տանիլ դժուարութիւնը» (էջ 131):
* Մարդու կեանքին մէջ կան պահեր, երբ մարդ ինքզինք կոտրուած, յուսահատած, անօգնական եւ անպաշտպան կը զգայ: Կը կարծէ, որ ո՛չ ոք ունի, կը մտածէ, որ նոյնիսկ Աստուած երես դարձուցած է իրմէ, ինչպէս էր Յովնան մարգարէի պարագան: Այս մասին հայր Տաուտ Լամէի կը գրէ ու կը բացատրէ, որ թէեւ երեւութապէս այդպէս է, բայց Աստուծոյ ծրագիրները մեզի համար վերապահուած, շատ յաճախ տարբեր են մեր պատկերացումներէն: Կը կարդանք.
«Որոշ պահերու Տիրոջ բարկութեան զգացողութիւնը կը պատէ քեզ: Յովնան մարգարէ այդ զգացումը ապրեցաւ, երբ ըսաւ. “Զիս անդունդը, ծովուն խորը նետեցիր, ուր հեղեղները զիս պաշարեցին, բոլոր յորձանքները եւ բոլոր ալիքները իմ վրաս թաւալեցան” (Յվն 2.3):
Այո՛, Յովնան այդ բոլորը զգաց ու ապրեցաւ, բայց Կէտին փորէն դուրս եկաւ ու Նինուէ քաղաք գնաց ապաշխարութիւն քարոզելու: Հակառակ իր ունեցած բոլոր տկարութիւններուն, ան Նինուէի ժողովուրդին համար նշան ու փրկութիւն հանդիսացաւ:
Եթէ դուն քեզ կոտրած, նետուած, լքուած ու ձախող կաւէ անօթ կը զգաս, ինչպէս նաեւ՝ հոգեպէս ու մտապէս անկարող եւ կամ կեանքի չափանիշներդ կ՚ըսեն, թէ անօգուտ ես, վստա՛հ եղիր, որ Տիրոջ չափանիշները բոլորովին տարբեր բան կ՚ըսեն. “Դուն մեծապէս սիրուած ու ընդունուած ես” եւ թէ՝ “Աստուած կրնայ քու միջոցաւդ շատ աւելի գործել, սակայն կարիք ունի որ յանձնուիս ու ընդառաջես իր կամքին”» (էջ 188):
* Գիրքին արժանապատիւ հեղինակը իր գրութիւններէն մէկուն սկիզբը կը շեշտէ, որ ճշմարիտ քրիստոնեային նշանը ուրախութիւնն է, եւ ապա շատ գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ աշխարհիկ եւ հոգեւոր ուրախութիւններու տարբերութիւնը՝ գրելով.
«Իսկական քրիստոնեային նշանը՝ ուրախութիւնն է: Քրիստոնեան կը ճանչցուի իր ժպիտով եւ դէմքի զուարթութեամբ:
Քրիստոնեայ մարդը Աստուծոյ շնորհքով ուրախ է: Ուրախ է, որովհետեւ Տէրը իր Հայրն է: Ուրախ է, որովհետեւ իր անունը Կենաց գիրքին մէջ գրուած է: Ուրախ է, որովհետեւ գիտէ որ Աստուած բնաւ չի սխալիր իր վճիռներուն ու տնօրինումներուն մէջ» (էջ 193): Եւ՝ «կեանքին մէջ ուրախութիւնը միշտ ալ իր պատճառները ունի. դրամ, յաջողութիւն, ամուսնութիւն, զաւակներ, ձեռքբերումներ, ամէն ինչ որ նոր է, եւ այլն:
Այս բոլորը ուրախութեան պատճառներ են: Բայց հոգեւոր կեանքին մէջ, ուրախութեան մղիչ ազդակները կը տարբերին: Ատոնք կրնան ըլլալ սէրը, ապաշխարութիւնը, զղջումը եւ կամ յոյսը:
Բայց այն՝ ինչ որ հոգեւոր ուրախութիւնը կ՚առանձնացնէ՝ հակառակ տիրող կամ առկայ դժուարութիւններուն կամ այս բոլորով հանդերձ, ուրախ զգալ կամ ուրախ ըլլալ: Դուն չես կրնար աշխարհիկ մտածողութեամբ առաջնորդուող մարդուն, որ քննութեան մէջ ձախողած է եւ կամ նիւթական հսկայ կորուստի ենթարկուած է, ըսել՝ ուրախացի՛ր: Ասիկա անոր համար անտրամաբանական է եւ անընդունելի: Բայց կրնաս հոգեւորապէս կեանքը ապրող քրիստոնեային, որ նեղութեան ու փորձութեան մէջ է, ըսել՝ ուրախացի՛ր» (էջ 193-194):
Ապա շատ հետաքրքրական կերպով կը բացատրէ, թէ մենք ինչո՞ւ չենք կրնար Տիրոջմով ուրախանալ: Կը գրէ.
«Ինչո՞ւ չենք կրնար Տիրոջմով ուրախանալ, հակառակ անոր որ ան միշտ մեզի հետ է եւ աւելի թանկագին է քան որեւէ բան, որ ունինք կամ կը ցանկանք ունենալ: Պատճառը, որովհետեւ Աստուծոյ չենք նայիր, այլ կը նայիքն մեր ունեցածներուն, ինչքերուն եւ խնդրանքներուն եւ զանոնք մեզի հանդէպ ունեցած Աստուծոյ սիրոյ նշանը կը համարենք: Եւ եթէ չպատասխանէ՝ կը կարծենք, որ Աստուած մեզ չի սիրեր եւ կը սկսինք կասկածիլ:
Պօղոս առաքեալ ո՛չ մտահոգուեցաւ եւ ոչ ալ խռովեցաւ, երբ Աստուած չպատասխանեց իր աղաչանք-խնդրանքին, որպէսզի փուշի պէս ծակող ցաւը վերցնէ իր մարմինէն, այլ ընդհակառակը, այդ ցաւը իր ուրախութեան, մխիթարութեան եւ իր մէջ գործող Աստուծոյ զօրութեան եւ շնորհքին գաղտնքիներէն մէկը դարձաւ:
Դժբախտաբար, մենք զԱստուած չէ որ կ՚ուզենք, այլ՝ իր պարգեւները: Այդ պատճառով ալ միայն Աստուծմով ուրախանալ չենք գիտեր: Մենք շատ աւելի կը հետաքրքրուինք պարգեւով քան Պարգեւիչով:
Ո՜վ Տէր, չեմ ուզեր այգիներուն, թզենիներուն եւ արտերուն նայիլ եւ ուրախանալ, միայն սորվեցուր ինծի, որ քեզ տեսնեմ ու քեզմով ուրախանամ եւ ուրախութիւնս մնայուն ըլլայ» (էջ 197):
* Մարդկային մեր փոխյարաբերութիւններուն ընթացքին յաճախ կը դժգոհինք, որ մարդիկ՝ մեր հարազատները, ընկերները, մտերիմները չեն հասկնար մեզ, բաժնեկից ու մասնակից չեն դառնար մեր ուրախութիւններուն եւ տխրութեան: Հայր Տաուտ Լամէի այս մասին կը գրէ, յիշեցնելով մեզի, որ նոյնիսկ եթէ ամբողջ աշխարհը մեզ անտեսէ, կայ Մէկը, որ երբեք մեզ առանձին չի՛ ձգեր: Կը կարդանք.
«Եթէ անդրադառնաս որ մարդիկ չեն կրնար հասկնալ քեզ կամ զգալ քեզի հետ եւ կամ մասնակից ու հաղորդակից դառնալ քու դժուարութիւններուդ ու տագնապներուդ, շատ մի՛ նեղուիր, որովհետեւ կայ մէկը՝ որ բնաւ չի քնանար ու չ՚ուշանար: Ան՝ որ ամէն ինչ գիտէ, գիտէ սրտիդ մէջ եղածը եւ կը զգայ քեզի հետ: Ամէն ժամանակ Յիսուսի ապաւինէ, ան սիրով կը սպասէ քեզի, որպէսզի քու փոխարէնդ ինք կրէ վիշտերդ եւ յոգնութիւններուդ ծանրութիւնը ու հանգիստ եւ ուրախութիւն պարգեւէ քեզի» (էջ 210):
* Հայր Տաուտ Լամէի մեզի կը յիշեցնէ նաեւ Հօր Աստուծոյ հայրութիւնը եւ Անոր տածած մնայուն խնամքը Իր զաւակներուն նկատմամբ: Հեղինակը, յատկապէս կը շեշտէ, որ դժուարութիւններուն, տառապանքներուն մէջ մանաւանդ, Հօր Աստուծոյ Հայրութիւնը իր բարերար ազդեցութիւնը կը ձգէ մարդուն վրայ, անոր մխիթարութիւն, թեթեւութիւն եւ ուրախութիւն պատճառելով: Կը կարդանք.
«Ամենամխիթարական եւ բուժիչ երեւոյթներէն մէկը Աստուծոյ հայրութեան զգացողութիւնն է: Ամէնօրեայ դրութեամբ «Հայր մեր» Տէրունական աղօթքը որ բազմաթիւ անգամներ կ՚աղօթենք, բաւարար է մարդուս սրտէն ամէն վիշտ վանելու, անշուշտ եթէ կրցար ու գիտցար հայրութեան ճշմարիտ իմաստին խոր հասկացողութեամբ, կեդրոնացումով եւ զգացումով ըսել զայն:
Դուն մեր Հայրն ես, կը զգաս մեզի հետ, գիտես թէ ի՛նչ վիճակի մէջ ենք եւ ամէն ինչ որ կայ մեր ներսիդին: Դուն մեզ կը սիրես հակառակ ամէն ինչի: Դուն մեզ կ՚ընդունիս, երբ բոլորը մեզ կը մերժեն, տկար մանուկի նման կը վարուիս մեր հետ եւ ամբողջ էութեամբ մեզ կը կրես:
Վշտակիր մարդը կարիք ունի ծոցի մը, որ զինք կը սեղմէ ու կը գրկէ. անձի մը՝ որ կը թեթեւցնէ իր բեռը ու կը մխիթարէ զինք: Ան պէտք չունի տրամաբանութեան ու մտքի ճարտարութեան եւ ո՛չ ալ բանական լուծումներու եւ բացատրութիւններու, այլ կարիք ունի միշտ զգալու, որ ինք սիրուած է եւ ընդունուած» (էջ 212-213):
* Մարդ իր տառապանքին մէջ ընդհանրապէս աւելի կը միտի դժգոհելու, տրտնջալու, քան թէ խոնարհելու, ծունկի գալու ու երկրպագելու Տիրոջ առջեւ: Հայր Տաուտ Լամէի այս մասին կը գրէ.
«Եկեղեցին մեզի երկրպագել կը սորվեցնէ: Երկրպագել կը նշանակէ փշրուած ու կոտրած սրտով, երկիւղով ու խոնարհութեամբ ծունկ ծռել մինչեւ գետին, որպէսզի Աստուծոյ առջեւ խոնարհիլ սորվինք: Իսկ վշտահարը երբ կ՚երկրպագէ, կարծես իր ներսի ամբողջ տխրութիւնն ու տրտմութիւնը կը թափէ Աստուծոյ առջեւ:
Տիրոջ առջեւ նուաստացումը կը վերացնէ վիշտը, որովհետեւ Տէրը շնորհք կու տայ խոնարհներուն (Յկ 4.6): Երբ Աստուած իր առջեւ կը տեսնէ փշրուած ու կոտրած սրտով գետին խոնարհած մարդը, կը գթայ, ձեռքը անոր վրայ կը դնէ, վհատութենէն վեր կը կանգնէ ու իր սրտին սեղմելով կը գրկէ:
Յոբ իր վերջին փորձութեան մէջ ըսաւ. «Ուստի բոլոր ըսածներէս կ՚ամչնամ, կը զղջամ, եւ հող ու մոխիր կը ցանեմ գլխուս» (Յոբ 42.6): 42 գլուխներու մէջ, Յոբ յամառօրէն մերժեց գլուխը խոնարհեցնել եւ շարունակ փորձուեցաւ, բայց երբ անդրադարձաւ ու խոնարհեցաւ, փորձութիւնը վերցուեցաւ» (էջ 213-214):
«Ինչո՞ւ տառապանքը՝ ցաւը» գիրքին ներկայացումը աւարտենք արժանապատիւ հեղինակին կողմէ գրուած հետեւեալ աղօթքով.
«Փա՛ռք եւ գոհութիւն կը յայտնեմ քեզի, ո՜վ Աստուած, անդենական աշխարհի գոյութեան համար, ուր ո՛չ մահ կայ, ո՛չ ցաւ, ո՛չ աղաղակ, ո՛չ փորձութիւն, ո՛չ արցունք եւ ոչ ալ տառապանք:
Շնորհակալ եմ Տէ՜ր, որովհետեւ փորձութեան ճամբով կ՚օգնես ինծի, որ կարենամ անտեսանելին տեսնել եւ յաւիտենական կեանքին կարօտիլ:
Գոհութիւն քեզի, Տէ՜ր Աստուած, որովհետեւ երկինք գացիր, որպէսզի մեզի համար տեղ պատրաստես եւ կարգաւորումիդ համաձայն, մեզի համար տեղ պատրաստեցիր, որպէսզի գաս մեզ ալ հոն տանիս, որպէսզի հո՛ն ուր որ դուն կը գտնուիս, մենք ալ քեզի հետ յաւիտեան հոն ըլլանք:
Սիրելի եւ պաշտելի Աստուած, սորվեցուր ինծի որ տեսնեմ անտեսանելին, որովհետեւ տեսանելի բաները ժամանակաւոր են, մինչ բոլոր աստուածային խորհուրդները յաւիտեան կը մնան: Ամէն» (էջ 155):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
22-23 յունիս 2025, Վաղարշապատ