ԸՆՏՐԵԼ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆ ԳԻՏԱԿՑԱԲԱ՞Ր

Այսօրուան աշխարհէն ներս, երբ շտապողականութիւնը, աշխատանքային կեանքի շիկացած արագութիւնը եւ ընկերային ցանցերու շարունակական հասանելիութեան պատճառով պարտադրուած նորաձեւ պայմանները երբեմն կը մոլորեցնեն մեր առօրեան, հետեւաբար որոշ մարդիկ գիտակցաբար կ՚ընտրեն առանձնութիւնը։ Սակայն, այս որոշումը աննշան չէ, այլ ունի իր խոր տրամաբանութիւնը։

Ժամանակակից մարդկային ինքնութեան մէջ առանձնութիւնը կը դառնայ աւելի տարածուն՝ որով անհատը կը փորձէ վերագտնել կամ խորացնել իր անձնական արժէքները։ Մարդ այդ ժամանակ կը հարցնէ, թէ «ո՞ւր եմ, ի՞նչ կը սիրեմ, ինչի՞ համար կ՚ապրիմ» եւ առանձնանալով կը ստանայ հանգիստ եւ պարզ պատասխաններ։ Այսպիսով գիտակցաբար ընտրուած առանձնութիւնը կը դառնայ ինքնաճանաչման կամուրջ՝ իսկ առանձին էակ մնալով՝ մարդը կը զարգացնէ իր ինքնավստահութիւնը, անկախութիւնը եւ մտաւոր կայունութիւնը։

Յատկապէս արուեստագէտներու համար առանձնութիւնը ո՛չ միայն յարմար պայման մըն է, այլ՝ անհրաժեշտութիւն։ Տեսական եւ գործնական հետազօտութիւնները կը հաստատեն, թէ առանձնութիւնը կրնայ ազդել ստեղծագործակայյօտեցումներու եւ նոր գաղափարներու յառաջացման վրայ։ Բաց աստի, առանձնութեան մէջ մտածումները ազատ են եւ անարգել՝ միեւնոյն ժամանակ պտտելով բանականօրէն եւ զգայական մակարդակներով։

Պարտադրեալ հանդիպումները եւ հասարակութեան հեւքին ենթակայ ըլլալը կրնայ առանձնութեան պատճառներէն մին դառնալ։ Գիտակցաբար առանձին մնալով՝ անհատը կը շարունակէ ապրիլ իր հոգեվիճակով, յարգելով իր ցած կամ բարձր զգացական վիճակները։ Սա տեսակ մը պահպանողական մեթոտ մըն է՝ որ կը պաշտպանէ հոգեկան առողջութիւնն ու կ՚ազատէ զանազան զգացական սպառումներէն։

Օրուան մը մէջ առանձին ըլլալը կը նշանակէ ունենալ լրացուցիչ պահ մը՝ սիրած գործեր ընելու, գիրքեր կարդալու կամ սորվելու համար։ Այսպիսով, գիտակցաբար առանձին դառնալը կը վերաբերի ինքնակառավարման ժամանակի լաւագոյն ընտրութեան տրամաբանութեամբ։ Աշխատանքային կեանքի անընդհատ կապուածութեան եւ միշտ զբաղուած ըլլալու հոգեբանական պահանջները կասեցնելով՝ անհատը առանձնանալով՝ յաջող կերպով կը տնօրինէ իր ժամանակը։

Աշխարհը կը պահանջէ արագ զարգացած ըլլալ, շփման պակաս չունենալ, միջազգայնանալ… Սակայն այս նոյն պահանջները երբեմն կը յառաջացնեն անբաւարարութեան զգացում։ Անհատի՝ առանձին մնալու որոշումով, կը ստեղծուի հիմնական հակաթոյն մը՝ զսպելու համար ընկերային կեանքի «արդիական» մոտելներու մէջ ֆիզիքապէս կամ հոգեպէս գոյատեւելու մոլուցքը։ Սա գիտակցուած ընդգծում մըն է «համտեսակցելի մարտահրաւէրներու» առջեւ բարի կամք ունեցող մարդու կարգավիճակը։

Մէկը երբ ընտրէ գիտակցաբար առանձին մնալ, կը սկսի ճանչնալ իր սահմանները։ Այս տեսանկիւնէն, առանձնութեան ընտրութիւնը՝ ի տարբերութիւն հոգեբանական առանձնութեան կամ պարտադրուած հաղորդակցութեան, սերտապէս կապուած է մարդու՝ ինքնազարգացման եւ ինքնագնահատման բարեփոխման հետ։ Սա նպատակաուղղեալ ներքին աշխատանք մըն է՝ առանց որեւէ կասկած թողելու իր տարածքի նկատմամբ։

Արդարեւ, գիտակցաբար առանձին մնացող մարդիկ, յետոյ, երբ միանալու կամ համայնք կազմակերպելու որոշում կը կայացնեն, իրենք զիրենք կը գտնեն աւելի քաջ՝ ոչ թէ դիմակայելու, այլ ընտրելու գործին մէջ։ Առանձին մնալը մարդու ոգին կը պատրաստէ, որպէսզի միանալու ժամանակ բացարձակ եւ հաստատուն ըլլան։ Այսպիսով, գիտակցաբար մեկուսացումը հասարակական վերադարձի նախապայման մըն է՝ բայց այլ որակով մը՝ հոգիով եւ միտքով լի։

Գիտակցաբար առանձին մնալը այսօրուան լոյսի ներքեւ դարձած է անհրաժեշտ ինքնապահպանման, ստեղծագործութեան, ինքնաճանաչման եւ ինքնակառավարման գործիք։ Սա ո՛չ թէ արհամարհական կամ անհնազանդ գործողութիւն մըն է, այլ միակողմանի, խորապէս գիտակցուած ճանապարհ մը, որ երբեմն կրնայ կանխատեսել հարցեր, սաստկացնել արժէքներ ու պատրաստել մեզ նոր տեսակի համբերութեան եւ կապի համար։

Առանձնութիւնը կամ մեկուսացումը միշտ չեն նշանակեր աննկատ կամ հոգեպէս աղքատ ըլլալ։ Սա կ՚ընդգծէ պատկառանք՝ սեփական ներքին աշխարհին, հպարտ վիճակ՝ ներքին ներդաշնակութեան եւ կայուն գիտակցութեան ճանապարհին։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025